Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 11 ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՍԻՆ) Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10) |
Ինչ որ պիտի ըսեմ այս գիշեր Աստուծոյ մասին կրնայ ըլլալ որ չի սիրուի, եւ նոյնիսկ ատելի ըլլայ որոշ անձերու համար, որոնք մտիկ ըրին: Մարդիկ սխալ գաղափար կազմած են Աստուծոյ մասին, այսօր: Երբ որեւէ մէկը խօսի Աւետարանի Աստուծով մասին՝ ժխտական ազդեցութիւն կը պատճառէ, մասնաւորաբար որոշ դասակարգի կարգ մը քարոզիչներուն:
Տարիներ առաջ տարիքոտ եկեղեցական պատուելի մը խնդրեց ինծմէ, որ աւետարանական քարոզ մը տամ հարիւր հոգինոց երիտասարդական խումբի մը: Հոն, բազմաթիւ անգամներ քարոզած էի նախապէս, որով գիտցայ թէ ինչ է եկեղեցիին ուզածը: Բայց այս անգամ պաշտօնի կոչուած էին երկու երիտասարդ պատուելիներ: Քարոզեցի Փրկութեան մասին, շեշտելով Աստուծոյ դատողութիւնը եւ աւարտելով, յստակ ներկայացումը կատարեցի Քրիստոսի Աւետարանին: Քսանը եօթը երիտասարդներ պատասխանեցին հրաւէրին: Անոնք քոլէճական-տարիքի ուսանողներէն փոքր մը աւելի մեծ՝ մէկ չորորդը կազմող ուանողներն էին, որոնք ներկայ էին:
Մէկը կրնայ մտածել թէ այդ երկու երիտասարդ պատուելիները կրնան զգանչացած ըլլալ ի տես հրաւէրին պատասխանողներու մեծ թիւին: Բայց անոնց դէմքերը խոժոռած էին քարոզէն ետք: Անոնք երբէք շնորհակալական գիր մը չ'ղրկեցին ինծի, եւ ոչ ալ պատուագին (honorarium) տուին, ինչ որ եկեղեցւոյ սովորութիւնն էր: Խիստ զարմացած էի անոնց այս անտարբերութեան համար: Յետագային, իմացայ թէ անոնք մտածած են, որ ես շատ ժխտական եմ եղած, եւ ես հրաւիրած էի այս երիտասարդ տղաքը առանց զգուշացնելու զանոնք, որ Աստուած կը դատէ մեղքը: Այն օրէն՝ հասկցայ, թէ բազմաթիւ արդի պատուելիներ կը բաժնեն անոնց տեսակէտը: «Միայն Աւետարա'նը տուէք: Միայն Խօսեցէք Աստուծոյ սիրո'յն մասին: Մի' յուզէք մարդիկը եւ անհանգստացնե'լ զանոնք»: Ես յաճախ նկատած եմ, որ այդ քարոզիչները այդպէս կը մտածեն այսօր: Բայց ես համոզուած եմ, որ սարսափելի պարտուողական բան մը կայ այդպէս մտածողներուն մօտ, անկարողութիւ'ն մը եւ սխալմու'նք մը, աւետարանական քարոզչութեան ըմբռնումին մէջ:
Dr. A. W. Tozer ըսաւ. «Ոչ մէկը կրնայ հասկնալ Աստուծոյ իրաւ շնորհքը եթէ ան նախապէս Աստուծոյ վախը ունեցած չէ ունեցած»: (The Root of Righteousness, Christian Publications, 1955, p. 38): Կը հաւատամ, որ ան իրապէս իրաւացի էր: «Ոչ մէկը կրնայ գիտնալ Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, եթէ ան նախապէս Աստուծոյ վախը ունեցած չէ»: Dr. Martyn Lloyd-Jones հաւատած է ճիշդ Dr. Tozer-ի նման այս կէտի շուրջ: Dr. Iain H. Murray ըսաւ. «Dr. Lloyd-Jones-ի համար քարոզել յանցաւոր մարդու անկումի մասին Աստուծոյ առջեւ՝ վստահաբար կը նշանակէ քարոզել երկնային զայրոյթի մասին.. դժողքի մէջ մեղքի պատիժի մասին ... Աւետարանի մէկ քարոզչական հիմնական մասը ազդարարութիւն նկատած էր ան: Դժողքը տեսութիւն մը չէ...» (Rev. Iain H. Murray, The Life of Martyn Lloyd-Jones, The Banner of Truth Trust, 2013, p. 317).
