Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ՅԻՍՈՒՍ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ, ՉԱԽՉԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԾԵԾՈՒԵՑԱՒ(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 6 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) Dr. R. L. Hymers, Jr. Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle մէջ «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ : Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք: (Եսայի 53:5): |
Յունական երկու բառեր կան Հռոմէական գլուխ մէկին մէջ, որոնք կ'օգտագործուին ցոյց տալու համար տարբերութիւնը՝ բանի մասին ծանօթութիւն ունենալու եւ բանի այդ մասին ամբողջական գիտութիւն ունենալու միջեւ: Մեզի ըսուած էր Հռովմայէցի 1:21 համարին մէջ, թէ հին ժողովուրդները գիտէին «Աստուծոյ մասին»: «գիտնալ» Յունական բառով “gnosis” կ'ըսուի: Անիկա կը նշանակէ թէ անոնք գիտէին Ատուծոյ մասին: Բայց Հռովմէացիներ 1:28 կ'ըսէ թէ անոնք չունէին Աստուծոյ ճանաչողութիւնը : «ճանաչողութիւն » բառը այստեղ “epignoisis”ն է, որ “gnosis” (ծանօթութիւն) բառի շեշտադրումը ունի, որ խորը ազդեցութիւն ձգող ամբողջական ճանաչողութիւնն է: (տես՝ W.E. Vine, An Expository Dictionary of New Testament Words, Revell, 1966, volume II, page 301): Ուստի, հին ժողովուրդները գիտցան “gnosis”ը'Աստուած՝ բայց չունեցան Անոր անձնական (ճանաչողութիւնը) “epignoisis”:
Մենք, կը դիտարկենք Տիրոջ Ընթրիքի ընթացքը, կը մտածեմ, թէ երբ Յունական այդ երկու բառերը զորս Հռովմէացիներ առաջին գլխուն մէջ կը նկարագրեն, ձեզմէ ոմանք, կը նային մեզի երբ կ'առնենք հացն ու գաւաթը, չեն կրնար անձնապէս մասնակցիլ, որովհետեւ փրկուած չեն: Դուք գիտէք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ Ընթրիքը, բայց դուք չէք գիտեր անձնական փորձառութեամբ թէ Քրիստոս ի՞նչ բան կ'ուզէ ցոյց տալ անով: Դուք «գիտէք» այդ մասին (gnosis), բայց դուք չունիք ամբողջական ճանաչում (epignoisis) Քրիստոսի մասին: Դուք չէք ճանչնար Յիսուս Քրիստոսն Ինքնին:
Եւ այսպէս, անիկա մեր յօդուածին մէջն է: Դուք կրնաք հասկնալ բառերն ու անոնց իմաստը իրենց արտաքին երեւոյթին մէջ, բայց դուք չի ներթափանցեցիք անոր խորքին, չի հասկցաք անոր միտք բանին, ամբողջական իմաստը, որ «ուժգնօրէն ազդէ» ձեր վրայ: Ուստի,նպատակս է ձեր ուշադրութիւնը գրաւել յօդուածին ներքին իմաստին վրայ, այն յոյսով որ դուք խորապէս պիտի հաղորդուիք Քրիստոսի հետ:
«Բայց անիկա մեր մեղքերով վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ. Մեր խաղաղութեան պատիժը Անոր վրայ եղաւ. Անոր վերքերովը մենք բժշկուեցանք: (Եսայի 53:5)
Ասիկա ոտանաւոր մէն է, որ կը գրաւէ ձեր սիրտը եթէ կը յուսաք ապաշխարել: Կ'աղօթեմ, որ մտաւոր գիտութենէ իրապէս անցնիք Քրիստոսին վստահելու-որ մեռաւ խաչի վրայ քու մեղքերուդ պատիժով: Երեք գլխաւոր կէտեր կան այս յօդուածին մէջ:
