Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՃՇՄԱՐԻՏ ԴԱՐՁԻ ԳԱԼԸ– ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ 2015REAL CONVERSION – 2015 EDITION Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Ճշմարիտ կ'ըսեմ՝ ձեզի, եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկինքի Թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մաթէոսի 18:3) |
Յիսուս պարզօրէն ըսաւ, «բացի դարձի գալէ ... դուք պիտի չկրնաք մտնել երկինքի թագաւորութիւնը.» Ուստի, Ան կատարելապէս յստակացուց, որ դուք պէտք է դարձի գաք: Ան ըսաւ. Եթէ դարձի չգաք, դուք «պիտի չկրնաք մտնել երկինքի թագաւորութիւնը.»
Այս առաւոտուն ձեզի պիտի պատմեմ թէ ի՞նչ պատահեցաւ անձի մը, որ իրապէս դարձի եկաւ: Նկատեցէք որ ըսի՝ «իրաւ» դարձի եկաւ: Մեկնելով «Մեղաւորի Աղօթքէն» եւ վճռողական (Decisionism) տարբեր ձեւերէն, միլիոնաւոր մարդիկ միայն սխալ ճամբով դարձի եկած են:
Հոյլ մը մարդիկ ունինք մեր եկեղեցւոյ մէջ, ներառեալ կինս, որոնք առաջին անգամ դարձի եկած էին լսելով յստակօրէն քարոզուած Աւետարանը: Բայց անոնք չափահասներ էին, որոնք լաւապէս կոփուած էին կեանքի պայմաններուն տակ, նախքան Աւետարանի մասին լսելը: Ոչ մէկը անոնցմէ երեխայ էր: Մեր, իրաւ դարձի եկողներէն շատեր փոքր տարիքի էին, երբ եկած էին Քրիստոսի, բազմաթիւ ամիսներ ետք (անգամ տարիներ ետք) քարոզուած Աւետարանը լսելէն ետք: Spurgeon ըսաւ. «կրնայ պատահիլ որ նման հաւատք ունենան առաջին իսկ առիթով, բայց սովորապար հաւատքի կը հասնինք հանգրուաններով» (C. H. Spurgeon, Around the Wicket Gate, Pilgrim Publications, 1992, page 57): Ստորեւ՝ «հանգրուանները՝» ուրկէ կանցնին շատեր:
I . Առաջին, եկեղեցի կուգաք դարձի գալէ տարբեր նպատակաւ
Մօտաւորապէս ամէն մարդ առաջին մի քանի անգամներ եկեղեցի կուգայ «սխալ» նպատակով, ինչպէս ես ըրի: Եկեղեցի եկայ պատանի հասակիս որովհետեւ մեր դրկից դրացին հրաւիրեց զիս, որ միասին Եկեղեցի երթանք: Ուստի սկսայ եկեղեցի երթալ 1954-ին, որովհետեւ միայնակ էի եւ մեր դրացիները ազնիւ էին հետս: Իսկապէս «ճիշդ» պատճառ մը չէ՞ր միթէ անիկա: Ես շարունակեցի երթալ: Առաջին քարոզի աւարտին, որ մտիկ ըրի՝ մկրտուեցայ առանց որեւէ մէկու մը հետ խորհրդակցելու, կամ ինծի հարց տրուելուն թէ ինչու՞ առաջ կ'երթամ: Այդ է պատճառը որ Մկրտչական (Baptist) դառնամ: Բայց դարձի եկած չէի: Եկած էի որովհետեւ մեր դերացիները ազնիւ էին հետս եւ ոչ թէ որովհտեւ կ'ուզէի փրկուիլ: Ուստի երկար, եօթը տարի, պայքարեցայ որպէսզի վերջապէս դարձի գամ 28 Սեպտեմբեր 1961-ին, երբ լսեցի Dr. Charles J. Woodbridge-ի քարոզը Biola College-ի (Biola University) մէջ: Այդ օրը վստահեցայ Յիսուսի, եւ Ան մաքրեց եւ փրկեց զիս մեղքէ:
