Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԳՈՀԱՑՈՒՑ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՑ(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 13 ԵՍԱՅԻ 53) Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսաի 53:11) |
Այս յօդուածը այնքան հարուստ է իմաստով, ուր իւրաքանչիւր բառ արժանի է մեր ուշադրութեան: Արդարեւ պիտի չհեռանամ յօդուածէն եւ շատ մեկնութիւններ պիտի չկատարեմ: Բաւարար է ներկայ մէկ քարոզի մէջ գտնուող հրաշալի ճշմարտութիւնները, որոնք կը տրուին պարզ, իմաստալից բառերով: Այս երեկոյ մեր եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր այցելու կրնայ տուն երթալ բաւարարուած, հասկցած ըլլալով յօդուածի մէն մի բառի իմաստը: .
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ: Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսայի 53:11)
:Տայ Աստուած որ բացուի ձեր սիրտը հասկնալու այդ համարի ճշմարտութիւնը: Կ'ուզենք խօսիլ ձեզի մեր քարոզի այս համարի մասին, «Խոնարհեցէք, եւ եկէք ինծի: Մտիկ ըրէք եւ ձեր հոգին պիտի ապրի»:
Այս համարը կը խօսի երեք բաներու մասին: Առաջին՝ Քրիստոս կը գոհացնէ Աստուծոյ արդարութիւնը: Երկրորդ՝ Քրիստոսի գիտութիւնը կ'արդարացնէ շատեր: Երրորդ՝ մեղքը կրելով Քրիստոս ամբողջապէս քաւութիւն կը բերէ մեղքին հաւատացողներուն
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ: Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսայի 53:11)
I - Առաջին՝ Քրիստոս կը գիհացնէ Աստուծոյ Արդարութիւնը:
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ»: (Եսայի 53:11)
Dr. Jurgen Moltmann (1926-) գերմանացի մըն է, որ իբրեւ ռազմական գերի բանտարկուած էր Անգլիական բանտի մը մէջ, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն երեք տարի ետք: Բանտարկութեան շրջանին սկսաւ սերտել Աւետարանը: Անկախաբար իր բանտարկեալի վիճակէն եւ Աւետարանի ընթերցումէն, Գրեց History and the Triune God: Contributions to Trinitarian Theology (Crossroad, 1992). Dr. Moltmann ազատական աստուածաբան մըն է, եւ ես վստահ՝ իրեն չեմ վերագրեր շատ մը բաներ որ գրած է: Տակաւին, ան որոշ հմտութիւններ ունի: Օրինակ, Moltmann՝ Խաչը կը տեսնէ որպէս եղելութիւն, ուր Աստուած կը յայտնէ Իր միասնութիւնը «Աստուծոյ-երեսէ ինկած» (Godforsaken) մարդկային ցեղին հետ: Աստուած Իր սէրը կը յայտնէ Խաչի վրայ գտնուող մեղաւորներուն հանդէպ,եւ Աստուծոյ Որդին, որ կ'ապրի Իր Հօրմէն բաժանուելուն տառապանքը, առիթ տալով Աստուծոյ, հասկնալու իր «ներքին» ցաւը եւ տառապանքը: Moltmann ճիշդ չմբռնեց շատ մը բաներ այդ կապակցութեամբ, բայց ան ամոքեց մարդոց տառապանքը Երրորդութեան խաչելութեան
.«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ, Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսայի 53:11)
Ատիկա, կը մտածեմ, կարեւոր կէտ մըն է: Ըստ իմ հայեցողութեան, ատիկա կարեւոր բան մըն է, որ արժէ մտածել խաչուող Երրորդութեան Անձերուն մասին: «Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ» (Եսայի 53:11)
Spurgeon ըսաւ,
Այս բառերը ցոյց կու տան, որ Հար Աստուած անդրադառնալով իր Զաւկին մասին, եւ տեսնելով որ ան տոկաց հոկեկան տառապանքին, ապահոված եղաւ անոր վարձատրութիւնը բաւարարուածութեամբ: Ինչ բերկրութիւն է տեսնել այլազան մարդոց գործակցութիւնը նուիրական Երրորդութեան փրկութեան ճանապարհի'ն: (C. H. Spurgeon, The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1980 reprint, volume 61, p. 301).
