Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՓՐԿԻՉԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՜...(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 12 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ, Տիրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայի 53:10) |
Եսայիի 53:10-ի առաջին մասը կը խօսի Քրիստոսի քաւութեան մահուան մասին: Ես քարոզեցի այդ մասին երեկ գիշեր: Համարի առաջին կէսը ցոյց կու տայ, որ Հայր Աստուած իբրեւ գործակատար՝ կը գտնուէր Իր զաւկին չարչարանքներուն ետին, դառնալով անոնց պատճառը: (Merrill F. Unger, Ph.D., Unger’s Commentary on the Old Testament, Moody Press, 1981, volume II, p. 1299). Եսայիի 53:10-ի առաջին մասը կ'ըսէ.
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ , Անոր անձը մեղքի համար զոհ ընելէդ ետքը» ( Եսայիի 53:10ա...)
Keil եւ Delitzsch Commentary on the Old Testament-ին կ'ըսեն.
Մարդիկ Քրիստոսին պատճառեցին նման չարչարող տառապանք, ինչպէս խորունկ ցաւը. Բայց գլխաւոր պատճառը Աստուած Ինքն էր, որ մարդկային մեղքը դարձուց Իր կամքը, Իր նպատակը եւ կանխորոշուած խորհուրդը, (Eerdmans, 1973 reprint, vol. VII, part II, p. 330).
Բայց այժմ մենք կը տեսնենք, Եսայիի 53:10-ի երկրորդ մասին մէջ, թէ ինչ հետեւանք ունեցաւ Քրիստոսի տառապանքը, ինչ արդիւնք տուաւ Իր չարչարանքը: Իր յուզումն ու մահը առաջնորդեցին Զինք Յարութեան յաղթանակին, եւ Իր ժողովուրդին յաղթանակին, երկրի վրայ: Հաճեցէք կրկին ոտքի ելլել եւ կարդալ համարի երկրորդ կէսը, որ կ'սկսի հետեւեալ բառերով. «Ան պիտի տեսնէ.»
«Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ, Տիրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայի 53:10)
Կրնաք նստիլ: Նկատի ունեցէք յօդուածէն բխող Քրիստոսի տառապանքին տուած երեք զգանչելի արդիւնքները:
I. Առաջին, Անիկա պիտի տեսնէ Իր սերունդը
«Անիկա Իր սերունդը պիտի տեսնէ: (Եսայի 53:10)
Ասիկա առաջին արդիւնքն է Քրիստոսի մահուան: «Անիկա Իր սերունդը պիտի տեսնէ»: «Ասիկա կը վերաբերի Քրիստոսի հոգեւոր սերունդին: Միլիոնաւոր մարդիկ եկան Քրիստոսի եւ դարձան Անոր սերունդը»: Յիսուս կանխագուշակեց զանիկա երբ ըսաւ.
«Եւ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»: (Ըստ Ղուկասի 13:29)
Հոգելստեան Օրէն, աշխարհի բոլոր կողմերէն անհամար թուով մարդիկ եկան Յիսուսին: Եւ վերջաւորութեան, Քրիստոս երկինքէն վերադարձաւ երկիր.
«Անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ» (Սաղմոսաց 25:13)
Բայց Քրիստոս պէտք չունեցաւ սպասելու մինչեւ Իր վերադարձը երկրորդ անգամ, տեսնելու համար Իր սերունդը: Անմիջապէս, Իր մեռնելէն ետք յարութիւն առնելով, Ան տեսաւ զանոնք, եւ անոնք տեսա'ն Զինք: Պօղոս Առաքեալ ըսաւ.
«Եւ թէ երեւցաւ Կեփասի, ու ետքը տասուերկուքին, Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներուն մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կան, եւ ոմանք ալ ննջեցին: Ու ետքը երեւցաւ Յակոբոսի եւ ետքը բոլոր առաքեալներուն: Ամենէն ետքը ինծի ալ երեւցաւ»: (Կորնթացիս ա. 15:5-8)
Իր սերունդը տեսաւ Զինք: Ինչպէս Յովհանէս Առաքեալ ըսաւ.