Ի՞նչ կ'ըսէք դուք ձեր մասին: Արդեօ՞ք հկեղեցի եկաք որովհետեւ միայնակ էիք – կամ որովհետեւ ձեր ծնողները ձեզ եկեղեցի բերին իբրեւ երեխայ: Եթէ այստեղ կը գտնուիք սովորութեամբ, նման տղեկի մը, որ մեծցած է եկեղեցւով մէջ, այդ չի նշանակեր, որ դուք դարձի եկած եք: Կամ եկած եք ինչպէս ես ըրի, որովհետեւ միայնակ էիք եւ մէկը հրաւիրեց ձեզ, եւ մարդիկ ազնիւ էին ձեր ձեզի հանդէպ: Եթէ ըրիք՝ այդ չի նշանակեր, որ դուք դարձի եկած եք: Սխալ չի հասկնաք զիս: Ուրախ եմ որ եկած եք, ըլլայ սովորութեամբ նման եկեղեցւոյ տղեկին, կամ մենակութեան պատճառաաւ ինչպէս իմ պարագայիս երբ տանըերերք տարեկան էի: Անոնք հասկնալի պատճառներ են եկեղեցի գալու համար – բայց անոնք պիտի չի փրկեն ձեզ: Փրկուելու համար դուք պէտք է ճշմարտապէս դարձի գաք: Դուք պէտք է իրապէս ուզէք փրկուիլ Յիսուսով: Այդ է «ճշգրիտ» ճամբան – միակը, որ պիտի փրկէ ձեզ մեղքէ:
Վատ բան ըրած չէք հոս գալով, սովորաբար կամ մենակութեան պատճառաւ: Ճիշդ ձեւը չէ : Պէտք է ուզէք աւելին՝ դարձի գալու համար, ոչ այն պատճառաւ, որ եկեղեցի գալով աւելի լաւ կը զգաք դուք ձեզ:
II- Երկրորդ, Կ'սկսիք գիտնալ թէ Աստուած կայ
Դուք կրնաք ընդունիլ որ Աստուած գոյութիւն ունի, նախքան եկեղեցի գալերնիդ: Բայց շատեր աղօտ, անյստակ հաւատք ունին Աստուծոյ հանդէպ, առաջ որ տեսնեն Աւետարանը: Այս մէկը շատ հաւանաբար ձեր պարագան է նաեւ, եթէ մէկը ձեզ հոս բերաւ:
Եթէ դուք եկեղեցւոյ մէջ մեծցաք, դուք արդէն Սրբ. Գրային շատ գիտելիքներ ունիք: Դուք դիւրաւ կրնաք գտնել ճշգրիտ տեղը Աւետարանին մէջ: Դուք գիտէք փրկութեան ծրագիրը: Դուք գիտէք Աւետարանէն բազմաթիւ ոտանաւորներ (verses), եւ շարականներ (hymns): Բայց Աստուած տակաւին իրական եւ յստակ չէ ձեզի համար:
Ապա, դուք կամ նոր անձ մը, եւ կամ եկեղեցւոյ տղեկ մըն եք՝ նոր բան մը կ'սկսի պատահիլ: Կ'սկսիք պատկերացնել որ իրապէս Աստուած գոյութիւն ունի – ոչ խօսքով չէ: Աստուած կը դառնայ էապէս իրական անձ մը ձեզի համար:
Աղօտ, ոչ յստակ հաւատք մ'ունէի Աստուծոյ մասին փոքր երեխայ մ'ըլլալէս իվեր: Բայց չէի գիտեր Աւետարանի «Աստուծոյ մեծ եւ սարսափելի ըլլալը» (Nehemiah 1:5) մինչեւ 15 տարեկանս – երկու տարի ետք, մեր հարեւաններուն հետ այդ (Baptist) Մկրտչական եկեղեցին յաճախելէս յետոյ: Այդ օր մեծ մօրս թաղումէն ետք կը վազէի գերեզմանէն ներս դէպի ծառերը, հեւալէն եւ գրտնելէն գէտին իյնալով: Յանկարծ Աստուած վար իջաւ դէպի ի կողմս – եւ ես գիտցայ որ Ան իրական էր, ամենազօր էր, անգամ զարհուրելի, Իր սրբութեան մէջ: Բայց ես տակաւին դարձի չէի եկած:
Այսպիսի փորձառութիւն ունեցա՞ծ եք: Արդօ՞ք Աւետարանի Աստուածը իրական անձ մըն է ձեզի համար: Ասիկա խիստ կարեւոր է: Աւետարանը կ'ըսէ.
«Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է հաւատայ որ Աստուած կայ:» (Եբրայեցիս 11: 6)
Աստուծոյ հաւատալը կը պահանջէ որոշ չափով հաւատք – բայց անիկա փրկարար հաւատք չէ: Անիկա դարձի գալ չէ: Մայրս կ'ըսէր յաճախ. «ես միշտ հաւատացի Աստուծոյ»: Եւ մտքիս մէջ հարց չկար այդ կապակցութեամբ: Փոքր տարիքէն հաւատաց Աստուծոյ, բայց դարձի չեկաւ մինչեւ իր 80 տարեկանը: Կարեւոր էր որ ան հաւատաց Աստոծոյ, բայց այդկէ շատ աւելի բան մը պատահեցաւ անձի մը համար որ իրապէս դարձի գայ:
Ուստի, ես կ'ըսեմ, որ դուն հաւանաբար եկեղեցի եկար այս առաւոտ առանց գիտնալու Աստուծոյ իրողութիւնը: Ապա, թերեւս կամաց մը, թերեւս աւելի արաք, տեսաք թէ իրապէս Աստուած կայ: Ասիկա երկրորդ հանգրուանն է, անիկա դարձի գալ չէ տակաւին:
III. Կը պատկերացնէք դուք թէ անարգած եւ բարկացուցած եք զ'Աստուած ձեր մեղքով:
Աւետարանը կ'ըսէ, «մարմնով եղողները {անոնք որոնք դարձի եկած չեն} չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ» (Հռովմայեցիս 8:8): Արդարեւ դուք, իբրեւ դարձի չեկած անձ, կ'սկսիք մտածել որ ոչիչ կ'ընէք կարենալ հաճելի ըլլալու համար Աստուծոյ: Գործնապէս, կ'սկսիք պատկերացնել որ դուք մեղաւոր մըն եք: Ամէն օր «սրտովնիդ ձեր անձին վրայ անզեղջ բարկութիւն կը դիզէք» (Հռովմայեցիս 2:5): Աւետարանը կ'ըսէ.
«Աստուած մեղաւորէն ամէն օր բարկացած է» (Սաղմոսած 7:11):
Յայտնաբերելէ ետք որ իրապաէս Աստուած մը կայ, կ'սկիք պատկերացնել որ վիրաւորած եք զ'Աստուած ձեր մեղքերով: Դուք նաեւ վիրաւորած եք զ'Աստուած Զինք չի սիրովելով: Ձեր գործած մեղքերը Աստուծոյ եւ Իր պատուիրաններուն դէմ էին: Ապա շատ յստակ պիտի ըլլար ձեզի համար, որ ասիկա ճշմարտութիւն է: Ձեր սիրոյն պակասութիւնը Աստուծոյ հանդէպ՝ ձեր կողմէ պիտի նկատուի մեծ մեղք մը այդ պահուն: Բայց այդկէ աւելին՝ դուք կ'սկսիք տեսնել որ դուք մեղաւոր եք, ոչ մէկ լաւութիւն ունիք մէջերնիդ, ձեր սիրտը շատ մեղաւոր է:
Այս հանգրուանը մաքրակրօնականներու կողմէ (Puritans) յաճախ կոչուած է «արթնութեան հանգրուան»: Բայց արթնութիւն պիտի չ'ըլլայ առանց մեղքի գիտակցութեան եւ խորունկ ինքնաքննադատութեան: Դուք պիտի զգաք այն ինչ որ պատահեցաւ John Newton-ին, երբ գրեց.
