Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՈՉԽԱՐԻ ԼՌԻՒԹԻՒՆԸ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 8 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) by Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոջխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս» (Եսայի 53-7) |
Միշտ ներշնջող է լսել Քրիստոնեայ նահատակի մը վերջին խօսքերը: Անիկա կը ջերմ՝ացնէ մեր սրտերը լսելով մեռնող բառերը: Polycarp երրորդ դարու սկիզբներուն քարոզիչ մըն էր: Անգլերէնով իր անունը Polycarp էր, լատիներէնով' Polycarpus: Polycarp աշակերտն էր Յովհաննէս Առաքեալի: Տարիներ ետք ան կայնեցաւ հեթանոս դատաւորի մը առջեւ, որ ըսաւ. «Դուն ծերուկ մարդ մըն ես, անհրաջեշտ չէ որ մեռնիս:կԿ'երթնում, որ քեզ պիտի ազատ արձակեմ, պայմանաւ որ պաշտես Տէր Caesar-ին, եւ երդում տաս Caesar-ի անունով, եւ ես ուրախութեամբ քեզ ազատ պիտի արձակեմ: Ուրացիր Քրիստոսը, եւ դուն պիտի ապրիս:»
Polycarpus պատասխանեց. «»ութսունըվեց տարի ես ծառայեցի [Քրիստոսի] Ան բնաւ սխալ չի գործեց ինծի հանդէպ: Ի՞նչպէս կրնամ հայհոյել իմ Թագաւորիս, որ փրկեց զիս:» Դատաւորը ըսաւ. «Ես կրակով պիտի այրեմ քեզ:» Polycarpus պատասխանեց. «Այդ կրակը որով կ'սպառնաս՝ մէկ ժամուան մէջ պիտի մարի:» Չե՞ս գիտեր գալիք դատաստանի կրակը եւ կորստաբեր անվերջանալի պատիժը: Բայց ինչու՞ կ'ուշացնէք: Եկէք, ըրէք ինչ որ կը ցանկաք:
Ասոր վրայ, դատաւորը իր մունետիկը ղրկեց կրկէս բարձրաձայն յայտարարելու համար ժողովուրդին, որ « Polycarpus խօստովանեցաւ իր քրիստոնեայ ըլլալը» «Ողջ ողջ այրէ զինք» բացագանչեց հեթանոս ամբոխը: Կրակը պատրաստուած էր: Դահիճը մօտեցաւ Polycarp-ին գամեելու համար ցողին (stake) վրայ: Polycarp ըսաւ հանդարտութեամբ. «Թողէք զիս ինչպէս որ եմ:» «Ան որ ինծի տոկալ շնորհեց կրակին՝ պիտի չի թողու որ խարոյկը ձեր ցանկութեամբ ապահովուած մնայ:»
Ապա Polycarp ձայնը բարձրացուց աղօթքով, գովաբանելով զ'Աստուած, որ զինք «մեռնելու պատւոյն արժանացուցած էր:» Բոցը լուսաւորեց եւ փայլատակեց իր շուրջ: Տեսնելով, որ իր մարմինը փուլ չէր գար կրակին մէջ, դահիճ մը դաշոյնով հարուածեց զինք: Այսպէսով վերջ գտաւ Polycarpus-ին կեանքը, Սմիրնիոյ հովիւ եւ Յովհաննէս Առաքեալի ուանողին: (տես՝ James C. Hefley, Heroes of the Faith, Moody Press, 1963, pp. 112-14):
Spurgeon ըսաւ «Jane Bouchier մասին, մեր պանծալի Baptist նահատակ... երբ զինք բերին Church of England-ի երկու եպիսկոպոսներ Cranmer-ի եւ Ridley-ի առջեւ», որոնք դատապարտեցին այդ Baptist-ը հրկիզուելու ցիցի վրայ՝ ըսելով անոր, որ այրելով մեռնիլը հիշտ է: Ան ըսաւ անոնց. «Ես հաւատաւոր սպասուհին եմ Քրիստոսին, ինչպէս որեւէ մէկը ձեզմէ. եւ եթէ ձեր խեղճ քոյրը մահուան ենթարկէք, ուշադիր եղէք՝ չըլլայ թէ Աստուած Հռոմի բոլոր քայլերը արձակէ ձեր վրայ, եւ դուք տառապիք նաեւ Աստուծոյ համար:» Որքան իրաւացի էր այս խօսքը, այդ երկու մարդերը նոյպէս նահատակուեցան կարճ ժամանակ մը վերջ: (տես՝ C. H. Spurgeon, “All-Sufficiency Magnified,” The New Park Street Pulpit, volume VI, pp. 481-482).
