Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆA DESCRIPTION OF THE ATONEMENT Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Նեղութեամբ» եւ դատապարտութեամբ վերցաւ. Ո՞վ պիտի պատմէ. Անոր սերունդը Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ. Անիկա իմ՝ ժողովուրդիս մեղանչումին համար զարնուեցաւ» (Եսայի 53:8): |
Նախորդ համարի մէջ Եսայի մեզի ըսաւ Քրիստոսի լրութեան մասին.
«Մորթուելու գացող ոչխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս, Այնպէս իր բերանը չբացաւ» (Եսայի 53:7):
Dr. Edward J. Young ըսաւ. Շեշտելէ ետք Քրիստոսի լռւռ համբերութիւնը իր տառապանին մէջ, առաքեալը այժմ կու տայ աւելի մանրամասնեալ նկարագրութիւն մը այդ տառապանքին մասին (Edward J. Young, Ph.D., The Book of Isaiah, Eerdmans, 1972, volume 3, p. 351):
«Նեղութեամբ» եւ դատապարտութեամբ վերցաւ. Ու անոր սերունը ո՞վ պիտի պատմէ. Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ. Անիկա իմ՝ ժողովուրդիս մեղանչումին համար զարնուեցաւ » (Եսայի 53:8):
Համարը բնականաբար կը բաժնուի երեք մասերու (1) Քրիստոս կը տառապի, (2) Քրիստոսի սերունդը, եւ (3) Քրիստոսի փոխանորդական քաւութիւնը:
I-Առաջին, համարը կը նկարագրէ Քրիստոսի տառապանքը:
«Նեղութեամբ» եւ դատապարտութեամբ վերցաւ ... Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ. » (Եսայի 53:8):
Քրիստոս ձեռբակալուեցաւԿեցսեմանիի Պարտէզին մէջ: Տաճարին պահակները Զինք տարին քահանայապետին,: Զինք բերին բարձր քահանային, Կայաբասի (Caiaphas) առջեւ, եւ Հրէից վճռաբեկ դատաւոր՝ Sanhedrin-ի առջեւ: Ան այս դատարանի կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ սուտ վկայ: Ըսաւ Յիսուս.
«Ասկէ ետեւ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկինի ամպերուն վրայ եկած»: (Մաթէոսի ...26:64 )
Յետոյ մեծաւոր քահանան ըսաւ. «
«Ձեզի ի՞նչպէս կ'երեւի. անոնք պատասխան տուին ու ըսին. Մահապարտ է: Այն ատեն Անոր երեսը թուքին, բռունցքով ծեծեցին Զանիկա, ոմանք ալ ապտակեցին» (Մաթէոսի 26:66-67):
«երբ առտու եղաւ, բոլոր քահայանապեները ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ անիկա մեռցնեն: » (Մաթէոսի ...27:1):
Բայց անոնք օրինական իշխանութիւն չունէին Հռովմեական օրէնքի տակ անիկա ընելու, ուստի.
«Կապելով զանիկա տարին ու [հռոմէացի] Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին» (Մաթէոսի 27:2):
Պիղատոս հարցապնդեց Յիսուսին
«...եւ Յիսուսը ծեծելէ հտք անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի» (27:26):
Մեր յօդուածի այս բաժինը իր լրումին հասած էր.