Ով Տէր, որքան վատն եմ, անսուրբ եւ անմաքու'ր: Ի՞նչպէս կրնամ հանդգնիլ խիզախել գիշերը այսքան մեղքով
Այս ապականած սիրտով ապրիլ տեղ մը, ուր ամէն տեղ, Աւա~ղ սատանաներ կը տեսնեմ:
(“O Lord, How Vile Am I,” John Newton, 1725-1807)
Պիտի սկսիք մտածել խորապէս, ապա, մտածել ներքնապէս ձեր մեղաւոր մտքին եւ սրտին մասին: Պիտի մտածեք, «իմ սիրտս մեծապէս մեղաւոր է, եւ շատ հեռու՝ Աստուծմէ»: Այս մտածումը պիտի անհանգստացնէ ձեզ, պիտի դժգոհիք եւ խանգարուիք սեփական մեղաւոր մտածումներով եւ Աստուծոյ հանդէպ ձեր սիրոյն պակասէն: Աստուծոյ հանդէպ ձեր պաղ վերաբերմունքը պիտի խռովէ ձեզ այս հանգրուանին:
Դուք պիտի սկսիք նկատել, որ ձեզի պէս մեղաւոր սիրտով անձ մը յոյս չ'ունի: Դուք պիտի տեսնեք որ անհրաժեշտ եւ ճիշդ է Աստուծոյ համար ձեզ դժողք ղրկել – որովհետեւ արժանի եք անոր: Այս կը մտածեք երբ իրապէս անթնցած եք եւ կը տեսնեք որ դուք վիրաւորած եք զ'Աստուած Եւ բարկացուցած եք Զինք ձեր մեղքերով: Այս արթնութեան հանգրուանը կարեւոր հանգրուան մըն է, բայց տակաւին դարձի գալ չէ: Դարձի գալը աւելի դժուար է քան մեղքի դատապարտումը:
Դուք շուտով պիտի տեսնեք որ դուք անհաճոյ թուացած եք Աստոծոյ, կամ նման արթնութիւն մը, որ կրնայ մեծնալ այն հասկացողութեամբ, որ Աստուած վիրաւորուած է եւ Ան չի համակրիր ձեզի: Միայն, երբ դուք ամբողջապէս արթնցած եք գիտնալով որ գործնապէս մեղաւոր եք, անսուրբ եք եւ պատրաստ եք դարձի գալու չորորդ եւ հինգերորդ «հանգրուաններուն»:
Charles Spurgeon գիտակցեցաւ իր մեղաւորութեան երբ 15 տարեկան էր: Իր հայրն ու մեծ հայրը, երկուքն ալ քարոզիչներ էին: Անոնք ապրեցան այն օրերուն երբ արդի «վճռականութիւնը» -(Decisionism) տակաւին չէր իրականացուցած դարձի գալը որ կը մնար մթագնաց եւ անորոշ: Ուստի, իր հայրը եւ մեծ հայրը «չի ճնշեցին» վրան որ «մակերեսային որոշում առնէ Յիսուսի համար»: Փոխարէն, անոնք սպասեցին որ Աստուած Ինք գործէ դարձի բերելու համար: Կը մտածեմ, որ ճիշդ են ըրած:
Երբ 15 տարեկան եղաւ, վերջապէս Spurgeon խորապէս համոզուեցաւ, որ մեղաւոր է: Spurgeon բացատրեց իր արթնութիւնը մեղաւորութենէն, հետեւեալ բառերով:
Մէկ անգամէն, Մովսէսին հանդիպեցայ, որ ձեռքին ունէր Աստուծոյ օրէնքը, եւ երբ ինծի նայեցաւ, կարծես զիս փնտռեց իր կրակէ աչքերով: Ան {ըսաւ ինծի կարդալ} -Աստուծոյ տասը պատուիրանները- եւ ես կարդացի լրիւ, կարծես Աստուած կամբաստանէր եւ կը դատապարտէր զիս:
Ան այդ փորձառութեան մէջ զգաց, որ ինք Աստուծոյ աչքով մեղաւոր մըն էր եւ զինք չէին կրնար փրկել ոչ «կրօնքը» եւ կամ «բարութիւնը»: Երիտասարդ Spurgeon բոլորեց խորը վշտալի շրջան մը: Ան բազմաթիւ միջոցներով փորձեց իր ուժերով հաշտուիլ Աստուծոյ հետ, բայց Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն կնքելու իր բոլոր փորձերը ձախողեցան: Ասիկա մեզ կ'աառաջնորդէ դարձի գալու հանգրուան չորսին:
IV . Չորորդ, կը փորձէք փրկութիւնը գտնել, կամ սորվիլ՝ թէ ի՞նչպէս կրնաք փրկուիլ:
Արթնցող անձ մը ինքզինք մեղաւոր պիտի զգայ, բայց տակաւին դարձած չէ Յիսուսի: Եսայի մարգարէն նկարագրեց մարդիկ, որոնք կը գտնուէին այս կացութեան մէջ երբ ըսաւ. «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ» (Եսայի 53:3) Մենք Ադամին կը նմանինք, որ գիտցաւ որ մեղաւոր է, պահուետեցաւ Փրկիչէն, եւ թզենիի տերեւներ կտրելով փորձեց անոնցմով իր մեղքը ծածկել (Genesis 3:7,8):
Ադամի նման, արթնցող մեղքը կը փորձէ բաներ մ'ընել փրկելու համար ինքզինք մեղքէն: Ան կը փորձէ «սորվիլ» ի՞նչպէս փրկուիլ: Բայց ան կը գտնէ թէ «սորվիլը» իրեն լաւ չի գար, որ ինք «միշտ սորվելով, ճշմարտութեան գիտութեան երբէք չէր հասներ»(II Timothy 3:7): Կամ ինք կրնար «զգայնութեան» մէջ ըլլալ, փոխանակ Ինքնին Յիսուսին նայելու: Կարգ մը մարդիկ կան, որոնք «զգացական» են, կը փնտռեն ամիսներ: Որեւէ մէկը չէ փրկուած «զգացականութեամբ»: Spurgeon արթնցաւ իր մեղքին վրայ: Բայց չի հաւատաց որ ինք կրնար փրկուիլ միայն Քրիստոսին վստահելով: Ըսաւ ան.