Կրկին, Dr. Lloyd-Jones ըսաւ, «բոլորին մէջ ծանրագոյն մեղքը բնական մարդու սխալ մտածողութիիւնն է Աստուծոյ մասին, որով բնական մարդը սոսկալիօրէն մեղաւոր է», (ibid., p. 316). Կրկին, զգանչելի գտայ, որ Dr. John R. Rice, ծանօթ աւետարանչականը, յստակօրէն ըսաւ նոյն բանը, ինչպէս Dr. Tozer-ը եւ Dr. Lloyd-Jones-ը ըսին: Dr. Rice-ըսաւ.
Աւետարանի Աստուածը սոսկալի Աստուած մըն է, ահարկու Աստուած մը, վրէժխնդիր Աստուած մը, Աստուած մը ներողամիտ (John R. Rice, D.D., The Great and Terrible God, Sword of the Lord Publishers, 1977, p. 12):
Dr. Rice ըսաւ.
Այս բոլոր արդի քարոզչութիւնը շնորհքի մասին՝ առանց օրէնքի, հաւատքի մասին՝ առանց զղջումի, Աստուծոյ ողորմութեան մասին՝ առանց Աստուծոյ զայրոյթին, Երկինքի մասին, քարոզչութեան մասին՝ առանց Դժողքի... աղաւաղու'մն է Աստուծոյ ճշմարտութեան: Ան սխալ կը ներկայացնէ զ'Աստուած: Անիկա անպարկեշտ ներկայացումն է Աստոծոյ պատգամին: Աստուած սարսափելի Աստուած մըն է, ահարկու Աստուած մը, վայրացած Աստուած մը՝ մեղքի դէմ, Աստուած մը որ վրէժխնդրութին կը բերէ, Աստուած մը, որ կը վախցնէ, Աստուած մը, որուն առջեւ մեղաւորները պէտք է թողան, (ibid. pp. 13,14).
Ամէ'ն: Եւ գիտեմ՝ տարիներ կարդալով անոնց քարոզները, թէ Dr. Tozer եւ Dr. Lloyd-Jones կատարելապէս համաձայն գտնուած ըլլալու են John R. Rice-ի հետ, այդ կէտին վրայ: Աստուած զայրացած Աստուած մըն է մեղքի դէմ:
Երբ այդ կերպով կը տեսնենք Աստուածը, ինչպէս Աւետարանը կը ներկայացնէ Զինք, խնդիր պիտի չունենանք մեր բնաբանին հետ, Եսայիի մէջ 53:10-ի: Բնաբանը կը կեդրոնանայ Հայր Աստուծոյ վրայ եւ այն բանի վրայ, որ ըրաւ Յիսուսի՝ մեր փրկութեան համար:
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10)
«Զոր առաջուընէ սահմանեց Աստուած որ քաւութիւն ըլլայ»: (Հռովմայեցիս 3:25)
Dr. W. A. Criswell ըսաւ թէ «Քաւութիւնը Քրիստոսի գործն է խաչի վրայ, ուր հանդիպեցաւ Աստուծոյ արդարութեան պամաններուն, մեղքի դէմ, բաւարարելով ե'ւ Աստոծոյ արդարութեան պայմանները, ե'ւ չեղեալ նկատելով մարդու յանցանքը» (W. A. Criswell, Ph.D., The Criswell Study Bible, Thomas Nelson Publishers, 1979, p. 1327, note on Romans 3:25):
«Զոր Աստուած նախապէս սահմանեց քաւութիւն ըլլալու համար» (Հռովմայեցիս 3:25)
Աւետարանի Ուսոմնասիրութեան Բարեկարգութիւնը դիտել կուտայ այդ համարի մասին, «Քրիստոս մեռաւ որպէս քաւութեան նոխազ՝ արդարացնելու համար երկնային դատաստանը մեղաւորներու դէմ, անոնց բերելով ներում եւ արդարացում»: Բայց Պողոս ուշադիր է նշելու համար, թէ զոհաբերումը (Աստուծոյ Որդւոյն) պատճառ պիտի չըլլայ որ Հայր Աստուածը սիրէ մեզ: Հակառակը ճիշտ է – Աստուծոյ սէրը պատճառ եղաւ Իրեն, որ նուիրէ Իր Զաւակը» (Աւետարանի Ուսումնասիրութեան Բարեկարգութիւնը, (Ligonier Ministries, 2005, p. 1618, Romans 3:25).