«Նեղութեան» եւ դատապարտութեան վիճակի մէջ բանտէն բերին [մեծաւոր քահանային եւ Pilate-ի առջեւ]. ... Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ [իր մահով՝ խաչին վրայ] » (Եսայի 53:8):
Յիսուսի դատապարտութիւնը հռեայ Sanhedrin-ի եւ Pilate-ի կողմէ աւարտելէ ետք «Ան բանտէն ելաւ»: Caiaphas-ի առջեւ եւ ապա Pilate-ի առջեւ դատ «եւ դատապարտումէ» վերջ Զինք տարին բլուռ մը, որ կը կոչուէր Գողգոթա, (Calvary), ուր խաչեցին Զայն, որ մեռաւ Խաչին վրայ, ասիկա աւարտեց խօսքը, որ կ'ըսէր, «Ան կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ իր մահով՝ խաչին վրայ»:
Dr. John Gill (1697-1771) ըսաւ,
Ան ընկճուած էր տագնապի եւ դատավճիռի տակ. Իր կեանքը՝ իրմէ առնուած էր ուժգին, արդարութեան պատրուակի տակ. որով {իրապէս} {վատագոյն} անարդարութիւնը գործած էր Իրեն դէմ, սխալ մեղանդրանք մը կատարուած էր Իրեն դէմ, [կաշառեցին վկաներ, որոնք սուտ երդումի տակ սուտ վկայութիւն տան Անոր դէմ], եւ Անոր կեանքը առնուեցաւ տկար ձեռքերով [ինչպէս ըսուած է ] Առակած 8:32-ի մէջ, [«Ան առաջնորդուեցաւ ոչխարի պէս դէպի սպանութիւն, եւ գառնուկի նման [լուռ] իր խուզողին առջեւ, եւ բերանը չի բացաւ]: Իր նուաստացման մէջ իր դատապարտումը մոռցուեցաւ. Ան հասարակ արդարութիւն չստացաւ (John Gill, D.D., An Exposition of the Old Testament, The Baptist Standard Bearer, 1989, reprint, volume V. p. 314):
Ինչպէս մեր յօդուածը կ'ըսէ,
«Բանտէն եւ դատավարութենէն բերին... . Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ...» (Եսայի 53:8):
II-Եկրորդ, յօդուածը կու տայ Քրիստոսի սերունդին նկարագրութիւնը:
Յօդուածին մէջտեղը գոյութիւն ունի պարբերութիւն մը, որ ձեւով մը դժուար է բացատրել,
«Բանտէն եւ դատավարութենէն բերին... Եւ անոր սերունդը ո՞վ պիտի պատմէ. Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ...» (Եսայի 53:8):
Ո՞վ պիտի պատմէ Անոր սերունը: Dr. Gill ըսաւ թէ ասիկա խօսքն է այդ դարուն խօսուած [կամ այն ազգին մէջ, ուր Ան ապրեցաւ]. Եւ մարդիկը, որոնց հետ ապրեցաւ, անոնց բարբարոսութիւնը եւ անզգամութիւնը Անոր դէմ՝ յանձանքներ էին, որոնք (ամբողջապէս) կարելի չէ պատմել բերնով, կամ՝ (ամբողջովին) նկարագրելի չէ մարդու գրիչով՝» (Gill): Ան կը լացնէ մեր սրտերը, երբ կը կարդանք այդ դաժանութիւնները եւ անարդարութիւնը որ ունեցաւ Աստուծոյ անմեղ Զաւակը ինչպէս կը գրէ Joseph Hart (1712-1768) իր ցաւագին բանաստեղծութեան մէջ.
Տեսէք ինչ հանդարտ կեցուացք ունի Յիսուս,
Արհամարուած (այս զզուելի վայրին մէջ)
Մեղաւորները կապեցին Ամենակարողին ձեռքերը
Եւ թքեցին երեսին զիրենց Ստեղծողին:
Իր քունքերուն՝ փուշեր խոցեցին եւ պատրեցին
Բացին արեան հոսանքներ ամէն կողմէ,
կռնակին հանգուցաւոր խարազան, մտրակ
Բայց խարազանը կը պատրէր Իր սիրտը:
Գամուեցաւ մերկութեամբ, անիծեալ փայտին
Ցուցադրուեցաւ վերեւ՝ երկրին եւ երկնքին,
Ներկայացում մը նաեւ՝ արեան եւ վէրքի,
Գլուխ գործոց մը վիրաւոր սիրոյ:
(“His Passion” by Joseph Hart, 1712-1768, որ վերածուած է երգի՝
“‘Tis Midnight, and on Olive's Brow”):
John Trapp (1601-1669) ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ յայտնաբերել կամ նկարագրել Անոր սերունդը: [Ո՞վ կրնայ նկարագրել] անզգամութիւնը մարդոց, իրենց ապրած ժամանակահատուածին մէջ: ( John Trapp, A Commentary on the Old and New Testaments, Transki Publications, 1997 reprint, volume 3, page p. 410).
Դժուար է բացատրել, մարդկային բառերով, թէ ինչու՞ հրէաներու այդ առաջնորդները ուզեցին որ Յիսուսը խաչուի, եւ Հռոմէացի զինուորները «եղէգով գլխուն զարկին, եւ թքեցին վրան...եւ թող տուին որ խաչեն Զինք» (Մարկոսի 15:19-20).
«Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտան՝ Պիղատոսէ խնդրեցին որ անիկա սպաննուի» (Առակած 13:28):
John Trapp ըսաւ. ««Ո՞վ կրնայ յայտարարել կամ նկարագրել անոր սերունդը, մարդոց անզգամութիւնը, անոնց ապրած ժամանակահատուածին մէջ:»
«Նեղութեամբ» եւ դատապարտութեամբ ելաւ բանտէն. Ու անոր սերունդը ո՞վ պիտի պատմէ. Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ. Անիկա իմ ժողովուրդիս մեղանչումին համար զարնուեցաւ» (Եսայի 53:8):
Dr. Young ըսաւ. «[Յայտարարել] բայը կը նշանակէ միջամտութիւն կամ լուրջ մտածողութիւն ունենալ բանի մը մասին... Անոնք պէտք է հասկցած ըլլային [Անոր մահուան իմաստը], բայց չուզեցին» (Young, p. 352)
Ի՞նչ տարբերութիւն կայ այսօր: Միլիոնաւոր մարդիկ իմացան խաչի վրայ Յիսուսի մահը, առանց լրջօրէն մտածելու այդ մասին: «Անոնք նկատելու էին, բայց չըրին»: Ո՞վ իրապէս կը մտածէ Քրիստոսի խաչելութեան մասին: Դուն կը մտածե՞ս: Ժամանակ կուտաս՞ մտածելու Քրիստոսի մահուան մասին եւ անիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար:
«Ո՞վ կրնայ ...նկարագրել իր սերունդը...եւ մարդոց անզգամութիւնը իր ապրած ժամանակահատուածին մէջ», ըսաւ John Trapp: Եւ տակաւին Յիսուսը խաչող մարդիկը իրապէս նման էին այս օրուան դարձի չեկող մարդոց: Այսօր մարդիկ չեն ուզեր լրջօրէն մտածել Քրիստոսի մահուան իմաստին մասին: Երբ «The Passion of Christ» ը ցուցադրուեցաւ մեր թատրոններուն մէջ՝ շատ մը նոր մեկնաբաններ ըսին թէ այդ շարժանկարը խորը ազդեցութիւն պիտի գործէ անոնց վրայ, որոնք տեսան այդ շարժանկարը: Անոնք ըսին. անիկա պիտի բռնկեցնէ արթնութիւնը Աւետարանի վրայ: Անոնցմէ ոմանք ըսին թէ անիկա պիտի պատճառ դառնայ երիտասարդներու խուռներամ բազմութեամբ եկեղեցիներ երթալուն: «Ո՞վ պիտի կրնայ պատմել Իր սերունդի մասին»:
Այս շարժապատկերը հրապարակ իջաւ 2004 թ.ին: Անիկա ինը տարի առաջ էր: Բաւական ժամանակ սպասեցինք տեսնելու համար թէ այդ մեկնաբանները ճի՞շդ էին: Քրիստոսի այդ տառապանքին ահռելի պատկերացումը հոգեբանական ազդեցութիւն թողուց շատերու վրայ, որոնք տեսան այդ շարժապատկերը: Բայց հիմա կրնանք նկատել, թէ շարժանկարը որոշից ազդեցութիւն ունեցած չէ զանիկա տեսնողներու վրայ: Անոնք վերադարձած են իրնց անձնական կեանքին եւ մեղաւոր կեանքին:
Կը տեսնէ'ք մեղքի հիմնական էութիւնը: Դարձի չեկած մարդիկ, կրնան ունենալ միայն փոքր ինչ տխրութիւն Քրիստոսի տառապանքին համար: Լաւագոյն դէպքին, խղճի դոյզն տագնապ: Անոնք կը վերադառնան՝ իրենցմէ ժամեր խլող «շահադիտական նպատակներուն» (surfing net), նիւթականի ծարաւին, իրենց անաստուած կեանքին, տեսաերիզի խաղերուն, կիրակիները եկեղեցիներէ հեռու մնալուն, չնչին չափով մը մտածելու զիրենք ստեղծող Աստուծոյ մասին, եւ Քրիստոսի մասին, որ տառապեցաւ Խաչին վրայ իրենց փրկութեան համար: «Ո՞վ կրնայ ...