«Որու նայեցանք ու մեր ձեռքերով շօշափեցինք, եւ կեանքը յայտնուեցաւ» (Յովհաննու ա. 1:1)
Եւ Ան տեսաւ Իր սերունդը երբ յարութիւն առաւ մեռելներէն,
«Ապա Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղը կայնեցաւ, ու ըսաւ անոնց. Խաղաղութիւն ձեզի :Եւ զայս ըսելով իր ձեռքերը ու կողը ցուցուց անոնց, աշակերտներն ալ ուրախացան երբ Տէրը տեսան»: (Յովհաննու 20:19-20).
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը»:
Անոնք տեսան Զինք եւ Ան տեսաւ Զիրենք – եւ անոնք Իր սերունդն էին, Իր հոգեւոր սերունդը: Երբ Ան յարութիւն առաւ մեռելներէն, Ան տեսա'ւ Իր սերունդը:
Երբ ետ բարձրացաւ Երկինք, Սուրբ Հոգւոյ ուժը շարժեցաւ եւ երեք հազար հոգի դարձի եկան: Անգամ մը եւս այս խօստումը Եսայիի մէջ լիովին իրականացաւ: Երկինքէն վար նայելով, Յիսուս տեսաւ Իր սերունը: Եւ այսպէս գրուած էր Գործք առաքելոց ամբողջ գրքին մէջ: Յառուցեալ Քրիստոս Երկինքի գահէն յաղթականօրէն վար նայեցաւ ու տեսաւ այն բազմութիւնը, որ Իրեն վստահեցաւ ու դարձաւ Իր սերունդը:
Եւ այպէս դարերու ընդմէջէն: Յիսուս Երկինքէն վար նայեցաւ եւ տեսաւ իր սերունդը ամբողջ երկրի տառածքին, բազմապատկուած էր: Ասիկա լիովին կատարելագործած էր Եսայիի մարգարէութիւնը , որ կ'ըսէ, «Եւ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»: (Ըստ Ղուկասի 13:29)
Այո, այդ խօստումը լրիւ նուիրագործուեցաւ միլիոնաւոր անգամներ ամբողջ պատմութեան ընթացքին, եւ աշխարհի ամէն անկեան մէջ:
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը»:
Եւ երբ Յիսուսի կու գաք հաւատքով, Ան, նաեւ Ձե'զ պիտի տեսնէ: Դարձի գալու պահէն ետք, դուք պիտի մտնէք մեծ թիւ կազմող անոնց այն շարքերէն ներս, որոնք Իր սերունդն են երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ:
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը»:
Ինչ ցնծութիւն է մեզի համար՝ տեսնել Յարութիւնը Քրիստոսի, այսպէս օրհնուած եւ յաղթական-այրեր եւ կանայք բոլոր ցեղերու եւ ազգերու, որոնք կը հաւատան եւ կը միանան Անոր յաւիտենապէս: Այո,
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը»:
Կինս եւ ես զարմանալի DVD մը (տեսաերիզ) դիտեցինք նախորդ գիշեր: Ան ցոյց կու տար թէ ինչպէս մէկը միւսին յաջորդելով, Մահմետականներ Քրիստոսի երթալով, Քրիստոնեաներ կը դառնային Պարսկաստանի մէջ: Մահմետական կին մը Պարսկաստանի մէջ ըսաւ. «Եւ կորսնցուցի ամէն յոյս»: Ապա ան վստահեցաւ Յիսուսի: Երիտասարդ մարդ մը ըսաւ. «Չեմ ուզեր Մահմետական ըլլալ»: Ան, նոյնպէս վստահեցաւ Յիսուսի եւ դարձաւ Քրիստոնեայ: Պարսկաստանի մէջ, վերջին 1500 տարիներու ընթացքին, շատեր, աւելի քան որեւէ ժամանակէ, կը վստահին Յիսուսի: Հազարաւոր երիտասարդներ Մահմետական երկիրներէ ներս, իրենց կեանքերը կը վտանքեն Քրիստոնեայ դառնալու համար: Յիսուս կը տեսնէ «Իր սերունդը» որ կը բազմապատկուի այսօր Մահմաետական աշխարհի մէջ: Եւ մեր քարոզները Արաբերէնի թարգմանուած, կը ղրկուին հոն ՝մեր համացանցի միջոցաւ:
Եւ վերջնական յաղթանակով, որ Քրիստոս պիտի գայ Իր փառքով հաստատելու համար Իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհի մէջ, Երբ Ան գայ կրկին իշխելու համար իբրեւ Թագաւորներու Թագաւոր եւ Տէրերու Տէր:
«Անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ» (Սաղմոսաց 25:13)
Եւ «Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը», քանի այդպէս ըսաւ Տէրը: «Յիսուս Պիտի Իշխէ»: Երգեցէք.