«Ան որ իր Որդւոյն չխնայեց, ապա, մեր ամէնուն համար մատնեց զանիկա» (Հռովմայեցիս 8:32)
Ինչպէս մեր բնաբանը կ'ըսէ.
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ, Անոր անձը մեղքի համար զոհ ընելէ ետք՝ մեր բոլորին համար» (Եսայի 53:10)
Բնաբանին մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած իրաւ հեղինակն է Քրիստոսի հոգեվարքին: Քրիստոս կառապեցաւ եւ մեռաւ «Անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ (որոշ նպատակով) եւ կանխագիտութիւնովը» (Գործք Առագելոց 2:23): Ասուածաշունչի Մեծ եւ սոսկալի Աստուածը ճշմարիտ պատճառն էր Քրիստոսի տառապանքին եւ մահուան: Յովհաննու 3:16-ը կ'ըսէ, թէ «Աստուած Իր Միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննու 3:16): Հռովմիացիս 8:32-ը կ'ըսէ. «Ան որ իր Որդւոյն չխնայեց, մեր ամէնուն համար մատնեց զանիկա» (Հռովմիացիս 8:32): Աստուծոյ ցասումը մեղքի դէմ քաւութիւնն էր, որովհետեւ անիկա ինկաւ իր Որդւոյն Յիսուսին վրայ: Մեր բնաբանը կ'ըսէ.
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ, Անոր անձը մեղքի համար զոհ ընելէն ետք՝ մեր բոլորին համար» (Եսայի 53:10)
Այստեղ Եսայի կ'առաջնորդէ մեզ «բեմին ետեւ» ցոյց տալու համար մեզի որ Աստուած Իր Որդին ղրկեց Իր յուզման եւ խաչելութեան սոսկումներուն ընդմէջէն, ուստի Աստուած կրենար կարեկցիլ, բայց Իր զայրոյթը ինկաւ Յիսուսի վրայ՝ մեղաւորին վրայ իյնալու փոխարէն: Մեր բնաբանին մէջ կը տեսնենք. (1) Աստուած ճզմեց Զայն. (2) Աստուած ցաւի մատնեց. (3) Աստուած Անոր հոգին նուիրեց մեղքի համար:
I. Առաջին, Աստուած խորտակեց Յիսուսին:
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ»: (Եսայի 53:10)
Թարգմանուած բառը՝ «bruised» կը նշանակէ «խորտակել»: «Բայց Տէրը հաճեցաւ խորտակել Զայն»: Dr. Edward J. Young ըսաւ. «Հակառակ անմեղութեան» (Քրիստոսի), Տէրը հաճոյացաւ ցաւցնելով (եւ խորտակելով) զայն: Իր մահը տկար մարդոց ձեռքերուն մէջ չէր, այլ՝ Տիրոջ ձեռքերուն մէջ: Ասիկա չ'ազատեր պատասխանատւութենէ անոնց, որոնք մահուան ենթարկեցին զինք, թող որ անոնք կացութեան տէրը չէին: Անոնք կ'ընէին միայն այն՝ որ Տէրը կ'արտօնէր որ ընէին» (Dr. Edward J. Young, The Book of Isaiah, William B. Eerdmans Publishing Company, 1972, 353-354):
Ինչպէս ըսած էի, յստակ կերպով ցոյց կը տրուի Հռովմայեցիս 3:25-ի մէջ, Քրիստոսի կապակցութեամբ,
«Զոր առաջուընէ սահմանեց Աստուած քաւութիւն ըլլալու համար» (Հռովմայեցիս 3:25)
Եւ Յովհաննու 3:16-ի մէջ, կ'ըսէ,
«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին որդին տուաւ» (Յովհաննու 3-16)
Քաւելու համար Իր զայրոյթը մեղքի դէմ, եւ մեղաւոր մարդու փրկութիւնը կարելի դարձնելու համար.
