Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ –ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ՍՈՒՏԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 5 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
CHRIST’S SUFFERING-THE TRUE AND THE FALSE
(SERMON NUMBER 5 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ
Տիրոջ Օրուան Առաւոտուն, Մարտ 17, 2013-ին
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Morning , March 17, 2013

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսայի 53,4)


Մեր յօդուածի առաջին բաժինը կ'ըսէ, որ Յիսուս «վերցուց մեր հիւանդութիւնները, եւ իր վրայ առաւ մեր վիշտերը»: Համարի այս մասը արձանագրուած է Նոր Կտակարանի մէջ, (Մաթէոսի Աւետարան 8-17):

«Որպէս զի Եսայի մարգարէի ձեռքով ըսուած խօսքը կատարուի, Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ անոնց սպասաւորութիւն կ'ընէր»:

Մաթէոսի Աւետարան 8-17 համարը աւելի առբերում է քան Եսայի 53-4-ի վկայաբերումը: Dr. Edward J. Young ըսաւ. «Մաթէոսի 8:17-ի մէջ կատարուած վկայութիւնը տեղին է, որ կ'ուրուագծէ այստեղ այն, որ հիւանդութիւնը ինքնին մեղքն է, որուն հետեւանքները նոյնպէս իր վրայ կ'առնէ: Հիւանդութիւնը անբաժանելի ընկերն է մեղքին» Մաթէոսի Աւետարանի 8-17 համարի մէջ քաւութիւնը կը կիրարկուի հիւանդութեան բուժման: Բայց մենք պէտք է յիշենք, անիկա կիրարկում մըն է, որ տրուած է Մաթէոսի կողմէ, որուն գլխաւոր իմաստը տրուած է մեր յօդուածին մէջ: Professor «Hengstenberg նշեց, որ ծառան (Քրիստոս) վերցուց մեղքը իր վրայ անոր հետեւանքներով, անոնց մէջ հիւանդութիւնները» եւ ցաւերը կը գրաւեն ուշագրաւ տեղ: Դիտել տրուած է, որ Մաթէոս կանխամտածուածօրէն շեղում կատարած է հրէից, Եսայի 53:4), շեշելու համար այն իրողութիւնը, թէ Քրիստոս իրապէս ընկճուած էր մեր հիւանդութիւններէն»: (ըստ Young-ի վկայութեան ibid., page 345, footnote 13)

Չորս Աւետարաններու ուշադիր ընթերցանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս բժշկեց հիւանդութիւններ՝ վկայելու համար, որ Ան կրնայ կեանքի փրկութիւն գտնել դարձի միջոցաւ: Ասոր մէկ օրինակը կարելի է տեսնել տասը բորոտներու մէջ, որոնք աղերսեցին Քրիստոսի ըսելով.. «Տէր, գթայ մեզի» (Ղուկաս 17:13). Յիսուս զանոնք Տաճառ ղրկեց ինքզինքնին ցոյց տալու համար քահանաներուն, եւ «երբ գացին, մաքրուած էին» (Ղուկաս17-14): Անոնք ֆիզիքապէս մաքրուած էին Քրիստոսի իշխանութեամբ, բայ փրկուած չէին: Միայն մէկը անոնցմէ վերադարձաւ: Ան հոգեպէս մեղքերուն թողութիւն ստացած էր, իր հաւատքով«: Ան, երեսին վրայ Անոր ոտքը ինկաւ երբ վերադարձաւ Յիսուսին, շնորհակալ կ'ըլլայ անոր» (Ղուկաս 17-16): Ապա Յիսուս ըսաւ անոր. «Ելիր, գնայ այդ ճամբով».քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»: Ան բժշկուած էր հոգեպէս ինչպէս եւ ֆիզիքապէս: Ա'յս տեսանք իր բազմաթիւ հրաշագործ բժշկութիւններուն մէջ, զորս Քրիստոս կատարեց, ինչպէս, կոյր մարդուն աչքերը բացաւ, ինչպէս գրուած է Յովհաննու համարի մէջ. «Դուն ինչ կ'ըսես անոր համար, որ աջքերդ բացաւ. Ան ալ ըսաւ. Յիսուս «մարգարէ» մըն է: (Յովհաննու 9:17): Ետքը ըսաւ. «Տէր, կը հաւատամ Եւ ան երկրպագեց անոր»:

Այն ատեն էր միսյն որ մսրդը փրկուեցաւ:

Ուստի մենք եզրակացուցինք, որ ֆիզիքական բժշկութիւնը

երկրորդական էր, հիմնականը՝ հոգեկան բժշկութինն էր. Եսայիի 53:4ի: Dr. J. Vernon McGee ըսաւ.