«Ան,» Հայր Աստուածն է. «Իր հոգւոյն աշխատութիւնը աշխատութիւնն է Իր Զաւկին հոգւոյն որով պիտի գոհանայ:« այնպէս ինչպէս Spurgeon գրեց. «Այս բառերու մէջ մեր Հայր Աստուածը կ'ըսէ Իր Զաւկին վերաբերեալ.»
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ» (Եսայի 53:11)
Իր հոգւոյն աշխատութիւնը կը վերաբերի Քրիստոսի ներքին ցաւին եւ տագնապին, որ կրեց իր տառապանքին ընթացքին, մեր մեղքերուն համար: Մենք պէտք չէ ռր թերգնահատենք Քրիստոսի ֆիզիքական տառապանքը: Մենք պէտք չէ բնաւ թեթեւ մտածենք Քրիստոսը կիսամեռ վիճակի մատնող քանակոծումներու մասին Pontius Pilate-ի (Պիղատոսի) ներկայութեան: Մենք երբէք պէտք չէ թերգնահատենք կարեւորութիւնը Քրիստոսի վրայ թքնելնին ու փուշերով թագադրելnին: Մենք պէտք չէ անշուշտ մեղմացնենք կարեւորութիւնը ձեռքերուն եւ ոտքերուն գամերով ծակելնուն, եւ ցաւին ու ծառաւութեան փորձառութեան Խաչի վրայ՝ մեզի համար: «Տակաւին,» ըսաւ Spurgeon, «իր հոգւոյն աշխատութիւնը գլխաւոր հարցն էր, եւ այդ մասին է, որ կ'ըսէ յօդուածը թէ Յիսուս Քրիստոս տառապեցաւ այնքան (շատ) որ ես յուսահատեցայ իր տառապանքները կարենալ ըմբռնելէ, կամ զանոնք ձեզի փոխանձելէ որեւէ ձեւի բառերով»: (Spurgeon, ibid, p. 302-303): Ըսուած է թէ Քրիստոսի «մարմնական-տառապանքները իր հոգեկան ցաւերն են»: ” (ibid., p. 302), Իր սրտին ցաւերը, գլխաւոր ցաւը գլխաւոր մասն է Իր հոգեվարքին:
«Աշխատութիւն» բառը ցոյց կու տայ տխրութիւն, տառապանք եւ վիշտ, զորս Քրիստոս ունեցաւ «իր հոգւոյն մէջ» երբ մարդու մեղքի ծանրութիւնը եւ Հայր Աստուծոյ դատողութիւնը Իր վրայ իջան: Այս էր որ Քրիստոս յստակօրէն ունեցաւ Կետսեմանի Պարտէզին մէջ, նախքան Իր ձեռբակալուլութիւնը, նախքան Իր մտրակումը, նախքան Իր խաչելութիւնը: Եւ նաեւ, ան կը ներառէր հոգեկան վիշտը եւ ցաւը որ զգաց Խաչին վրայ: Ինչպէս Dr. Gill ըսաւ.