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ, (խորտակէ)»: (Եսայի 53:10)
Սկսելով Կեցսէմանիի Պարտէզին մէջ, Հայր Աստուած տանջեց եւ խորտակեց Իր Որդին: Մենք իմացանք Մաթէոսէն, որ Կեցսէմանիի Պարտէզին մէջ, ըսաւ Աստուած. «պիտի խորտակեմ հովիւը» (Մաթէոսի 26:31): Մարկոսի Աւետարանը նոյնպէս կ'ըսէ մեզի Կեցէմանիի մէջ, «պիտի խորտակեմ հովիւը» (Մարկոս 14:27): Աստուած խորտակեց Յիսուսը, ջախջախեց Զայն, եւ սկսաւ ճզմել Զայն փոխանորդական քաւութեամբ ,մեր մեղքերուն համար Կեցսէմանիի մթութեան մէջ: Spurgeon այդ մասին խօսացաւ երբ ըսաւ.
Հիմա էր որ մեր Տէրը պիտի առնէր որոշ բաժակ մը Հօրը ձեռքէն: Ոչ հրեաներու, ոչ դաւաճան Յուդայի ձեռքէն, ոչ քնացող աշակերտներուն ձեռքէն, եւ ոչ՝ (Կեցսէմանի) փորձութեան եկած սատանային ձեռքէն. անիկա բաժակ մըն էր, որ լեցուած էր մէկու մը կողմէ, որ Իր Հայրն էր...բաժակ մը՝ որ զարմացուց իր հոգին եւ տագնապեցուց իր սիրտը, ներքուստ: Դողաց (կրկին) անկէ, եւ ուստի համոզուեցաւ, որ այդ գաւաթը աւելի սոսկալի բան մըն էր քան ֆիզիքական ցաւը: Այդ պատճառաւ չ'սարսափեցաւ...բան մըն էր անհասկնալիօրէն սոսկալի, զանմանալիօրէն ահարկու, որ եկած էր (Իրեն) Հօրը ձեռքով: Ասիկա կը հեռացնէ ամէն կասկած, ինչ ալ ըլլար: «Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ, (խորտակէ...)»: «Տէրը անոր վրայ դրաւ մեր բոլորին մեղքը»: Ան Զինք դարձուց մեր բոլորի մեղքը: Ան ըրաւ զինք մեր մեղքը իր անմեղութեան ընդմէջէն: Ասիկա, ապա, Փրկիչին պատճառեց արտակարգ վհատութիւն... (depression): Ան պէտք էր տառապէր մեղաւորներու (փոխարէն): Ահա թէ ու՞ր է հոգէվարքի գաղտնիքները (Կեցէմանիի մէջ), որոնք չեմ կրնար (ամբողջովին բացատրել) ձեր առջեւ , ուստի, ճշմարտութիւնը այն է որ –
«Ասիկա Աստուած է, եւ Աստուած առանձին, Որուն՝ լռիւ ծանօթ են ցաւերը:»
(C. H. Spurgeon, “The Agony in Gethsemane,” The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1971 reprint, volume XX, pp. 592-593).
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ»: (Եսայի 53:10)
Կեցսէմանիի մէջ, Մարդկային մեղքի ծանրութեան տակ, Յիսուս խորտակուեցաւ, Ան ճզմուեցաւ մեղքի ծանրութեան տակ , ուստի.
«Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով, աւելի չերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ : Իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գէտին կը թափէր»: (Ըստ Ղուկասի 22:44)
Տակաւին ոչ մէկ մարդու ձեռք դպած էր Իրեն: Տակաւին ձեռբակալուած չէր, ոչ ալ ծեծուած էր, մտրակուած կամ խաչուած էր: Ոչ, Հայր Աստուածն էր, որ խորտակեց եւ ճզմեց Զինք, Կեցսէմանիի մէջ: Անիկա Հայր Աստուածն էր, որ ըսաւ. «Հովիւը պիտի զարնեմ» (Մաթէոսի 26:31) Ահա թէ ինչպէս մարգարէացաւ Աստուած, Եսայիի բերնով.
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ»: (Եսայի 53:10)
Ոչ մէկ լեզու կրնայ պատմել այն բարկութիւնը որ ունեցաւ.
Բարկութիւն՝ որ ինծի համար էր:
Մեղքu` համարեայ մեծ էր, զոր Իր վրայ առաւ, լրի'ւ,
Ազատութիւն տալու համար մեղսւորին:
(“The Cup of Wrath“ by Albert Midlane, 1825-1909,
to the tune of “O Set Ye Open in Unto Me”).
II. Երկրորդ, Աստուած ցաւերու մատնեց Յիսուսը
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ»: (Եսայի 53:10)
Կրկին, Աստուած Ի'նքն էր, որ Իր միածին Որդին ցաւի մատնեց, յուզման եւ մահուան մէջ: Dr. John Gill ըսաւ.
Ան ցաւի մատնեց զայն{Անոր պատճառեց տառապանք}... չխնայեց, յանձնեց տկարնրուն ձեռքը, եւ մահուան: Ցաւի մատնեց, պարտէզին մէջ, անոր հոգին կը տառապէր խաչին վրայ, ուր գամուեցաւ, [եւ} իր ժողովուրդին մեղքերը իր վրայ առաւ: Իր հայրը բարկացաւ վրան, երբ ան իր դէմքը պահեց Անկէ, ուստի բացագանչեց. Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչու՞ լքեցիր զիս... [թոյլ տալով} որ մամնով եւ հոգեպէս ցաւի մատնեն զինք: (John Gill, D.D., An Exposition of the Old Testament, The Baptist Standard Bearer, 1989 reprint, vol. V, page 315)
Յիսուս կամովին տառապեցաւ հարուածներու, ցաւի, մտրակներու եւ խաչելիութեան տակ՝ մեր մեղքերուն համար, որուն համար ըսաւ.
«Վասնզի ես երկինքէն իջայ՝ ոչ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց» Յովհաննու 6:38)
«Անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ կանխագիտութիւնովը մատնուած ըլլալով՝» (Առաքելոց 2:23)
«Ինք մեզի համար անէծք ըլլալով» (Գաղատացիս 3:13)
«Ան քաւութինն է մեր մեղքերուն համար» (Յովհաննու Ա. 2:2)
«Զոր առաջուընէ սահմանեց Աստուած ՝ քաւութիւն ըլլալու համար» (Հռովմայեցիս 3:25)
Ոչ մէկ լեզու կրնայ պատմել այն զայրոյթը որ ունեցաւ.