I. Առաջին, Քրիստոս վիրաւորուած էր մեր մեղքերուն համար, ծեծուեցաւ մեր անօրինութիւններուն համար :
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ. (Եսայի 53:5)
Առաջին բառը «Բայց`»ը ցոյց կու տայ հակասութիւնը չորորդ քերթուածի վերջաւորութեան գտնուող սխալ գաղափարի նկարագրութեան - որպէս թէ Քրիստոս մեռաւ Իր սեփական մեղքերուն եւ խենթութիւններուն համար - եւ Ճշմարիտ իրողութեան միջեւ, որ Ան մեռաւ մեր մեղքերուն գինը վճարելու համար: Dr. Edward J. Young որ Հին Կտակարանի գիտնական: Dr. Timothy Lin մտերիմն էր իմ չինացի հովիւին, որ նոյնպէս նշանաւոր Հին Կտակարանի գիտնական մըն էր: Dr. Young ըսաւ. «Մէկ ուրիշ շեշտաւորում մը գտնուեցաւ այդ դերանուան մէջ. որ առաջինը՝ հակադրաբար ցոյց տալու այն անձերը, որոնք արժանի էին այդ պատիժին՝ բայց, Ի'նք կռեց յանցաւորին մեղքերը»: (Dr. Edward J. Young, Ph.D., The Book of Isaiah, William B. Eerdmans Publishing Company, 1972, volume 3, p. 347)
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ. | (Եսայի 53:5)
«Վիրաւորուած՝» Բառը շատ կարեւոր է: Dr. Edward ըսաւ թէ անոր եբրայերէն իմաստն է «ծակել անցնիլ, եւ, անոր կը միանայ սովորաբառր այն միտքը, թէ ան կը գործէ մահուան միջոցաւ: (Young): Եբրայերէն բառը կը նշանակէ «ծակել անցնիլ: «ծակել»: Այդ բառը նոյնպէս կը տեսնուի Զագարեայի մէջ 12:10
«Եւ անոնք ինծի՝ իրենց խոցածին պիտի նային» (Զագարեայ 12:10)
Ասիկա ակնբախ մարգարէութիւնն է Քրիստոսի, որուն գանկը ծակուեցաւ փշէ տատասկով: Անոր ձեռքերը եւ ոտքերը ծակեցան գամերով, Խաչին վրայ: Անոր կողերը ծակեցան Հռոմէական նիզակով: Ինչպէս Յովհաննէս Առաքեալ կ'ըսէ մեզի.
«Զինուորներէն մէկը իր նիզակով ծակեց իր կողը, եւ արիւն ու ջուր ժայթկեց ...անով սուրբ գրութիւնը ամբողջացաւ...(որ) ըսաւ. «Անոնք պիտի նային անոր, զոր ծակեցին» (Յովհաննու 19:34, 36,37)
Եւ ապա, յօդուածը կ'ըսէ. «անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ». (Եսայի 53:5) Եբրայերէնէ «վիրաւորուիլ» կը նշանակէ «խորտակուիլ» (Young): Քրիստոսի վիրաւորուիլը եւ խորտակուիլը սկսաւ Կետսեմանի Պարտէզին մէջ, օր մը առաջ իր խաչելութենէն, երբ Յիսուս
«հոգեվարքի մէջ էր...եւ իր քրտինքը արեան մեծ կաթիլներու վերածուած, գէտին կը թափէր» (ըստ Ղուկասու, 22:44)
Կետսեմանի Պարտէզին մէջ, Քրիստոս վիրաւորուեցաւ մեր մեղքի ծանրութեան տակ, որ դրուած էր Իր վրայ:
Քանի մը ժամ ետք, Քրիէտոսը վիրաւորուեցին եւ ծեծուեցին խարազաններով, նախքան գամուիլը խաչին վրայ, եւ նիզակով ծակուիլը: Բայց խորախորունկ իմաստը վիրաւորուելուն՝ կը վերաբերի իր վրայ դրուած մեղքերուն ծանրութիւնն էր, ինչպէս Պետրոս Առաքեալ ըսաւ.
“Քրիստոս վիրաւորուեցաւ մեր մեղքի ծանրութեան տակ, որ դրուած էր Իր վրայ: …(I Peter 2:24)
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ.» (Եսայի 53:5)
Dr. Isaac Watts զանիկա յստակացուց իր նշանաւոր օրհներգին մէջ.