Իր հոգւոյն յոգնութիւնը եւ աշխատնաքը, զորս կրեց համբերութեամբ՝ տարաւ իր ժողովուրդին փրկութեան համար: Իր հնազանդութիւնը եւ մահը, իր տխրութիւնն ու տառապանքները, ինչպէս ծննդական-երկունք՝ երկնային զայրոյթի արդիւնք էին, ակնարկելով կանացի (Երկունքի ցաւերուն), եւ բոլոր հոգէվանքներուն ու մահուան ցաւերուն, որոնց մէջէն անցաւ Ան: (John Gill, D.D., An Exposition of the Old Testament The Baptist Standard Bearer, 1989 reprint, volume 5, p. 315)
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ» (Եսայի 53:11)
«Եւ պիտի գոհանայ» խօսելով Աստուծոյ զայրոյթի քաւութեան մասին: Հայր Աստուածը «գոհացած է,» կամ, կրնանք ըսել, փրկուած է,
«Վասնզի Աստուած զանիկա, որ մեղք չէր գիտեր մեզի համար մեղաւոր սեպեց» (Բ Կորնթացւոց 5:21):
«Եւ անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է» (Ա Յովհաննու 2:2)
«Զոր առաջուընէ սահմանեց քաւութիւն ըլլալու» (Հռոմայեցիս 3:25)
Dr. John MacArthur սրբագրելով Քրիստոսի Արեան մասին սխալը ճշգրտօրէն ըսաւ.
(Քաւութիւն) բառը կը նշանակէ «մեղմացում» կամ «գոհացում:» Քրիստոսի զոհաբերումը խաչի վրայ գոհացուց Աստուծոյ սրբութեան պայմանները, մեղքի պատիժի կապակցութեամբ... Արդարեւ Քրիստոս քաւեց կամ գոհացուց: Աստուածոյ: (John MacArthur, D.D., The MacArthur Study Bible, Word Publishing, 1997, note on I John 2:2).
Զարմանալի կը թուի ինծի, որ ան կը սխալի Արեան եւ քաւութեան մասին: Ասով մենք կը տեսնենք քաւութիւնը, բաւարարուածութիւնը Մեղքի դէմ՝ Աստուծոյ զարոյթին, զոր կրեց Քրիստոս Իր հոգէվարքին մէջ: Քրիստոսի տառապանքը «յագեցուց Աստուծոյ արդարադարութիւնը, քաւեց, մեղմացուց Անոր զայրոյթը մեղքի դէմ:»
«Վասնզի Աստուած զանիկա, որ մեղք չէր գիտեր մեզի համար մեղաւոր սեպեց» (Բ Կորնթացւոց 5:21):
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ (Եսայի 53:11)
Քրիստոսի տառապանքը յագեցուց Աստուծոյ արդարադատութիւնը, կարելի դարձնելով մեր փրկութիւնը:
II. Երկրորդ, Քրիստոսի գիտութիւնը շատեր գոհացուց:
Ոտքի ելլենք եւ բարձրաձայն կարդանք յօդուածը, որ կ'աւարտի հետեւեալ բառերով. «արդարացուց շատերը».
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ: Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսաի 53:11)
Կրնաք նստիլ:
Եսայի մարգարէ Քրիստոսը կը սահմանէ իբրեւ Աստուծոյ ծառան, Եսայի 52:13-ի մէջ: Եւ այստեղ, մեր յօդուածին մէջ, Քրիստոս կոչուած է ըլլալ «արդար ծառան»: Քրիստոս արդար է որովհետեւ «մեղքը չճանչցաւ» (Բ Կորնթացիս 5:21): Ան անմեղանջ Զաւակն է Աստուծոյ, «արդար ծառան» Հայր Աստուծոյ:
Քրիստոս «շատեր պիտի արդարացնէ» (v. 11). Այստեղ է Աւետարանի սիրտը: Մենք պիտի չ'արդարացնենք մենք զմեզ հնազանդեցած սեպելով Աստուծոյ օրէնքներուն,
«Վասն զի անոր առջեւ մարմին մը պիտի չ'արդարանայ օրէնքի կիրարկումով»: (Հռովմայեցիս 3:20)