Թէեւ անցած են բազմաթիւ դարեր, Polycarp եւ Jane Bouchier ուժքին հաւատքով պատգամ ձգեցին երբ այրեցան ցողի (stake) վրայ: Տակաւիպ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս նոյնը չըրաւ երբ սպառնացին չարչարել եւ մեռցնել: Այո, Ան խօսեցաւ բարձրագոյն քահանային, Ան խօսեցաւ հռովմէացի կառավարիչ Pontius Pilate-ին: Բայց երբ պահը եկաւ մահուան տանող ճամբու կիսուն, մինչեւ սկսան մտրակել եւ Խաչի մը վրայ գամելու: Եսայի մարգարէ կը նկարագրէ Անոր ապշեցուցիչ լռութեան տուեալները:
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոջխարի պէս, խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս» (Եսայի 53-7 )
Ան ոչ մէկ բառ ըսաւ, երբ անոնք ծեծեցին Զինք: Ան ոչ մէկ բառ ըսաւ, երբ անոնք Խաչին վրայ գամեցին Զինք: Եկէք վերադառնանք մեր յօդուածին եւ անոր խորը թափանցենք եւ երեք հարցադրումներ կատարենք եւ պատասխանենք անոնց:
I. Առաջին, ո՞վ էր այս մարդը որ կը կոչուէր Յիսուս
Ո՞վ էր անիկա որու մասին մարգարէն խօսեցաւ, ըսելով.
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ:» (Եսայի 53-7)
Աւետարանը կ'ըսէ մեզի, որ Ան Փառապսակ Տէրն է (the Lord of glory), Երկրորդ Անձը Սուրբ Երրորդութեան, Աստուած Որդին մարդո'ւ մարմնով: Ինչպէս հանգանակը կ'ըսէ. «Ճշմարիտ Աստուած ճշմարիտ Աստուծոյ:» Մենք բնաւ պէտք չէ մտածենք, որ Յիսուս պարզ մարդկային ուսուցիչ մէն է կամ պարզ մարգարէ մըն է: Ան միջոց չի ձգեց մեզի մտածելու Իր մասին երբ Ան ըսաւ.
« Ես եւ Հայրս մեն մէկ ենք» » (Յովհաննու 10:30)
Կրկին անգամ, Ան ըսաւ.
« Ես եմ՝ յարութիւնը ու կեանքը. Ան որ ինծի կը հաւատայ Թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: (Յովհաննու 11:25)
Եթէ ուրիշ որեւէ մէկը այս բաները ըսած ըլլար, մենք զինք միտի անուանէինք դիւահար, ցնորած, ցնդած, զարամեալ կամ խանգարուած: Բայց երբ Յիսուս ըսաւ ատիկա, Ան եւ Աստուած մէկ են, եւ Ան, երբ ըսաւ. «Ես եմ՝ յարութիւնը ու կեանքը» եւ նման խօսքեր, կանգ կ'առնենք եւ կը մտածենք եւ անգամ ամէնէն գէշը , մեզմէ կը զարմանայ եթէ Ան ճիշդ չըլլար, պիտի զարմանային մարդիկ:
Արդարեւ, միշտ չէ որ համաձայն կը գտնուիմ C.S. Lewis-ի հետ տարբեր կէտերու վրայ, բայց իչպէ՞ս կրնանք համաձայն չի գտնուիլ իր հանրածանօթ այն հետեւեալ համոզումին հետ, որ կը վերաբերի Յիսուս Քրիստոսի: C.S. Lewis ըսաւ.