Զայրոյթ՝ որ ինծի համար էր
Մեղքu` համարեայ խիստ մեծ էր, որ Իր վրայ առաւ լրիւ,
Ազատութիւն տալու համար մեղսւորին:
(“The Cup of Wrath“ By Albert Midlane, 1825-1909)
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ»: (Եսայի 53:10)
III. Երրորդ, Աստուած Յիսուսի հոգին մեղքին զոհ ըրաւ:
Ոտքի ելլենք եւ բարձրաձայն կարդանք բնագիրը, վերջացնելով «նուիրաբերում մեղքին»ով
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10)
Կրնաք նստիլ:
Նկատեցէք «yet» «տակաւին» բառը բնագրին սկիզբին:Ան կ'անդրադառնայ համար իննի վրայ, «քանզի անիկա անօրինութիւն մը չգործեց, ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ: Տակաւին...» (Եսայի 53:9): Նաեւ, Քրիստոս բնաւ մեղանջեց, «Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ» Dr. Gaebelein կը մեկնաբանութիւնը կ'ըսէ. «համար 10 ա -»ն ցնցիչ է իր երեւոյթով, որ կ'անտեսէ (Քրիստոսի) անհատական իրաւացիութիւնը, բայց ընթերցողը կը վերյիշէ իր տառապանքներուն փոխանորդական բնութիւնը... Շուտով Աստուած զայրացկոտ չտեսուիր այլ՝ զարմանալիօրէն շնորհալի» (Frank E. Gaebelein, D.D., General Editor, The Expositor’s Bible Commentary, Zondervan, 1986, volume 6, p. 304).
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10)
«Ան որ իր Որդւոյն չխնայեց, ապա, մեր ամէնուն համար մատնեց զանիկա» (Հռովմայեցիս 8:32)
«Ով մեր մեղքերը իր մարմինովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մեր մեղքերէվն ազատինք» (Պդտրոս Ա. 2:24)
«Վասն զի Աստուած զանիկա մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարները ըլլանք» (Կորնթցւոց 5:21)
«Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10)
Ոչ մէկ լեզու կրնայ պատմել այն զայրոյթը որ ունեցաւ.
Զայրոյթ՝ որ ինծի համար էր
Մեղքu` համարեայ անապատ, Իր վրայ առաւ լրիւ,
Ազատութիւն տալու համար մեղսւորին:
(“The Cup of Wrath“ by Albert Midlane, 1825-1909)
«Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10)
Աստուած՝ Քրիստոսի անձը մեղքի զոհ ըրաւ»: Քրիստոս մեռաւ ձեր տեղ, իբրեւ ձեր փոխանորդը, Քրիստոս տառապեցաւ ձեր տեղ փոխանորդաբար, իբրեւ քաւութիւն, վճարելու համար ձեր մեղքի տուգանքը, որ Աստուծոյ բարկութիւնը հեռացնէ ձեր վրայէն եւ Իր վրայ առնէ զանիկա: Երբ կը մտածէք գամերու մասին, որոնք անցան Իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջէն՝ ձեզի համար էր որ կատարուեցաւ: Ան արդար էր, մեռաւ անարդարին տեղ, քեզ Աստուծոյ բերելելու համար բոլորովին ներուած վիճակի մէջ: Spurgeon ըսաւ.
Մարդ արարածը դատապարտուած էր յաւիտեենական կրակի. Աստուած՝ Քրիստոսը առաւ, որ ըլլայ ձեր փոխանորդը: Իրականութիւն է, որ Ան Քրիստոսը չղրկեց յաւիտեենական կրակին, բայց վախցուց զայն այնպիսի տառապանքով, որ յաւիտենական կրակով վճարուող տուգանքին հաւասար էր... Քրիստոս այդ ժամուն կռեց մեր բոլոր մեղքերը, անցեալ, ներկայ ապագայի մեղքերը, որոնց համար պատժուեցաւ, որպէսզի դուք չպատժուիք, քանի ան պատժուեցաւ ձեր փոխարէն {ձեր տեղ}: Տեսա՞ք ինչպէս Աստուած՝ Հայրը ջախջախեց զինք: Ան այդպէս ըրաւ, որպէս թէ Քրիստոսի հոգեվարքը {դժողքի մէջ} մեր տարապանքին համար չէր: (C.H. Spurgeon, “The Death of Christ,” The New Park Street Pulpit, Pilgrim Publications, reprint, volume IV, pp. 69-70)
Տակաւին, Քրիստոսի մահը պիտի չփրկէ բոլոր մարդիկը դժողքէ: Պիտի փրկուին անոնք միայն, որոնք վստահեցան Քրիստոսի: Ան մեռաւ մեղաւորներուն համար, եւ միայն մեղաւորներուն համար. Ան մեռաւ անոնց համար, որոնք ներքուստ զգացին որ մեղաւոր են, եւ դիմեցին Քրիստոսի, որ ներէ իրենց:
Ձեր մեղքի գիակցութիւնը եւ Քրիստոսի կարիքը ունեցած ըլլալու ձեր գիտակցութիւնը արժանիքներ են, որոնք ցոյց կու տան որ Անոր մահը պիտի բուժէ ձեր մեղքը: Անոնք, որոնք կը պահ մը դադար կ'առնեն մտածելու համար Անոր մահուան մասին եւ ապա կը մոռնան զայն՝ պիտի երթան ստանալ յաւիտենական պատիժը իրենց մեղքերուն համար, քանի որ մերժեցին Քրիստոսի վճարումը խաչին վրայ:
Լրջօրէն մտածեցէք այդ մասին: Երկար եւ լուրջ մտածեցէք Toplady-ի շարական “Propitiation”ի բառերուն վրայ.