Յիսուս Պիտի Իշխէ հոն ուր արեւ է
Իր օրերը յաջողապէս կը վազեն
Իր Թագաւորութիւնը, կը տարածուի ծովեզերքէ ծովեզերք,
մինչեւ լուսիններ որպէս մեղրամոմ՝ վառին ու չմարին երբէք:
(“Jesus Shall Reign“ by Isaac Watts, D.D., 1674-1748)
II. Երկրորդ՝ Ան պիտի երկարէ Անոր օրերը:
Մեր Եսայի 53:10 –բնագրի ետեւը դարձուցէք, հոն պիտի կարդաք Յիսուսի տառապանքին եւ մահուան մէկ ուրիշ մեծ հետեւանքին մասին.
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը, ան պիտի երկարէ անոր օրերը» (Եսայիի 53:10)
Քրիստոսի մահուան երկրորդ արդիւնքը եղաւ՝... «Ան պիտի երկարէ Անոր օրերը». Խաչին վրայ մեռնելով Իր կեանքը չվերջացաւ: Ան երկար չմնաց գերեզմանին մէջ Իր մահէն ետք: Երրորդ օրը որ եկաւ՝ Քրիստոս յաղթական կեանքի կոչուեցաւ: Ան այրեց մահուան երկաթէ շղթան, եւ դուրս եկաւ գերեզմանէն, ալ բնաւ չմեռնելու համար: « Ան մեռաւ, մեռա'ւ մեղքի համար, անգամի մը համար. Բայց Ան այդ կեանքի մէջ ապրեցաւ Աստուծմով, ալ յաւիտեանս չմեռնելու համար : (Հռովմիացիս 6:9)
«Քանզի գիտենք որ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով նորէն չմեռնիր, ալ մահը Անոր վրայ իշխանութիւն չունի:» : (Հռովմիացիս 6:9)
«Երեք տխուր օրեր»: Երգեցէք:
Երեք տխուր օրերը շուտով անցան:
Ան յաղթական ելաւ մահուան վրայ.
Յաղթութիւն՝ մեր ապրող Գլխաւորին, Ալէլուա'յ
Ալէլուա'յ՝ Ալէլուա'յ`, Ալէլուա'յ`
(“The Strife is O’er,” translated by Francis Pott, 1832-1909)
«Ան պիտի երկարէ անոր օրերը,»
«Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց համար բարեխօս ըլլալու» (Եբրայեցիս 7:24-25)
Spurgeon ըսաւ. «Երկնքի բարձրութենէն ան վար նայեցաւ երկրի վրայ գտնուող իր սերունդի բազմութեան...Նոյնքան բազմաթիւ որքան երկնքի աստղերը, անհամար ինչպէս ամրան փոշին, ինչպէս Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սերունդը»: (C. H. Spurgeon, The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1978 reprint, volume 51, p. 565).
`«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը, ան պիտի երկարէ անոր օրերը...» (Եսայիի 53:10)
III. Երրորդ, Իր աշխատանքը պիտի բարգաւաճի:
Ոտքի ելեք եւ կարդացէք ամբողջ բնագիրը բարձրաձայն, ուշադիր ըլլալով վերջին համարին, որ կ'սկսի հետեւեալ բառերով. «եւ հաճոյքը»:
«Ան պիտի տեսնէ Իր սերունդը, ան պիտի երկարէ անոր օրերը... Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայիի 53:10):
Ասիկա երորդ արդիւնքն է Յիսուսի մահուան, «Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»: Spurgeon ըսաւ.
Աւելի քան [տասնինը] հարիւր տարիներ անցան այն օրէն որ մեռելներէն յարութիւն առաւ մինչեւ իր նոր կեանքը, տակաւին ան կ'ապրի. Եւ իր օրերը, գիտենք, պիտի շարունակուին որքան որ այս երկիրը մնայ, այո', եւ վերջաւորութեան, ան թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Աստուծոյ՝ անգամ իր հայրը, պիտի երկարէ իր կեանքը: «Գահը, ով Աստուած, յաւիտենակա'ն է», դուն պիտի տոկաս,անգամ երբ լեռները կորսուին, եւ նաեւ երկինքը ծուխի պէս ըլլայ, ինչպէս մաշած հին հագուստը: (Spurgeon, ibid.).
«Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայիի 53:10):
Լաւ կամքը, Տէրոջ նպատակը, անոր ձեռքով պիտի յաջողի, ըսաւ Հայր Աստուած՝ Յիսուսին.
«Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի դնեմ , որպէսզի մինչեւ երկրի ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»: (Եսայիի 49:6)
«Քու լոյսիդ ազգեր պիտի գան, Եւ քու վրադ ծագած պայծառութեանը՝ թագաւորներ» (Եսայիի 60:3-5):
«Ահա ոմանք հեռուէն, Եւ Ահա ոմանք հիւսիսէն ու արեւմուտքէն, Եւ ոմանք սինէացւոց (Չինաստան) երկրէն պիտի գան»: (Եսայի 49:12):
«Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայիի 53:10):
Քանի մը ամիսներ առաջ տեսաերիզ մը (video) դիտեցինք: Չինաստանի մասին կատարուած) հաղորդում մըն էր «Նահատակաց Ձայն»ի (Voice of Martyrs) կողմէ: Ան ցոյց կու տար Չինացի Moses Xie [Shay] անունով ծերունիի մը վկայութիւնը: «Մշակութային Յեղափոխութեան» (Cultural Revolution) շրջանին, ան ձեռբակալուած ու քսան տարի բանտարկուած էր համայնավարներու կողմէ, որովհետեւ ան կը քարոզէր Յիսուսին Աւետարանը: Յուսահատութեան մէջ ան խորապէս ընկճուած էր: Ապա, ըսաւ ան. Յիսուսի ձայնը խօսեցաւ իր սրտին. «զաւակս, իմ շնորքս բաւարար է քեզի»: Եղբայր Xie ըսաւ, թէ յաջորդական երեք անգամ լսեց Անոր ձայնը, իր սրտին մէջ: Ան երրորդ անգամին՝ լացաւ երբ երրորդ անգամը ըլլալով Ան խօսեցաւ այդ մասին. «Զաւակս, իմ շնորքս բաւարար է քեզի»: Երախտագիտութեան արցունքներ լեցուեցան աչքերուն մէջ, մինչ կը խօսէր զինք փրկելու՝ Քրիստոսի կարողութեան մասին, համայրավար բանտէն ներս:
Ապա տեսաերիզը ցոյց տուաւ ժապաւէն մը, որ զոյց կուտար տասնեակ հազարաւոր Չինացի Համայնավարներ, որոնք որոշապէս կը պաշտէին Mao Tse Tung-ը, համայնավար դաժան բռնակալը, որ Hitler-է աւելի մարդ սպաննեց: Մինչ անոնք կ'երգէին Mao Tse Tung-ի փառքը, մտածեցի. «մենք Քրիստոնեաներս հոն կ'ըլլանք, երբ դուք համայնավարներդ գացած կ'ըլլաք»: Երբ Չինացի Համայնավար Կուսակցութիւնը պատմութեան մոլահացի կոյտը կը վայելէ, Քրիստոնէութիւնը պիտի գտնուի հոն, աւելի քան ուժեղ քան երբէք, որովհետեւ ան այսօր կը մեծնայ հրաշալի կերպով: «Մենք հոն պիտի ըլլանք երբ արդէն դուք մեկնած կ'ըլլաք»: Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»
Քրիստոնէութիւնը խոնարհ եւ արհամարուած է այսօր մարդոց կողմէ: Կրնայ ծաղրուած կամ անհամարուած ըլլալ հիմայ, ինչպէս մեր Փրկիչը եղաւ երբ Երկրի վրայ էր: Բայց Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, « Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»: Արդարեւ, Կարեւոր չէ թէ որքան իրաւ Քրիստոնեան անարգուեցաւ եւ մերժուեցաւ՝ «ան պիտի մեծնայ Անոր ձեռքով»: Եւ վերջաւորութեան,
«Աշխարհի Թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալին եղան, եւ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»: (Յայտնութիւն 11:15)
Ապա, իմ եղբայրներ, պիտի տեսնենք, որ Յիսուսի մահը կատարելագործուեցաւ, « Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»: Յիսուս պիտի գայ կրկին, իշխելու համար ամբողջ երկրի վրայ:
Յիսուս Պիտի Իշխէ հոն ուր արեւ է
Իր օրերը յաջողապէս կը վազեն
Իր Թագաւորութիւնը, կը տարածուի ծովեզերքէ ծովեզերք,
միջեւ լուսիններ մեղրամոմ վառին ու չմարին երբէք:
(“Jesus Shall Reign“ by Isaac Watts, D.D., 1674-1748)
Ան պիտի գայ կրկին, Ան պիտի գայ կրկին,
մարդոց կողմէ մերժուած Նոյն Յիսուսը Միշտ,
Ան պիտի գայ կրկին, Ան պիտի գայ կրկին,
Իշխանութեամբ եւ բարձր փառքով, Ան պիտի գայ կրկին:
(“He is Coming Again” by Mabel Johnston Camp, 1871-1937).