Եսայիի այս հատուածը յստակօրէն դիտել կու տայ այն, որ մենք կը բժշկուինք մեր մեղքերէն եւ անզուգականութեան մտածողութենէն (Եսայի 53:5): Դուք կ'ըսէք ինծի. «վստա՞հ եք այդ մասին»: Գիտեմ ինչ կ'ըսեն այս համարները, քանի Պետրոս կ'ըսէ, « որ մեր մեղքերը իր մարմինովը խաչափայտն վրայ վերցուց , որպէս զի մեր մեղքերէն ազատինք, ու արդարութեան համար ապրինք, որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք« (I Պետրոս 2:24): Ի՞նչ բանէ բժշկուեցաք: «Մեղքերէ»: Պետրոս շատ յստակ կը խօսի մեղքի մասին (McGee, ibid., էջ 49)

Այս բացատրութիւնը մեզ կը տանի դէպի մեր յօդուածը.

«Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսաի 53,4)

Հատուածը բնականաբար երկու մասի կը բաժնուի. (I) ճշմարիտ պատճառը Քրիստոսի տառապանքին՝ Աւետարանին մէջ գրուած, եւ (2) սխալ պատճառը՝ որուն կը հաւատան կոյր մարդիկը:

I. Առաջին, Քրիստոսի տառապանքին ճշմարիտ պատճառը, որ տրուած է Սուրբ Գրքին մէջ:

«Վստահաբար, ան վերցուց մեր հիւանդութիւնները, եւ իր վրայ առաւ մեր վիշտերը»: (Եսայի 53,4)

«Վստահաբար» բառը ցոյց կուտայ հակասութիւնը Քրիստոսի ճշմարիտ տառապանքին եւ սխալ պատճառին: «Սխալ»ի հաստատման կը հաւատան կոյր մարդիկը:

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք զանիկա՝ վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսայի 53,4)

Նաեւ, «ցաւեր» (griefs) եւ «վիշտեր» (sorrows) բառերը պէտք է հասկնալ: Հրէյական «ցաւ» բառը կը բնորոշէէ «հիւանդութիւններ»: Եսայիի կողմէ օգտագործուած է որպէս «մեղքի» (sin) հոմանիշ, Եսայի 1:5-6: Ան նաեւ, հոս՝ հոմանիշ է «մեղք»ի: Ցաւերը մարմնական մորթի հիւանդութիւններուն (malady) վերաբերող մեղքն է (sin):

Ապա նկատեցէք «ընկճուած» (borne) բառը: Ան կը նշանակէ «կրել» (to carry): Բայց անոր նշանակութիւնը աւելի ընդարձակ է: Անոր իմաստն է բարձրացնել կամ կրել է» (Young, ibid., p. 345)1 Քրիստոս վերցուց մարդու պատկանող մեղքերը, առաւ Իր վրայ: Ինչպէս Քրիստոս վերցուց Իր Խաչը եւ կրեց զանիկա դէպի Գողգոթայ, ուստի Ան վերցուց եւ կրեց դարձի եկողներու մեղքերը: Այդ էր որ Պետրոս կուզէր հասկցնել երբ կ'ըսէր.

«Որ մեր մեղքերը իր մարմինովը խաչափայտին վրայ վերցուց»: (1 Պետրոս 2:24)

Ինչպէս Keil եւ Delitzsch մէկնաբանեցին զայն.