Նախքան Քրիստոսին գալս, ըսի ես ինծի, «Վստահ՝ այդ չի կրնար ըլլալ», եթէ կը հաւատամ Քրիստոսին, ճիշտ ինչպէս ես եմ, պիտի փրկուի՞մ: Պէտք է բան մը զգամ: Պէտք է բան մը ընեմ» (ibid)
Եւ ասիկա ձեզ կ'առաջնորդէ հանգրուան հինգին:
V . Հինգ, վերջապէս կուգաք Յիսուսին, եւ կը վստահիք Իրեն, առանձին:
Երիտասարդ Spurgeon լսեց քարոզիչ մը, որ ըսաւ. «Նայեցէք Քրիստոսին...պէտք չի կայ դուք ձեզի նայելու... Նայեցէք Քրիստոսին»: Իր ամբողջ պայքարէն եւ ներքին ալեկոծումէն եւ ցաւէն ետք – Spurgeon վերջապէս նայեցաւ Յիսուսին եւ վստահեցաւ Անոր: Spurgeon ըսաւ. «Փրկուած էի {Յիսուսին}» արիւնո'վ: Դէպի տուն ամբողջ ճամբու երկայնքին պարեցի»:
Ամբողջ այդ պայքարէն եւ կասկածէն ետք, ան դադրեցաւ նայելէ զգացականութեան, կամ որեւէ մէկ բանի իրմէ ներս: Ան պարզապէս վստահեցաւ Յիսուսին – եւ Յիսուս փրկեց զինք շուտով: Այդ պահուն ան մաքրուեցաւ մեղքէն Յիսուս Քրիստոսի Արիւնո'վ: Պարզ է, եւ տակաւին շատ խորունկ փորձառութիւն մըն է, որ մարդ արարծը կրնայ ունենալ: ասիկա, բարեկամս, ճշմարիտ դարձի գալ է: Աւետարանը կ'ըսէ. «Հաւատացէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի, եւ դուք պիտի փրկուիք» (Առակած 16:31)
Այն պահուն երբ մեղաւորը կը հաւատայ,
Եւ կը վստահի իր խաչեալ Աստուծոյն,
Ան ներումը շուտով կ'ստանայ,
Լման փրկագինը` անոր Արեան միջոցաւ:
(“The Moment a Sinner Believes” Joseph Hart, 1712-1768)
Եզրակացութիւն
Յիսուս ըսաւ.
«Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք»: (Մաթէոսի 18:3)
Ինչպէս Pilgrim’s Progress-ը, «Քրիստոսի կապակցութեամբ մակերեսային որոշում մի առնէք»: Ոչ՝ ոչ՝: Վստահ եղէք որ ձեր դարձի գալը ճշմարիտ է, որովհետեւ եթէ իրապէս դարձի եկած չէք, «դուք պիտի չմտնէք երկինքի արքայութեան մէջ » (Մաթէոսի 18:3)
Իրապէս դարձի գալու համար
1. Պիտի գաք այն տեղը ուր իրապէս կը հաւատան, թէ Աստուած մը կայ – ճշմարիտ Աստուած մը, որ մեղաւորնները կը դատապարտէ դժողքի, եւ փրկուածները երկինք կը տանի երբ մեռնին:
2. Պէտք է գիտնաք, խորքին մէջ, մեղաւոր մըն եք, որ խորապէս վիրաւորած եք զ'Աստուած: Կրնաք այսպէս շարունակել երկար ժամանակ (կամ՝ կրնայ աւելի կարճ տեւել ոմանց համար ): Dr. Cagan, մեր գործակիցը, կ'ըսէ. «Ես անքուն գիշերներ վատնեցի ամիսներ, որ Աստուած իրականութիւն դառնայ ինծի համար:Կրնամ նկարագրել իմ կեաքիս այս ժամանակահատուածը, որ մտային տանջանք դարձաւ»: (C. L. Cagan, Ph.D., From Darwin to Design, Whitaker House, 2006, p. 41).