Մենք չենք կրնար արդարանալ որովհետեւ բնութեամբ մենք մեղաւորներ ենք: Մենք հաշուի կ'առնուինք միայն Քրիստոսի մեղադրանքի արդարադատութեամբ: «մեղադրանքը» (imputation) օրինական եզր մըն է: Օրինական գէտնի վրայ մենք կրնանք արդարանալ Քրիստոսի արդարադատական մեղադրանքովը, հանդէպ մեզի: Աստուծոյ «արդար ծառան պիտի արդարացնէ շատեր» (Եսայի 53:11)
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ: Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսաի 53:11)
John Trapp կը յիշեցնէ մեզ, որ Cardinal Contarenus գլխատուած էր Pighius-ի, կաթողիկէ այլ կարտինալի մը կողմէ: Որովհետեւ Contarenus բառացիօրէն հաւատած էր այս համարին (verse): Ան կոչուած էր “Protestant” (Բողոքական) եւ գլխատուած էր իր հաւատքին համար: Այդ «մարդուն արդարացումը պիտի գար Աստուծոյ եւ Քրիստոսի քաւութեամբ»: (John Trapp, A Commentary on the Old and New Testaments, 1997 reprint, volume III, pp. 410-411, note on Isaiah 53:11). Բայց Cardinal Contarenus արդա'ր էր: Իսկ մնացեալ կարտինալները կը սխալէի'ն:
«Իմ արդար ծառաս [պիտի] իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ»: Արդեօ՞ք պիտի արժեր մեռնիլ այդ բառերուն համար: Աշուշտ՝ այո: Անիկա դժուարագոյն մասն էր Baptist and Protestant (Պապթիստ եւ Բողոքական) հաւատամքին մէջ: Մենք պիտի չ'արդարացնենք մենք զմեզ, ինչպէս Finney-ի որոշող հետեւորդները եւ կաթողիկէները կ'ուսուցանե'ն: Օ~հ, ոչ:
«Մարդ օրէնքին գործերէն չկրնար արդարանալ, Հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն» (Գաղատացիս 2:16).
«Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ մեզ Քրիստոսի բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք» (Գաղատացիս 3:24).
Բայց ի՞նչպէս անիկա պատահեցաւ: Ինչպէ՞ս Քրիստոս «արդարացուց շատեր:
Սրդեօ՞ք արդարացուց զանոնք, որոնք իրենց աշխատաքով որոշ մեղքերէ հեռացան: Ո'չ: Անիկա կաթողիկէ (Catholicism) եւ վճռողական (decisionism) տեսութիւն է: Արդեօ՞ք Ան կ'արդարացնէ զանոնք «մեղանջողի աղօթքով» կամ քարոզի աւարտին՝ «առաջեւ քալով»: Ո'չ: Անիկա կաթողիկէ (Catholicism) եւ վճռողական (decisionism) տեսութիւն է: Արդեօ՞ք Ան կ'արդարացնէ զանոնք որովհետեւ անոնք սերտած են «փրկութեան ծրագիրը» եւ գոց սորված են Յոհհաննու 3:16-ը, եւ արտասանած են «մեղանջողի աղօթքը»: Ո'չ: Անիկա նոյնպէս կաթոլիկէ (Catholicism) եւ վճռողական (decisionism) է:
Արդարեւ, ի՞նչպէս կրնաս արդարանալ: Ի՞նչպէս կրնաս մաքրուիլ եւ իրաւունք ունենալ Աստուծոյ առջեւ: Ատիկա յաւերժական կարեւոր հարցադրումն է՝Bildad-ի Աշխատանքի Գրքին մէջ: Ըսաւ ան.
«Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ, ու կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ» (Յոբա 25:4).
Պատասխանը կուգայ հնչել մեր յօդուածի բառերուն մէջէն.
«Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսաի 53:11)
Կամ, ինչպէս Spurgeon թսրգմանեց զանիկա, (translated), անոր գիտութիւնը իմ հաւատարիմ ծառաս պիտի արդարացնէ շատեր» (C. H. Spurgeon, The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1980 reprint, volume 63, p. 117). Եւ ուստի Spurgeon ըսաւ,
Քրիստոսի տառապանքի արդիւնքը կը տեսնուի ճանաչումով ու հաւտքով – ոչ թէ գործելով... «օրէնքի գործածութիւնները պիտի չ'արդարացնեն «Օրէնքով մեղքի գիտութիւնը»: «Շնրհքը եւ խաղաղութիւնը կու գան Յիսուս Քրիստոսէն» եւ մեզի կը հասնին հաւատքի եւ ճանաչումի ճամբով: Օրէնքով Իրեն հաւատալը եւ Զինք ճանչնալը մեղքը ճանչնալ է»: «Իրմէ տրուած “Շնորհքով եւ խաղաղութիւնով մենք կ'արդարանք:
«Իսկ ան որ չգործեր , բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ'արդարացնէ , անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի » (Հռովմայեցիս 4:5).
«Հաւատա Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրտուիս» (Առաքելոց 16:31).
«Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսայի 53:11)
Քրիստոսի տառապանքը կը գոհացնէ Աստուծոյ արդարադատութիւնը Գիտնալով, որ Քրիստոս Ի'նք արդարութիւն կը բերէ շատերուն, եւ-
III. Երրորդ, Քրիստոսի մեղքի-կրումը լրիւ կը քաւէ մեղանչողնուն մեղքերը
Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ բարձրաձայն յօդուածը կարդալ վերստին, ուշադրութիւն դարձնելով վերջնդեր վեց բառերուն վրայ:
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ. Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, քանզի անոնց անօրինութիւնները ինք պիտի կրէ»: (Եսայի 53:11).
Կրնաք նստիլ:
«Քրիստոս պիտի արդարացնէ շատեր որ կրէ անոնց մեղքերը», Ան պիտի կրէ մեղքերը: Մեր ամբողջ գէտնի արդարացման, մեր քաւութեան եւ փրկութեան ամբողջ կառոյցը , կը յայտնուի հետեւեալ բառերուն մէջ. «Ան պիտի կրէ անոնց մեղքերը:», Եսայի 53:5-ը կ'ըսէ.
«Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ, մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ, եւ Անոր վէրքերովը մենք բռշկուեցանք:» “ (Եսայի 53:5).
Եսայի 53-6ը կ'ըսէ.
«Եւ Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ» (Եսայի 53:6).
Եսայի 53:8-ը կ'ըսէ,
«Իմ ժողովուրդիս մեղանչումին համար քանակոծուեցաւ» (Եսայի 53:8)
Պետրոս 2:24ը կ'ըսէ.
«Մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, (Պետրոս 2:24)
Ինպէս Spurgeon թարգմանեց մեր յօդուածը, ... « Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ»
Այդտեղ կը գտնէք Քրիստոսի Աւետարանի առաջին կէտը – մաքուր եւ հասկնալի: Քրիստոսի տառապանքը գոհացուց Աստուծոյ արդարադատութիւնը: Գիտնալով որ Քրիստոս Անձնապէս Ի'նք կը բերէ արդարութիւնը: Մեղքի – կրումը Քրիստոսի՝ կը բերէ ամբողջական փրկութիւն այն մեղապարտներուն, որոնք ծանօթ են Քրիստոսի՝ հաւատքով: Ապշեցուցի'չ Աւետարան: Ապշեցուցի'չ փրկութիւն: Նման բան երբէք պատահած չէ նախապէս եւ անկէ ետք, ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
«Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ. Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, քանզի անոնց անօրինութիւնները ինք պիտի կրէ»: (Եսայի 53:11).