նկարագրել Անոր սերունդը... այն սերունդը, որ ապրեցաւ Քրիստոսի խաչելիութեան ժամանակ, որ իրապէս նման է ձեր սերունդին: Անոնք անձնասէրներ են, անաստուածներ, անոնք ապրեցան իրենց մեղաւոր հաճոյքներուն համար, կատարելապէս ձեզի նման: Ամէն դէպքին, ո՞րքան ժամանակ կը տրամադրէք ամէն օր Աստուծոյ մասին մտածելու համար: Ո՞րքան ժամանակ, կը տրամադրէք ամէն օր աղօթելու համար: Ո՞րքան Քրիստոսի խաչելութեան արիւնահոսութիւնը կ'ազդէ ձեր ամէնօրեայ կեանքին վրայ: Եթէ անկեղծ եք դուք ձեզի հետ, կը մտածեմ, որ դուք պէտք է ընդունիք, որ մեծ տարբերութիւն մը չունիք Քրիստոսը ուրացող այն սերունդէն, որ խաչեց Զինք, եւ վերադարձաւ իր անձնասէր կեանքին: Ասիկա մեղքի էութինն է: Ասիկա մեղքի բնութիւնն է: Ասիկա ցոյց կուտայ, որ դուք մեղաւոր եք եւ դուք ամէն դէպքին, նոյնքան յանցաւոր եք որքան անոնք, որոնք ապրեցան Քրիստոսի ժամանակ: Նոյնիսկ երբ եկեղեցի կուգաք ամէն կիրակի, ունիք «բարեպաշտութեան ձեւ մը» (Պողոս առաքյալի երկրորդ թուղթը Տիմոթեոսին 3:5). Ճիշդ կը մտածէ՞ք ձեր անձին մասին: Ճիշտ չէ՞ որ «դուք մեղանչեցիք, եւ հեռու մնացիք Աստուծոյ փառքէն» (Հռոմեացիներին 3:23). Եւ այդ վայրկեանէն՝ որ այս բոլոր բաները իրականութիւն են ձեզի համար՝ ի՞նչպէս կրնաք փախուստ տալ Ամենազօր Աստուծոյ դատաստանէն, բարկութենէն: Rev. Iain Murray իր նոր գրքին մէջ կը գրէ Dr. Martyn Lloyd-Jones-ի կեանքին մասին.
Dr. Lloyd-Jones-ի քարոզը, Աստուծոյ առջեւ մարդ արարածի՝ յանձագործութեամբ մեղքի մէջ իյնալու մասին է. կը նշանակէ՝ քարոզել երկնային բարկութեան մասին. բարկութիւն՝ որ կ'իջնէ դարձի չեկողին վրայ եւ կը դատապարտէ զայն դժողքի ... վայր մը՝ ուր կրակը պիտի չի մարի (lain H. Murray, The Life of Martyn Lloyd-Jones, The Banner of Truth Trust, 2013, p. 317) :
III-Երրորդ, յօդուածը կը նկարագրէ խոր իմաստը Քրիստոսի տառապանքին:
Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ բարձրաձայն կարդալ Եսայիի (Isaiah) 53:8-ն, ուշադրութիւն դարձնելով վերջին համարին, «իր մեղանչումին համար հարուածուեցաւ իմ ժողովուրդս»
«Նեղութեան» եւ դատապարտութեան վիճակի մէջ բանտէն դուրս բերին. ո՞վ պիտի պատմէ իր սերունդին մասին, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ. «իր մեղանչումին համար հարուածուեցաւ իմ ժողովուրդս» (Եսայի 53:8):
Կրնաք նստիլ:
Dr. Merrill F. Unger ըսաւ.
Տասնըեօթ դարեր {Եսայի 53-ի Մեսիական մեկնաբանութիւնը} միակ մեկնաբանութիւնն էր Քրիստոնեայ [եւ] Հրեայ իշխանութիւններու մօտ: [Յետագային Հրեաները] կամովին լքեցին այդ գլուխի (chapter) «տեսութիւնը, Քրիստոսով անոր նշանաւոր կատարելագործութեան պատճառաւ (Unger, ibid., p. 1293).