Իր ոճիռներու՞ն համար էր որ ըրաւ,
Ըսաւ Իր հառաջանքին մէջ ծառին վրայ, Զարմանալի կարեկցութիւն, անծանօթ շնորհք
Եւ սէր անսահման:
Մութին մէջ թագնուած արեւ:
Եւ իր համբաւը՝ անոր մէջ:
Երբ Քրիստոս, Ամենակատարեալը, մեռաւ
Մարդ արարածի մեղքերուն համար:
(«Աւախ, Եւ Արդեօ՞ք Իմ Փրկիչս Արիւն թափեց») գրեց՝
Isaac Watts, D.D. 1674-1748)
II. Երկրորդ, Քրիստոս պատժուեցաւ մեր փոխարէն
Նկատի ունեցէք (notice) մեր յօդուածի երրորդ նախադասութիւնը,
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ.» Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ. (Եսայի 53:5)
Կարդացած եմ այդ ոտանաւորը տարիներ առաջ, առանց հասկնալու անոր իմաստը: Dr. Delitzsch թարգմանեց զայն, «պատիժը, որ կ'առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղութիւն» (C. F. Keil եւ F. Delitzsch, Commentary on the Old Testament, Eerdmans Pulishing Company, 1973 reprint, volume VII, p. 319 ): «Անիկա մեր խաղաղութիւնն էր...մեր ընդհանուր հանգստութիւնը, մեր օրհնութիւնը, որոնցմով այս տառապանքները կը խաղաղէին: Dr. Young ըսաւ. «Մէկը որ այս յօդուածը կը կարդայ մտածելով, որ պատիժը զոր կռեց (Քրիստոս) հաշտութեան (propitiation) համար էր՝ չէր կրնար խորքին թափանցել»: (Young). Աստուծոյ արդարութիւնը Քրիստոսի վրայ՝ քաւելու եւ հանդարտեցնելու էր Աստուծոյ զայրոյթը մեղքի դէմ: Dr. John Gill գնաց հոն, ուր արդի մեկնաբաններէն շատեր, վախցան երթալ, եւ ճիշդ էր ընել այդ: ըսաւ ան.
Պատիժը՝ անոր վրայ էր. անիկա պատիժն էր մեր մեղքերուն, որոնք վնասեցին Անոր: Ուստի մենք Անոր միջոցաւ հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ... : Ուստի, երկնային ցասումը հանդարտեցաւ, արդարութիւն եղաւ եւ խաղաղութիւն տիրեց ( John Gill, D.D., An Exposition of the Old Testament, The Baptist Standard Bearer, 1989ին վերատպուած, vol. I, p. 312 )
Պօղոս Առաքեալ խօսեցաւ Քրիստոսի «»պատիժին» կապակցութեամբ Աստուծոյ ցասումին մասին երբ գրեց.
«Յիսուս Քրիստոս, Զոր առաջուընէ սահմանեց Աստուած՝քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատքով» (Հռովմայեցւոց 3:24-25):
Albert Midlane բացատրեց թէ ի՞նչ կը հասկնայ Առաքեալը «հաշտութիւն» (propitiaion) ըսելով: Mr. Grifith երգեց քայլերգը քարոզէն առաջ.
Չի կայ լեզու մը, որ կարենայ պատմել Անոր զայոյթը
Զայրոյթ՝ որ ես պատճառեցի:
Մեր բոլոր մեղքերը՝ Ան կռեց,
Մեզ ազատելու համար մեր մեղքերէն
Այժմ, անոնց հետքն իսկ չի մնաց,
«Վերջացաւ,» Իր կանչը եղաւ.