Հիմա, գիտեմ որ ձեզմէ ոմանք հոս կը գտնուին այս առաւոտ: Անոնք գիտեն թէ որքան խանդավառ ենք մենք: Դուք կը մտածէք, «Ինչու՞այս մարդիկը այսքան խանդավառ են: Ինչո՞ւ կը ծափահարեն այս բաները»: Վստահ եմ, ձեր մէջ կը գտնուին անձեր, որոնք եղած են այս եկեղեցին երկար ժամանակ, բայց անոնք կ'զգան նոյն ձեւով: Կը մտածէք, «կրկին նոյն բաները պիտի լսենք կրկին, մենք լսած էին նախապէս»: Ինչու՞ այսքան խանդավառութիւն: Ինչու՞ այսքան զգանչանալ: Գիտեմ, ձեզմէ ոմանք այդպէս կ'զգան: Ինչու՞ այսքան խանդավառուիլ: Առեղծուած մըն է այս՝ ձեզի համար: Դուք չէք կրնար ունենալ այդ խանդավառութիւնը:
Շատ լաւ գիտեմ թէ ինչ կ'զգաք: Կը նկատէք՝ պասկէթ պօլը հաճոյք մը չէ ինծի համար: Ինծի համար պասկէթ պօլի խաղը ոչ մէկ ձեւով գրաւչութիւն ունի: Ինծի համար անիկա ամէնէն ձանձրացուցիչ բանն է աշխարհի վրայ: Ի՞նչ տարբերութիւնը: Շատ պարզ: Դուք կը սիրէք պասկէթ պօլի խաղը, ես՝ ոչ: Շատ պարզ է: Դուք կը խանդավառուիք եւ ես՝ ոչ: Ես պատճառներուն պիտի չերթամ թէ ինչու՞ մենք, մէկս միւսէն տարբեր կ'զգանք: Կայ բան մը ձեր անցեալի փորձառութեան մէջ, որ ձեզ կը խանդավառէ երբ կը դիտէք Lakersի խաղը: Ես չեմ կրնար մտնել այդ խաղին մէջ ձեզի հետ: Ան կապ չունի իմ բնութեանս հետ եւ ես չեմ զգար այն ինչ դուք կ'զգաք:
Այս է ճանապարհը Քրիստոսի յաղթութեան: Մենք կը խանդավառուինք Քրիստոսի յարութեամբ եւ երկրորդ Գալուստով: Դուք չէք կրնար խանդավառուիլ: Մենք Քրիստոսը սիրողներ ենք, եւ դուք՝ ոչ: Ձեր բնութագիրը պէտք է փոխուի՝ զգալու համար այն՝ որ մենք կ'զգանք երբ կը մտածենք Թրիստոսի յաղթանակին մասին: Սրբ. Գիրքը կը խօսի այդ մասին երբ կ'ըսէ. . «Մարդկային բնութիւնը չհասկնար Աստուծոյ Հոգեկան բարեմասնութիւնները: Անոնք, իրենց համար ապուշ բաներ» են (Կորնթացիս ա. 2:14): Այն օրէն, որ դուք «բնական մարդ եք» Քրիստոսի յաղթանակը կարեւոր չէ ձեզի համար: Չէք կրնար խանդավառուիլ անով: Ձեր հարազատ բնութագիրը պէտք է փոխուի որպէսզի կարենաք խանդավառուիլ Քրիստոսոի յաղթանակով : Դուք պէտք է դարձի գաք որպէսցի կարենաք զգալ այն ինչ որ մենք կ'զգանք:
Գիտէք որ դուք պէտք է զգաք ինչպէս մենք, բայց դուք չէք կրնար տեսնել այն ճանապարհը ինչպէս մենք: Նշանակութիւն չունի թէ որքան դժուար է ձեզի համար փորձելը, դուք չէք կրնար ընել այն ինչ որ մենք կ'ընենք Քրիստոսի յաղթանակին համար: Դուք պէտք է զգաք այդ ձեւը, բայց չէք կրնար, որքան ալ կը փորձէք: Դուք չէք կրնար դառնալ այն մարդը, որ կուզէք ըլլալ: Ասիկա կը նշանակէ որ դարձի պէտք է գաք մեղքէ:
Դուք պէտք է դիմէք Յիսուսի եւ ըսէք. «Տէր, չեմ կրնար ըլլալ այն, որ կուզես, որ ըլլամ: Ես կորսուած եմ: Ես անպատրաստ եմ (endoնe), Չեմ կրնար ինքզինքս փոխել: Յիսուս, փրկէ' զիս: Եւ երբ այդպէս կ'զգաս, դուք կը մօտենաք ձեր փրկութեան: Մեղքի գիտակցութիւնը կու գայ նախքան դարձի գալը դէպի Քրիստոս:
Եւ ձեզմէ անոնց համար, որոնք տակաւին դարձի եկած չեն, կը խնդրենք, որ վստահիք Քրիստոսի յարութեան: Կը քաջալերենք ձեզ, որ լուացուիք ձեր մեղքերէն Անոր թանկարժէք Արիւնով: Կը խնդրենք ձեզմէ, որ ընկերակցիք մեզի եւ հետեւիք Փրկիչին, ինչ ալ արժելու ըլլայ: Մենք յաղթական կողմն ենք, «Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»: Արդարեւ, կը պարտաւորեցնեմ ձեզ՝ վստահիլ Յիսուսի, դարձի գալ, եւ ըլլալ յաղթակա'ն կողմը:
Եկէք, ապա, եւ միացէք սուրբ խումբին,
Եւ յաղթական երթին,
բնակելու համար երկնային հողի վրայ
Ուր ուրախութիւնը կը հոսի:
Միայն վստահէ Իրեն,
Միայն վստահէ Իրեն հիմա:
Ան պիտի փրկէ քեզ, Ան պիտի փրկէ քեզ,
{Քրիստոս } պիտի փրկէ քեզ հիմա:
(“Only Trust Him” by John H. Stockton, 1813-1877).
Նորէն երգեցէք այդ խմբերքը: Մինչ կ'երգենք ((“Only Trust Him,”) եթէ տակաւին փրկուած չէք, կ'ուզեմ որ ոտքի ելլէք ձեր նստած տեղէն եւ երթաք հանդիսասրահի ետեւը: Dr. Cagan ձեզ պիտի տանի ուրիշ սենեակ մը, ուր կրնանք խօսիլ եւ աղօթել: Գացէք հիմայ մինչ մենք կ'երգենք:
Միայն վստահէ Իրեն, Միայն վստահէ Իրեն հիմայ:
Միայն վստահէ իրեն հիմայ:
Ան պիտի փրկէ քեզ, Ան պիտի փրկէ քեզ,
Ան պիտի փրկէ քեզ հիմայ:
Mr. Lee, հաճեցէք առաջնորդել մեզ աղօթելու անոնց համար, որոնք պատասխանեցին:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Քարոզէն առաջ Dr. Kreighton L. Chan կարդաց Կտակարանը.(Եսայի թիւ. 53:1-10)
Քարոզէն Առաջ Մեներգեց, Benjamin Kincaid Griffith.
“The Strife is O’er” (թարգմանուած Francis Pott-ի կողմէ, 1832-1909)
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՓՐԿԻՉԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՜... (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 12 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) Քարոզեց՝ Dr. R. L. Hymers, Jr. «Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ, Տիրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի» (Եսայի 53:10) I. Առաջին, Անիկա պիտի տեսնէ Իր սերունդը: Եսայի 53ա. ,
II. Երկրորդ՝ Ան պիտի երկարէ Անոր օրերը: Եսայի 53 :10բ.,
III. Երրորդ, Իր աշխատանքը պիտի բարգաւաճի: |