Այսօր Շատ մը հրեայ գիտնականներ կ'ըսեն թէ Եսայիի ամբողջ յիսունըերրորդ գլուխը կ'անդրադառնայ հրեայ ժողովուրդի տառապանքին մասին, ոչ՝ Քրիստոսի մասին: Նաեւ հրեաները ահռելիօրէն տառապեցան կեղծ Քրիստոնեաներու ձեռքին տակ. ասիկա իրականութիւն չէ, ան չի տար մեր գրութեան ճշմարիտ իմաստը, որ յստակօրէն կ'ըսէ, «իր մեղանչումին համար հարուածուեցաւ իմ ժողովուրդս» (Եսայի 53:8), Dr. Henry M. Morris ըսաւ, «Ան մեռաւ իմ ՝ժողովուրդիս համար' որ Իսրայէլն էր- ցոյց տալով որ Քրիստոս ՝ այս հատուածին մէջ Իսրայէլը չէ, որ շատեր վկայեցին» (Henry M. Morris, Ph.D., The Defender’s Study Bible, Word Publishing, 1995-p. 767). Ատոր իրաւ նշանակութիւնը այն է, որ հրէայ ժողովուրդը չէր որ հարուածուեցաւ, այլ՝ Քրիստոս Ի'նք հարուածուեցաւ անոնց փոխարէն, իրենց մեղքերուն համար, վճարելու համար իրենց եւ մեր մեղքերուն պատիժը: Ան խաչուեցաւ վճարելու համար մեր մեղքերուն պատի'ժը:
Dr. John Gill ըսաւ բառացի. «իր մեղանչումին համար հարուածուեցաւ իմ ժողովուրդս» որ կը համեմատի հրեայ ժողովուրդին, նաեւ՝ ընտրեալ քրիստոնեաներուն-ցոյց տալու համար, որ Քրիստոս հարուածուեցաւ Իսրայէլի եւ «իր ժողովուրդին» մեղքերուն համար, որոնք Քրիստոնեայ են (Gill էջ 314): Կը կարծեմ թէ Dr. Gill երեւան կը հանէ իրաւ նշանակութիւնը այդ խօսքերուն,
«իր մեղանչումին համար հարուածուեցաւ իմ ժողովուրդս» (Եսայի 53:8)
:Քրիստոս «հարուածուած էր» Խաչի վրայ, վճարելու համար Իր ժողովուրդին մեղքերը, ըլլան անոնք հրեայ կամ Ազնուականներ: Անոր մահը փոխանակութիւն էր. Քրիստոս մեռաւ վճարելու համար մեր մեղքերը: Ան քաւութեան համար էր, հեռացնելու համար Աստուծոյ բարկութիւնը մեղաւորներէն:
Բայց հոն կար պայման մը: Քրիստոսի համար կատարելապէս վճարում մը կար ձեր մեղքերուն համար. դուք պէտք է հաւատքով վստահիք Իրեն: Քրիստոսի կողմէ մեղքի-վճարումը Խաչի վրայ պիտի չի փրկէ որեւէ մէկը, որ չի' վստահիր Յիսուսի: Փրկութիւնը կու գայ երբ կը յանձնուիք Յիսուսին, որպէսզի ձեր մեղքերը սրբուին Աստուծոյ արձանագրութենէն, Փրկիչին Արիւնով:
Կրնաք գիտնալ այս համարի բոլոր իրողութիւնները եւ տակաւին կորսուած ըլլալ: Սատանան ամբողջական գիտութիւն ունի այդ իրողութիւններուն մասին: Յովհաննու Առաքեալ ըսաւ. «սատանաները նոյնպէս կը հաւատան, եւ կը դողդղան» (թուղթը 2:19): Սատանաները ծանօթ են Քրիստոսի քաւութեան մահուան մասին: Դուք երկար ճամբայ ունիք կտրելիք եթէ կը փափաքիք փրկուիլ: Դուք պէտք է իրապէս ենթարկուիք Քրիստոսին եւ վստահիք Անոր: Դուք պէտք է դարձի գաք Աստուծոյ, թէ ոչ՝ Դժողք կ'երթաք ձեր սորված մտածումներով Անոր խաչելութեան կապակցութեամբ:
Մտիկ ըրէք Dr. A. W. Tozer-ին երբ կը խօսի «Decisionism»-ի եւ իրա'ւ դարձի գալու մասին: Dr. Tozer ըսաւ.