Մէկ շունջով,
Ան խմեց չոր ցամաք զայրոյթի գաւաթը:
(‘The Cup of Wrath,” Albert Midlane, 1825-1909)
Քրոստոս քու փովարէն ծեծուեցաւ, պատժուեցաւ, ասիկա մեղմացուց Աստոծոյ արդարութեան զայրոյթը քու մեղքիդ դէմ:
«Մեր խաղաղութեան պատիժը իր վրայ էր» (Եսայի 53:5)
III. Երորդ, Քրիստոս Քաւեց մեր մեղքերը Իր Վերքերով:
Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ բարձրաձայն կարդալ յօդուածը, ուշադիր ըլլալով վերջին նախադասութեան վրայ,
«Բայց անիկա մեր մեղքերով վիրաւորուեցաւ, մեր անօրինութիւններուն համար ծեծուեցաւ. Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ. եւ անոր վերքերովը մենք բժշկուեցանք: (Եսայի 53:5)
Կրնաք նստիլ:
«Եւ Իր վերքերովը մենք բժշկուեցանք»: «Վէրք» բառը Եբրայերէն կը նշանակէ «խոց» (աւելի ուժքին): Պետրոս Առաքեալ մէջբերեց այս ոտանաւորը. Ա. Պետրոս 2:24: Յունարէն բառը, Պետրոսի կողմէ գործածուած՝ թարգմանուած է «վէրքերով»: Անիկա կը նշանակէ «պայթում» (Blow-mark) «զօրաւոր»: Ես կը հաւատամ, որ այդ բառերը «անոր վերքերովը մենք բժշկուեցանք», Եսայի 53:5-ի մէջ եւ Ա Պետրոսի 2:24 համարը, կը վերաբերին Յիսուսի մտրակումին: Ես համոզուած եմ, որ այս բառերը իւրայատուկ վկայութիւններ են Քրիստոսի կռած մարմնական պատիժին մասին, որ կատարուեցաւ Հրէաստանի հռմէացի կառավարիչ Պիղատոսի զինուորներուն կողմէ, Քրիստոսի խաչելիութենէն կարճ ժամանակ առաջ: Աւետարանը կ'ըսէ.
«Ապա Պիղատոս, առաւ Քրիստոսը, եւ խարազանեց զայն» (Յովհաննու 19-1)
«Այն ատերն բարաբբան արձակեց անոնց , եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի»: (Մաթէոսի 27-26)
Մեկնաբանելով յունարէն (scourged) «մտրակել» բառի թարգմանութիւնը W.E. Vine ըսաւ. «Քրիստոսի խարազանումը եղած էր Պիղատոսի հրամանով»: Հռոմէական սովորութիւններու խարազանելու կերպին տակ, ենթական խարազանուեցաւ (մերկ) եւ կապուեցաւ հենարանի վրայ ծռած վիճակի կերպով...խարազանումը կը կատարուէր, ոսկորէ սուր կտորներով շինուած կաշիէ մտրակներով, որոնք կը հարուածէին կռնակը եւ կուրծքը: Eusebius (արձանագրութիւններ) ցոյց կու տան նահատակներու տառապանքի վկայութիւնը: (W. E. Vine, Expository Dictionary of New Testament Words , Fleming H. Revell Company, 1966 reprint, volume III, pp. 327, 328). «Մտրակել» “Scourging” բառը նոյնպէս գործածուած է Յիսուսի կողմէ Իր մարգարէութեան մէջ, ինչ կը վերաբերի յետագային Իրեն գալիք տառապանքին մասին, երբ Ան ըսաւ.
«Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ'ելլէր, ճամբան տասնըերկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին , ու ըսաւ անոնց.Ահա Երուսաղէմ կ'ելլենք, եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն , եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն: Եւ զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղր ընելու ու ծեծելու եւ խաչը հանելու»: (Մաթէոսի 20:18-19)
Spurgeon մեկնաբանեց Քրիստոսի ծեծը.
Կը կենայ տակաւին, հետոյ, կը տեսնէ (Յիսուսը) կապեցին հռոմէական սիւնի մը: Դաժանօրէն ծեծեցին: Կը լսէ սարսափելի հարուածներուն ձայնը: Կը տեսնէ վերքերէն հոսող արիւնը: Կը տեսնէ թէ ինչպէս կը ցաւի իր օհնեալ մարմինը: Երեւակայեցէք, թէ ինչպէս հարուածեցին Անոր էութիւնը: Լսեցէք մտրակումները հոգիին վրայ, թէ ինչպէս ողջ սիրտը վիրաւորուեցաւ չարչարանքներէն: Այդ բոլորը ըղան մեզի համար: Մտածեցէք այս եզակի փորձառութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ մեզի համար: Կ'աղօթեմ, որ դուք ես կարենանք միասին մտածել Յիսուսի տառապանքներուն մասին, մեր սրտերուն մէջ երախտապարտ, սէր ունենանք Իրեն հանդէպ: (C. H. Spurgeon, “Christopathy,” The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1976 reprint, volume XLIII, p. 13).