Ես կը փորձեմ կանխել որեւէ մէկը որ ըսէ այն ապուշ բանը, որ մարդիկ յաճախ կ'ըսեն Անոր մասին. «Ես պատրաստ եմ ընդունելու Յիսուսը իբրեւ բարձր բարոյախօսական ուսուցիչ, բայց չեմ ընդունիր Իր Աստուածութեան պահանջքը.» Ասիկա բան մըն է, որ պէտք չէ ըսել: Մարդ մը, որ պարզապէս մարդ է եւ կ'ըսէ նման բաներ, որոնք Յիսուս ըսաւ, չի կրնան մեծ բարոյավօս ուսուցիշ մ'ըլլալ: Ան կամ լուսնոտ է, որ կ'ըսէ -հաւկիթի գաղտորսութիւն է ըրածը- կամ՝ Դժողքի Սատանայ մը կրնայ ըլլալ: Դուք պէտք է ձեր ընտրութիւնը ընէք: Կամ այն է, որ այս մարդը էր եւ է Աստուծոյ Զաւակը, կամ այլապէս խենթ մը կամ աւելի վատ բան մը է: Դուք կրնաք Անոր ձայնը կտրել ինչպէս խենթի մը, կրնաք թքել Անոր վրայ եւ սպաննել Զայն, իբրեւ սատանայ. Կամ՝ իյնալ Անոր ոտքերուն եւ կանչել Զայն' Տէր եւ Աստուած: Բայց կարելի չէ ընդունիլ Անոր մարդկային մեծ ուսուցիչ ըլլալու իմաստակութիւնը : (C.S. Lewis, Ph.D., Mere Christianity, Harper Collins, 2001, p. 52 ).
«Դուք կրնաք թքել Անոր վրայ եւ սպաննել Զայն, իբրեւ սատանայ. Կամ՝ իյնալ Անոր ոտքերուն եւ կանչել Զայն Տէր եւ Աստուած... Դուք պէտք է ընէք ձեր ընտրութիւնը» Յիսուսի մասին, ըսաւ,
«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը հօրը քով չգար՝ եթէ ոչ ինծմով:» (Յովհաննու՝ 14-6 )
Եթէ կը հաւատաք անոր, Դուք չէք կրնար շփոթել Յիսուսը Պուտտայականութեան կամ Հինտուզմի կամ Իսլամութեան հետ, որովհետեւ Յիսուս «թող չի տուաւ որ անոնք բացուին մեզի: Ան նպատակ չունէր: Յիսուս մեզի տուաւ այլ ընտրանքներ:» Ան ըսաւ. մէկը հօրը քով չգար՝ եթէ ոչ ինծմով:» Ինպէս C.S. Lewis ըսաւ, «Դուք կրնաք թքել Իր վրայ եւ սպաննել Զինք...կամ՝ իյնալ Անոր ոտքերուն եւ կանչել Զայն՝ Տէ'ր եւ Աստուա'ծ... Դուք պէտք է ընէք ձեր ընտրութիւնը»: Մէկը կամ միւսը: Ոչ մէկը իրապէս չէզոք է ասոր մէջ: Անոնք կրնան յաւակնոտ ըլլալ, բայց երբէք իրապէս չէզոք են: «Ան թող չի տուաւ որ անիկա բացուի մեզի:»
II. Եկրորդ, ինչու՞ Յիսուս ձախողեցաւ Ինզինք պաշտպանելու մէջ անոնց դիմաց, որոնք չարչարեցին եւ սպաննեցին Զինք
Ի՞նչու այդպէս.
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: » (Եսայի 53-7 )
Մեծ գիտնական Albert Einstein, ոչ քրիստոնեայ մը, ըսաւ.