Նախորդ գիշեր Wesley-ն եւ ես կը կարդայինք դերասան John Carradine-ի մասին, համակարգիչի վրայ: Ան տեսնուած է աւելի քան 300 շարժապատկերներու մէջ, աւելի քան որեւէ այլ դերասանէ: Երբ մեռաւ ան Միլանոյի մէջ, Իտալիա, իր մարմինը դրուեցաւ դագաղի մը մէջ, զոր փոխադրեցին իր զաւակներէն մէկուն տունը: Իր զաւակը ծայրայեղ խմող եղած է: Ան կը բանայ դագաղը եւ իր մեռած հօրը բերնին մէջ խմիչք կը լեցնէ:
Հիմա, հարց կու տամ ձեզի, Մեռած մարդը կրնա՞ր առնել խմիջքին համը: Անշուշտ ո'չ: Եւ երբ ես կը խօսիմ ձեզի հրաշալի բաներու մասին, որ Քրիստոս կատարեց փրկելու համար մեզ, դուք համը չէք առներ: Ինչու՞: Որովհետեւ դուք հոգեւորապէս մեռած եք: Ինչպէս Աւետարանը կ'ըսէ, դուք «մեռած եք մեղքքերու 2-5) մէջ» (Եփրայեցի 2-5): Ատիկա շատ բնական է մեղքի համար: Դուք մեռած եք Քրիստոսի բաներու համար: Դուք չէք կրնար համտեսել Քրիստոսի բաները: Դուք չէք կրնար զգալ զանոնք: Ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ բաներուն՝ դուք մեռած եք ինչպէս John Carradine-ի մարմինը, այդ դագաղին մէջ: Քրիստոս կեանք պիտի տայ ձեզի, կամ պիտի կորսուի'ք յաւիտեանս յաւիտենից: Դուք պէտք է աղաղակէք, «Ինչ թշուառակա'ն մարդ եմ ես:» Ո՞վ պիտի փրկէ զիս այս մեռած մարմնէն:» (Հժովմէացիս 7-24)
Երբ այր մը ու կին մը կ'աղաղակեն այդպէս, ի խորոց սրտի, կը մօտենան փրկութեան: Աղաղակա՞ծ եք այդպէս: Զգացած եք որ դուք, Աստուծոյ համար մեռած եք, եւ միայն Քրիստոս կրնայ փրկել ձեզ: Դարձի եկա՞ծ եք Քրիստոսի: Եթէ դարձի եկած չէք, պիտի մօտենա՞ք Քրիստոսի, Աստոծոյ գառնուկին, որ կը փրկէ աշխարհը իր մեղքերէն: Պիտի նայիք Իրեն, վստահիլ իրեն հիմա: Մտիկ ըրէք կրկին Mr. Griffith-ի երգին բառերը, որ երգուեցաւ քիչ առաջ.
Եթէ կը փափաքիս մեղքէ փրկուիլ
Նայէ Աստոծոյ Գառնուկին,
Ան փրկելու համար քեզ, մեռաւ գողգոթայի վրայ,
Նայէ Աստոծոյ Գառնուկին,
Նայէ Աստոծոյ Գառնուկին,
Նայէ Աստոծոյ Գառնուկին,
Միայն Ան կրնայ փրկել քեզ:
(“Look to the Lamb of God” by H. G. Jackson, 1838-1914).
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ԳՈՀԱՑՈՒՑ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՑ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 13 ԵՍԱՅԻ 53) Քարոզեց՝ Dr. R. L. Hymers, Jr. «Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ» (Եսաի 53:11) I. Առաջին՝ Քրիստոս կը գոհացնէ Աստուծոյ արդարութիւնը: Եսայի 53:11ա, Կորնդացիս ա. 5:21, ա. Յովհաննու 2:2, Հռովմիացիս 3:20 II. Երկրորդ, Քրիստոսի գիտութիւնը շատեր գոհացուց: Եսայի 53 :10բ., 52:13, Կորնդացիս 5:21, Հռովմայեցիս 3:20, Գաղատացիս 2:16 Յոբա 25:4, Հռովմայեցիս 4:5, Առաքելոց 16:31 III. Երրորդ, Քրիստոսի մեղքի-կրումը լրիւ կը քաւէ մեղանչողնուն Մեղքերը: Եսայի 53:11գ,, Եսայի 53:5, 6, 8. Պետրոսի2:24, Եփեսացիս 2:5, Հռովմայեցիս 7:24: |