3. Դուք պէտք գիտնաք, որ որեւէ լաւ բան որ կ'ընէք չի կրնար հաշտեցնել ձեզ վիրաւորուած եւ բարկացած Աստուծոյ հետ: Ոչինչ կ'ըսէք, կամ կը սորվիք, կամ կ'ընէք , կամ կը զգաք՝ ամենեւին չեն կրնան օգնել ձեզի: Ասիկա յստակ պէտք ըլլայ ձեր մտքին եւ սրտին մէջ:
4. Դուք պէտք է գաք Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Զաւկին, եւ մաքրուիք ձեր մեղքերէն Անոր Արեամբ: Dr. Cagan կ'ըսէ, «կրնամ յիշել, քանի մը վայրկեանի մէջ, երբ վստահեցայ [Յիսուս]... վերջնականապէս ինծի թուեցաւ թէ դէմ հանդիման կուգայի [Յիսուսի հետ]...» ես, վերջնականապէս կը գտնուէի Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան եւ Ան վերջնականապէս տրամադրելի էր ինծի: Տարիներ փախուստ տուի Իրմէ, մինչդեռ Ան հոն էր միշդ ինծի համար, սիրով ինծի հրամցնելու համար փրկութիւնս: Բայց այդ գիշեր հասկցայ թէ ժամանակը եկած էր վստահելու Իրեն: Գիտցայ, թէ պէտք էր կամ Իրեն Գայի կամ՝ հեռանայի: Այդ պահուն, քանի մը երկվայրկեանի մէջ, Յիսուսին եկայ: Ալ, անձնապէս հաւատալու կարիքը չունէի: Վստահեցայ Յիսուս Քրիստոսի: Հաւատացի Անոր: Այնքան որ պարզ էր... Միշտ փախուստ տուած էի ամբողջ կեանքիս մէջ, բայց այդ գիշեր ես իմ շուրջս դարձայ ու ողղակի եւ անմիջապէս եկայ Յիսուս Քրիստոսի” (C. L. Cagan, ibid. p. 19). Ասիկա ճշմարիտ դարձի գալ էր: Այդ փորձառութիւնը պէտք է ունենաք , դարձի գալու համար Յիսուս Քրիստոսի: Եկէք Յիսուսի եւ վստահեցէ'ք Իրեն: Ան արցունք թափեց Խաչին վրայ: Ամէն:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Քարոզէն առաջ պիտի աղօթէ Mr. Abel Prudhomme:
Պիտի Մեներգէ՝ Benjamin Kincaid Griffith: “Amazing Grace”
(John Newton, 1725-1807):
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԴԱՐՁԻ ԳԱԼԸ– ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ 2015 REAL CONVERSION – 2015 EDITION Dr. R. L. Hymers, Jr. «Ճշմարիտ կ'ըսեմ՝ ձեզի, եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկինքի Թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մաթէոսի 18:3) I . Առաջին, եկեղեցի կուգաք դարձի գալէ տարբեր նպատակաւ: II. Երկրորդ, Կ'սկսիք գիտնալ թէ Աստուած կայ, Նեեմի 1:5,
III. Կը պատկերացնէք թէ անարգած եւ բարկացուցած եք զ'Աստուած ձեր մեղքով, Հռովմայեցիս 8:8; Հռովմայեցիս 2:5; Սաղմոսած 7:11: IV. Չորորդ, կը փորձէք փրկութիւն գտնել, կամ սորվիլ թէ ի՞նչպէս կրնաք փրկուիլ: Եսայի 53:3, Ծննդոց 3:7, 8; Պողոս առաքյալի երկրորդ թուղթը Տիմոթեոսին: V. Հինգերորդ, վերջապէս կուգաք Յիսուսին, եւ կը վստահիք Իրեն, առանձին: Առակած 16:31: |