«Ոչ մէկը կրնայ կարդալ {չորս} Աւետարանները առանց զգալու Քրիստոսի մերօրեայ ներկայութիւնը: Անոր անձնաւորութիւնը կը բաբախէ իւրաքանչիւր բարի մէջ: Առասպել չի կայ նման կեանքի մէջ:» (Albert Einstein, Ph.D., The Saturday Evening Post, October 26, 1929)
Տակաւին, երբ ան մտրակուեցսւ եւ խաչուեցաւ, Յիսուս ոչիչ ըսաւ: Ինչու՞ Յիսուս չի պաշտպանեց Ինքզինք անոնց դէմ, որոնք ծեծեցին Զինք եւ սպաննեցին Զինք: Ֆրանսացի փիլիսոբան Rousseau, խիստ անաստուած մը, շատ մօտեցաւ պատասխանին, երբ ըսաւ.
Եթէ Socrates ապրած ու մեռած ըլլար որպէս փիլիսոբայ, Յիսուս ապրած մեռած ըլլար Աստուածոյ մը նման (Jean-Jacques Rousseau, ֆրանսացի փիլիսոբայ, 1712-1778)
Յիսուս չի պաշտպանեց Ինքզինք, որովհետեւ վար, Երկիր իջնելուն հիմնական նպատակը տառապիլ էր եւ մեռնիլ՝ Խաչին վրայ: Տարի մ'առաջ Իր խաչելութենէն, Յիսուս յստակացուց այդ մէկը:
«Անկէ ետեւ սկսաւ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցնել թէ պէտք է որ Երուսաղէմ երթայ, ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահայանապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի, երրորդ օրը յարութիւն առնէ:» (Մաթէոսի 16:21 )
Կիրարական Նոր Կտակարանի Մեկնաբանութիւնը կ'ըսէ.
Պետրոս կարգին խօստովանեցաւ այն՝ թէ Յիսուս Քրիստոսն էր, Մեսիան (Messiah), Զաւակը ապրող Աստուծոյ {Mark 8:29}: Բայց {Peter} տակաւ չի կրցաւ հասկնալ թէ Քրիստոս Ի՞նչ ընելու եկաւ երկիր: Ան մտածեց այնպէս ինչպէս մտածեցին այլ հրեաներ, այսինքն, որ Քրիստոս եկած էր երկրի վրայ թագաւոր ըլլալու: Արդարեւ, Երբ Յիսուս ըսաւ իրեն թէ {Ան} շատ չարչարանքներ պիտի կրէ եւ սպաննուի՝ Պետրոս չէր ընդունէր: Ան կշտամբեց Յիսուսին այդպէս բաներ ըսելուն համար: Յիսուս ըսաւ նաեւ, որ երեք օր ետք {Ինք} յարութիւն պիտի առնէր: Յիսուս գիտցաւ որ, Ինք ոչ միայն պիտի մեռներ, բայց նաեւ յարութիւն առներ մեռելներէն երրորդ օրը: Աշակերտները բնաւ չի հասկցան ասիկա: (Thomas Hale, The Applied New Testament Commentary, Kingsway Publications, 1996, pp. 260-261)
Բայց մենք պիտի հասկնայինք զանիկա: Աւետարանը կ'ըսէ.
«Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու համար մեղաւորները» (1 Տիմոթէոս 1:15)
Մեր մեղքերուն համար Խաչի վրայ Իր մահով եւ Իր յարութեամբ, որ մեզի կեանք տուաւ: Յիսուս դուրսը չի խօսեցաւ եւ Ինքզինք չի պաշտպանեց երբ քանակոծուցաւ եւ խաչուեցաւ որովհետեւ, ինչպէս ըսաւ Կառավարիչ Պիղատոսին (Pilate), «Ես այս բանին համար ծնած եմ, եւ ասոր համար աշխարհ եկած եմ:» (Յովհաննու 18:37)
III. Երրորդ՝ Ի՞նչ կ'ըսէ այս յօդուածը Յիսուսի լուռ տառապանքին մասին
Կը խնդրենք, որ ոտքի ելլէք եւ բարձրաձայն կարդաք Եսայիի 53:7 անգամ մը եւս:
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոջխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս» (Ըստ Եսայիի 53-7)
Կնաք նստիլ:
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ:» Dr. Young կ'ըսէ թէ ասիկա կրնայ թարգմանուիլ, «Ան {արտօնեց} ինքզինքին անիրաւուիլ:» «Անիրաւուելով Ան կամաւորապէս տառապեցաւ...Ոչ ինքնապաշտպանութիւն ըրաւ, ոչ բողոքեց: Մէկը չի կրնար կարդալ {այս մարգարէութիւնը] առանց մտածելու անոր իրագործման մասին, երբ Պիղատոս դատաւարութեան աթոռին վրայ նստած էր, ճշմարիտ Սպասաւորը ոչ մէկ պատասխան տուաւ: » «երբ ան նախատուած էր , նորէն չի նախատուեցաւ {երբ ան տառապեցաւ՝ չսպառնաց}:» (Edward J. Young, Ph.D., The Book of Isaiah, Eerdmans , 1972, volume 3, pp. 348-349)
« ԱԽյն ատենՊիղատոս ըսաւ անոր. Չե՞ս լսեր թէ որչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք: Եւ անոր բան մը պատասխան չտուաւ, մինչեւ շատ զարմացաւ կուսակալը: » (Ըստ Մատթէոսի 27:13-14)
« Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ'ընէին անոր վրայով: Ու Պիւղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. Պատասխան մը չե՞ս տար: Նայէ, ո'րչափ քեզի դէմ կը վկայեւ: Եւ Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, մինչեւ որ Պիւղատոս զարմացաւ: (Ըստ Մարկոսի 15:3-5)
«Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոջխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս» (Ըստ Եսայիի 53-7)
Եսայի 53-7-ի մէջ Յիսուս նմանցուեցաւ ոջխարի մը: Հին կտակարանի մէջ, մարդիկ ոչխարներ բերին մորթելու համար որպէս պատարագ (զոհ): պատարագի համար ոչխար մը պատրաստելու համար կը խուզեն զանիկա, կը կտրեն ամբողջ բուրդը: Ոչխարը լուռ կայնած է խուզուած: Քանի պատարագի ոչխարը լուր էր ու մորթուած, «ուստի բերանը գբացաւ» (Ըստ Եսայիի 53-7 )
Նաեւ Յովհաննու Մկրտիչ Յիսուսը նմանցուց ոչխարի երբ ըսաւ.
«Ահա Աստուծոյ գառը որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհաննու Մկրտիչ 1:29)
Երբ հաւատքով կը վստահիս Յիսուսի, Իր պատարագը (զոհը) Խաչի վրայ կը վճարէ քու բոլոր մեղքերդ եւ կը մնաս առանց մեղքի Աստուծոյ առաջ: Քու մեղքերդ կը քաւուին Իր մահով Խաչի վրայ: Եւ քու մեղքերդ կը մաքրուին հոն Թափած Իր Արիւնով:
David Brainerd, Հանրածանօթ միսիոնարը Ամերիկացի Հնդիկներու, կը յայտարարէ այս եշմարտութիւնը իր ամբողջ քարոզչութեան մէջ: Մինչ ինք կը քարոզէր Ամերիկացի Հնդիկներուն, ան ըսաւ. .«Ես երբէք չհեռացայ Քրիստոսէն եւ Իր Խաչելիութենէն: Նկատեցի թէ այս մարդիկը սերտօրէն ընդունած էին Քրիստոսի զոհաբերութեան նշանակութիւնը, մեր նկատմանբ,: Ես բաւարար ցուցմունքներ չունէի անոնց տալիք, որ փոխեն իրենց ընթացքը» (Paul Lee Tan, Th.D., Encyclopedia of 7.700 Illustrations, Assurance Publishers, 1979, p. 238):
Գիտեմ որ այսօր ալ նոյնն է: Անգամ մը տեսաք զանիկա
«Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւգիրքերուն ըսածին համեմատ» ( Ա –Կորնթացիս 15:3)
Եւ անգամ մը որ յանձնուեցար խաչեցեալին եւ Յարուցեալ Փրկիչին, դուք Քրիստոնեայ եք: : Վստահէ Քրիստոսի հաւատքով եւ դուն փրկուա'ծ ես:
Մինջ ան պարկած կը մեռնէր, Spurgeon ըսաւ. «Իմ Աստուածաբանութիւնս կը գտնուի իր չորս փոքր բառերուն մէջ – Յիսուս մեռաւ ինծի համար-: Չեմ ըսեր որ ասիկա է այն ամբողջը որ պիտի քարոզեմ եթէ ծնած ըլլալ վերստին: Աւելի քան բաւարար է մեռնիլ Աննոր համար: Յիսուս մեռաւ ինծի համար» (Than, ibid). Կրնա՞ս ըսել ասիկա: Կրնա՞ս ըսել , «Յիսուս մեռաւ ինծի համար», եթէ ոչ՝, կը յանձնուի՞ս յառուցեալ Փրկիչին եւ յանձնուիլ եւ վստահիլ Իրեն այս գիշեր: Պիտի ըսե՞ս «Յիսուս մեռաւ ինծի համար եւ ես կը յանձնուիմ եւ կը վստահիմ Իրեն ամբողջական փրկութեան համար Իր Արեամբ եւ արդարութեամբ: Թող Աստուած շնորհէ քեզի պարզ հաւատք՝ ասիկա ընելու համար: Ամէն:
Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ երգել շարական թիւ վեցը ձեր երգարանին մէջ, Charles Wesley-ի «Եւ Կրնայ Ըլլալ»,
Եւ Կրնայ Ըլլալ՝ այդ պիտի շահիմ
Համակրութեամբ Արեան Փրկիչին
մեռաւ ինծի համար. պատճառը՞ ցաւին
ինչպէս կարելի է` սէր Զարմանալի',
Այդ Դուն ես, Աստուածս, մեռար ինծի համար
Սէր զարմանալի՝ ինչպէս կարելի է
Այդ Դուն ես, իմ Աստուածս չմեռա՞ր ինծի համար
Սէր զարմանալի՝ ինչպէս կարելի է
Այդ Դուն ես, իմ Աստուածս չմեռա՞ր ինծի համար
(«And Can it Be » by Charles Wesley, 1707-1788)
Եթէ համոզուած ես որ Յիսուս կրնայ ներել քու մեղքերդ եւ փրկել հոգիդ, կը փափաքինք խօսիլ հետդ քրիստոնեայ ըլլալու մասին: կը խնդրենք, որ հիմա թողուք ձեր աթոռները եւ քալէք դէպի հանդիսասրահի ետեւը: Dr. Cagan ձեզ պիտի տանի հանդարտ սենակ մը, ուր մենք կրնանք խօսիլ: Հիմա շիտակ գացէք հնդիսասրահին ետեւը: Mr. Lee, հաճեցէք գալ եւ աղօթել անոնց համար, որոնք պատասխանեցին: Ամէն:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Կտակարանը Կարդալ Dr. Kreighton L. Chan-ի Քարոզէն առաջ. ԵՍԱՅԻ 52:13-53: 6:
Մեներգ՝ Քարոզէն Առաջ. Mr. Benjamin Kincaid Griffith:
“A Crown of Thorns” (by Ira F. Stanphill, 1914-1993) :
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՈՉԽԱՐԻ ԼՌԻՒԹԻՒՆԸ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 8 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոջխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջեւ մունճ կեցող մաքիի պէս» (Եսայի 53-7) I. Առաջին, ո՞վ էր այս մարդը որ կը կոչուէր Յիսուս:
II. Եկրորդ, ինչու՞ Յիսուս ձախողեցաւ Ինզինք պաշտպանելու
III. Երրորդ՝ Ի՞նչ կ'ըսէ այս յօդուածը Յիսուսի լուռ տառապանքին
|