Դարձի գալու եկեղեցական ամբողջական գործառնութիւնը եղած է մեքենական եւ վախկոտութեամբ: Հաւատքը պէտք է գործէ առանց բախումի բարոյական կեանքի եւ Ադամական եսի «ego» հետ: Քրիստոս կրնայ ընդունիլ մէկը առանց իր հոգւոյն մէջ յատուկ սէր ունենալու Անոր հանդէպ»: (A. W. Tozer, D.D., The Best of A.W. Tozer, Baker Book House, 1979, page 14)
«Դարձի գալու եկեղեցական ամբողջական գործառնութիւնը եղած է մեքենական եւ վախկոտութեամբ» - եւ կրնամ աւելցնել, թէ ատիկա եղած է առանց Քրիստոսի: «Decisionists» -ները պարզապէս կ'ուզեն որ արաք աղօթք մը ընեք, կնքուիք, եւ ատով վերջանայ: Շատ յաճախ Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը դժուարութեամբ կը յիշատակուին: Շատ յաճախ բոլորովին կը մոռցուին: Աւետարանը այս չէ որ կ'ուսուցանէ: Աւետարանը կը սորվեցնէ, որ դուք զգաք յանձանքը ձեր մեղանջումին, եւ տեսնեք թէ դուք չէք կրնար փախուստ տալ ձեր մեղքէն եւ անոր հետեւանքներէն, այլ՝ պէտք է գաք Քրիստոսի, Անոր ցոյց տալով ձեր անօգնական վիճակը, եւ ձեր վստահութիւնը ձերի սրտին մէջ: Ապա, յետոյ միայն, փորձառաբար պիտի գիտնաք թէ ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Եսայի Մարգարէ որ ըսաւ.
«Անիկա իմ՝ ժողովուրդիս մեղանչումին համար զարնուեցաւ» (Եսայի 53:8):
Երբ հաւատքով կը վստահիք Յիսուս Քրիստոսի, Անոր Արիւնը կը մաքրէ ձեր բոլոր մեղքերը եւ դուք փրկուած կ'ըլլաք – բայց նախպէտք է վստահիք: Ոչ, ոչ՝ Դուք պէտք է հաւատա'ք Յիսուս Քրիստոսի եթէ կուզեք փրկուիլ:
Եկեք ոտքի ելլենք միասին: Եթէ կուզեք մեզի հետ Յիսուսի վստահելու մասին, հաճեցէք թողուլ ձեր աթոռը անմիջապէս եւ երթալ դէպի այս սրահին ետեւը: Dr. Cagan-ը ձեզ պիտի առաջնորդէ հանդարտ սենեակ մը, ուր կրնանք խօսիլ ձեզի հետ Քրիստոսի յանձնուելու եւ Անոր Արեամբ լուալ-մաքրուելու համար ձեր մեղքերէն: Mr. Lee, հաճիս գալ եւ աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք պատասխան տուին: Ամէն:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Բնագիրը Կարդալ Նախքան Dr. Kreighton L. Chan-ի Քարոզը, (Եսայի 53:1-8):
Նախքան Քարոզը Պիտի Մեներգէ Mr. Benjamin Kincaid Griffith,
«Օրհնութեան Կատարումը»՝(Avis B. Christiansen, 1895-1985) :
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 9 ԵՍԱՅԻ 53 ) Dr. R. L. Hymers, Jr. «Բանտէն եւ դատավարութենէն բերին... Եւ անոր սերունդին մասին ո՞վ պիտի պատմէ . Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ...» Անիկա իմ ժողովուրդիս մեղանչումին համար զարնուեցաւ» (Եսայի 53:8): (Եսայի 53:7) I- Առաջին, համարը կը նկարագրէ Քրիստոսի տառապանաքը:
II- Եկրորդ, յօդուածը կու տայ Քրիստոսի ազգատոհմին նկարագրութիւնը: Եսայի 53:8; Մարկոսի 15:19-20; Առակած 13:28;
III- Երրորդ, յօդուածը կը նկարագրէ խորը իմաստը Քրիստոսի տառապանքին: Եսայի 53:8c; Հակոբոս առաքյալի ընդհանրական թուղթը 2:19: |