Ինծի տրուած էր անբիծ Գարնուկը
Զայրացած էր Անոր Հայրը.
Կը տեսնեմ Անոր արիւնած վերքերը եւ գիտեմ՝
գրուած էր հոն անունն Իմ:
Անդին կը ցայտէր Տիրոջ արիւնը,
Իր հոսքին մէջ ծիրանեգոյն,
Եւ իւրաանչիր վէրք՝ բարձրաձայն կը յայտներ
Իր հիանալի սէրը հանդէպ մարդու:
Ինծի համար, Փրկիչին արիւնը պիտի օգնէ,
Ամէնակարողաբար քաւելու:
Իր ձեռքերը որ տուաւ գամուելու
Պիտի զիս դէպի Իր գահը առաջնորդէ:
(“Propitation” by Augustus Toplady, 1740-1778;
to the tune of “At the Cross”)
Հիմա, յետոյ, Ինչու՞ չես վստահիր Յիսուսին: Ի՞նչն է որ քեզի արգելք կը դառանայ վստահելու Իրեն: Ի՞նչ կարգի գաղտնի մեղք է պահածդ, որ արգելք կը դառնայ վստահելու Իրեն: Ինչպիսի՞ սխալ եւ յիմար ցանկութիւն մըն է, որ քեզ հեռու կը պահէ Փրկիչէն: Ինչէ՞ կը վախնաս, որ կրնաս կորսնցնել բան մը, որ կը կարծես թէ կարեւոր է քեզի համար: Գաղտնի ի՞նչ պատճառ ունիս, որ քեզ հեռու կը պահէ վստահելէ Քրիստոսէ, որ կռեց Աստուծոյ սարսափելի բարկութիւնը, դատապարտութենէ փրկելու համար քեզ: Ետիդ նետէ այդ մտածումները – եւ վստահէ «Աստուծոյ գարնուկին, որ հեռացուց աշխարհի մեղքը»: (Յովհաննու 1:29): Ան քեզ կ'սպասէ: Մի' ուշանար: Վստահէ Իրեն հիմա, այս գիշեր: Հարցաքքնութեան սենեակը բաց է անոնց համար , որոնք կը փնտռեն Զինք, եւ փրկուիլ Իրմով:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Մեներգ՝ Նախքան Քարոզը, կը կատարէ. Mr. Benjamin Kincaid Griffith.
“Propitation” by Augustus Toplady, 1740-1778; to the tune of “At the Cross”:
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 11 ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՍԻՆ) Dr. R. L. Hymers, Jr. «Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի զոհ ընելէ ետք»: (Եսայի 53:10) (Ղուկաս 16:23, Հռովմայէցիս 3:25, 8:32, I. Առաջին, Աստուած խորտակեց Յիսուսին»: II. Երկրորդ, Աստուած ցաւերու մատնեց Յիսուսը: III. Երրորդ, Աստուած Յիսուսի հոգին մեղքին զոհ ըրաւ:
|