Spurgeon, վերստին ըսաւ թէ մեր մեղքերուն համար էր որ Ան տառապեցաւ, ծեծուեցաւ եւ խաչուեցաւ: Քեզի եւ ինծի համար էր որ Յիսուս կռեց այդ ցաւերը, եւ խաչուեցաւ Խաչի վրայ:
Վստահաբար մենք Իր տառապանքին մէջ, մաս մը մեր բաժինը ունեցանք: Ո~հ, մենք հաւասարապէս վստահ էինք, որ «իր ստացած ծեծերով մենք բուժուեցանք:» Դուն կը հարուածես Զինք (դուն կը ծեծես Զինք), սիրելի բարեկամ, եւ դուն վիրաւորեցիր զինք. Ուստի, մի հանգստանար մինչեւ որ կարենաս ըսել, «իր ստացած ծեծով ես բուժուեցայ»: Մենք պէտք է անձնապէս (գիտակցինք) թէ շնորհիւ Իր տառապանքին մեր մեղքերուն թողութիւն ստացանք: Մեր ձեռքերը պէտք է երկարենք Իրեն այս մեծ զոհաբերւթեան համար:.. : « Կարիքը պիտի չըլլայ խօսելու մեր փրկութեան մասին եթէ մեղքը Ատուծոյ կողմէ հիւանդութիւն չի համարուի... «Իր ստացած ծեծերով մենք փրկուեցաննք:» Ասիկա ժամանակաւոր բալասան մը չէ. ասիկա բժշկութիւն է, որ կը բերէ առողջութիւն մը, քու հոգիդ կատարելապէս կը բուժէ: Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Արքայութեան մէջ ) պիտի երգեցուի (շատերու ըկերակցութեամբ). «իր ստացած նտրակի հարուածներով մենք բժշկուեցանք:» Փա'ռք տառապեալ Քրիստոսի: Ամէն պատիւ, եւ վսեմութիւն, եւ իշխանութիւն, գովաբանութիւն ըլլայ Իրեն, յաւիտեանս հաւիտենից: Եւ (բոլոր անոնք որոնք փրկուեցան իրենց մեղքերէն ) թող ըսեն՝ Ամէն եւ ամէն» (տես՝ էջ 21).
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ: Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք:» (Եսայի 53:5):
Բայց, պարզապէս այս իրողութիւնները գիտնալը պիտի չի փրկէ քեզ: Բացի եթէ այս յօդուածի մէջ գրուած Քրիստոսի տառապանքի ճշմարտութիւնը չի գրաւէ սիրտդ եւ չապաշխարես: Թող տուր որ յօդուածը պահէ սիրտդ:Բող տուր որ որ այս բառերը քու էութիւնդ առաջնորդեն դէպի Քրիստոս:
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ: Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք:» (Եսայի 53:5):
Թող այս բառերը առաջնորդեն քեզ դէպի Քրիստոս, վստահիս Անոր եւ բուժուիս ամէն մեղքէ: Ուստի դուն կրնաս ըսել «Իր ստացած ծեծերով բժշկուեցայ մեղքի չարչարանքէն» այժմ եւ յաւիտեանս,» Ամէն:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Պատուելիին Քարոզէն առաջ կարդալ Կտակարանը. Եսայի 52 :13- 53:5.
Մեներգ՝ Քարոզէն Առաջ, Benjamin Kincaid Griffith.
“The Cup of Wrath” (Albert Midlane, 1825 - 1909)
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՅԻՍՈՒՍ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ, ՉԱԽՉԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԾԵԾՈՒԵՑԱՒ (ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 6 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ) Dr. R. L. Hymers, Jr. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ : Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք: (Եսայի 53:5): (Հռոմայեցի 1:21, 28) I. Առաջին, Քրիստոս վիրաւորուած էր մեր մեղքերուն համար, ծեծուեցաւ մեր անօրինութիւններուն համար : Եսայի 53:5ա. Զաքարիա 12 : 10. Յովհաննու 19:34, 36, 37. Ղուկաս 22:44, I Պետրոս 2:24: II. Երկրորդ, Քրիստոս պատժուեցաւ մեր փոխարէն : Եսայի 53:5b,
III. Երորդ, Քրիստոս Քաւեց մեր մեղքերը Իր Վերքերով: Եսայի 53:5c. Մաթէոսի 27:26, 20:18-19 |