 

Նպատակը այն չէ պարզապէս որ Քրիստոս մտնէ մարդոց տառապանքներուն մէջ, այլ՝ Անձնապէս Իր վրայ {Իր սեփական մարմնին վրայ} կրել էր զանոնք, փրկելու մեզ անոնցմէ: Բայց երբ անձ մը ուզէ միասին իր վրայ կրել ուրիշ մը տառապանքը, այս կը կոչուի փոխանակութիւն {substitution} (Franz Delitzsch, Th.D., Commentary on the Old Testament in Ten Volumes, William B. Eerdmans Publishing Company, 1973 reprint, volume VII, p. 316):

Քրիստոս մեր մեղքերը առաւ Իր սեփական մարմին մէջ եւ տարաւ զանոնք մինչեւ Գողգոթա լեռը, դեպի խաչը, եւ վճարեց մեր մեղքերուն գինը: «Ասիկա կոչուեցաւ փոխանակութի'ւն» «Կրելով նախատինք եւ Կոպիտ Ծաղրանք» : Երգեցէք.

Կրելով նախատինք եւ ծաղրանք կոպիտ,
   Իմ փոխարէն մնաց դատապարտուած,
Կնքեց Ան իմ ներումս Իր ողջ արեամբ:
   («Ալէլուա՝ Այս ի՜նչ Փրկիչ է» գրեց՝ Philip P. Bliss, 1838-1876»)

«Բայց Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ», (Եսայի 53:5)

«Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար, Գիրքերուն ըսածին համեմատ» ( 1Կորնթացիս 15:3)

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ» (Եսայի 53:4)

Dr. W. A. Criswell ըսաւ.

Քրիստոսի մահը խաչափայտի վրայ պտուղն ու արդիւնքն է մեր մեղքերուն: Ո՞վ սպաննեց մեր Տէր Քրիստոսին : Ով մերցուց Փառքի Իշխանը: Ո՞վ գամեց Զինք խաչափայտին վրայ, ուր տառապեցաւ եւ մեռաւ: Որու՞ն սխալն էր անիկա: Պէտք է ըսուել որ մենք բոլորս մեր բաժինը ունեցանք: Իմ մեղքերս էին պատճառը որ փշէ պսակ դրին Անոր գլուխը: Իմ մեղքերս էին պատճառը որ Իր գամուած ձեռքերուն մատներուն եղունքները ճադրտեցին: Իմ մեղքերս էին պատճառը որ նիզակահարուէր Իր սիրտը: Իմ մեղքերս էին որ Տէր Յիսուսը գամեցին ծառին: Այդ է... իմաստը մեր Տիրոջ մահուան (W. A. Criswell, Ph.D., “The Blood of the Cross,” ) Messages From My Heart, REL Publications, 1994, pages 510-511)

«Քրիստոս մեր մեռաւ մեղքերուն համար, Գիրքերուն ըսածին համեմատ» (1Կորնթացիս 15:3)

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ» (Եսայի 53:4)

«Կրելով նախատինք եւ ծաղրանք կոպիտ» Երգեցէք կրկին.

Կրելով նախատինք եւ ծաղրանք կոպիտ
Իմ փոխարէն մնաց դատապարտուած
իմ ներումս՝ Ան Կնքեց Իր ողջ արեամբ
(«Ալէլուա՝ Այս ի՜նչ Փրկիչ է»:

Այդ է ճշմարիտ պատճառը Քրիստոսի տառապանքին, որ վճարէ քու' մեղքերդ: Բայց մարդկային արարածը, իր կուրութեան եւ ըմբոստութեան մէջ հիւսեց իր մեծ սխալը, ապացուցանելու համար փոխանակուած Քրիստոսի մահուան ճշմարտութեան սուտ ըլլալը, որ մեզ կ'առաջնորդէ երկրորդ կէտին:

II. Երկրորդ , Սխալ պատճառը Քրիստոսի տառապանքին, որ տրուած է կոյր մարդոց կողմէ:

Նայիլ կրկին մեր յօդուածին: Ոտքի ելլենք եւ բարձրաձայն կարդանք միասին:

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք զանիկա՝ վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսայի 53,4)

Կրնաք նստիլ:

«Այո, մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած ու չարիքի հանդիպած համարեցինք»: «Մենք», Ադամէ սերած մարդիկ, ինքնին, Սատանայի կողմէ կուրացած՝ ձախողեցանք տեսնել Քրիստոսի փոխանորդական տառապանքը, որ ԱՆ մեռաւ մեր փոխարէն, իբրեւ մեր փոխանորդը: Մտածեցինք որ Ան չքաւոր ապուշ մըն էր, թերեւս խենթ մը, կամ ցնորամիտ մը, կամ ինչպէս Բարիսեցիները կ'ըսէին, «սատանայի կողմէ դիւալլուկ (possessed) մը, որ ինքզինք կը տառապեցնէր դէմ գալով հաստատուած օրինական կարգին: Նման Job-ի բարեկամները, մտածեցինք, որ Իր սեփական մեղքերն ու խենթութիւններն էին որ յառաջացուցին մարդոց զայրոյթը Իրեն դէմ: Մտածեցինք, որ Ան լաւագոյնս, նահատակ մըն էր, որ յումպէտս մեռած էր: Մեզմէ շատեր մտածեցին, թէ Յիսուս մասամբ ծայրայեղական էր: Մեզմէ շատեր տարուեցան այն մտքով թէ, Ան գրգռեց կղերական առաջնորդները որոնք Զինք մահուան առաջնորդեցին:

Զարնուա՞ծ: Այո, գիտցանք որ զարնուած էր : Պատուհասուա՞ծ: Այո, գիտցանք որ Ան Պատուհասուա՞ծ էր: Վնասուա՞ծ: Այո գիտցանք որ այդպէս էր նաեւ: Գիտցանք որ բռունցքով հարուածեցին Անոր դէմքը: Գիտցանք որ ծեծեցին Զինք խարազանով: Գիտցանք որ Խաչի մը վրայ գամեցին Զինք: Մօտաւորապէս ամէն մարդ ծանօթ է դէպքերուն: Բայց, լաւ չի ներկայացոււցինք զանոնք: Մենք կարգին չի հասկցանք զանոնք: Չի մտածեւցինք, թէ այդ ո՞ր ցաւերն էին, որ կը տանջէին Զինք, Ան մեր վիշտերը կրած էր: Երբ Զինք կը պատկերացոնէինք խաչին վրայ գամուած՝ կը մտածեցինք որ Ան պատճուած է Իր ըմբոստութեան եւ գործած սխալներուն համար: «Բայց ոչ՝ պատճառը մեր մեղքերն էին, մեր անօրինութիւններն էին: եւ որպէս զի խաղաղութիւն ունենանք (Աստուծոյ հետ), որպէս զի բուժուինք (մեր մեղքերէն):

Ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ մենք անոնցմէ ենք, որոնք մոլորեցան եւ շարունակեցին քալել իրեց ճամբով: Աստուած մեր մեղքերը բեռցուց Իր Զաւկին վրայ, անմեղ փոխանակութեամբ» (William Macdonald, Believer’s Bible Commentary, Thomas Nelson Publishers, 1995, p. 979)

Մեր յանձանքին համար Ան տուաւ մեզի խաղաղութիւն,
Մեր գերութեան համար տուաւ հանգստութիւն,
   Եւ Իրեն տրուած գանակոծումները, տրուած հարուածները,
Եւ մտրակի տարաբները մեզի տուին բուժում:
   (“He was Wounded” by Thomas O. Chisholm, 1866-1960)

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք Զինք՝ վիրաւորուած՝ Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսայի 53,4)

Mr. Griffith, հաճիս երգէ համարը

Ճշմարիտ կը գտնէ՞ք զանիկա: Արդե՞օք մտածեցիք թէ Քրիստոս Խաչին վրայ ուրիշ պատճառով եւ ոչ թէ քու մեղքերդ կրելուն համար մեռաւ: Ապա, գիտէի՞ր թէ Քրիստոս մեռաւ քու փոխարէն, իր վրայ կրելու համար քու մեղքերուդ պատիժը: Պիտի վստահի՞ս Իրեն պարզ հաւատքով: Պիտի վստահի՞ս Աստուծոյ Զաւկին եւ արդարանաս եւ լուացուած մաքրուիս ամէն մեղքէ, Անոր արժէքաւոր Արիւնով: Կը խնդրեմ ձեզմէ ձեր մտքէն հանէք Քրիստոսիի չարչարանքին եւ մահուան մասին ձեր ունեցած իւրաքանչիւր սխալ գաղափար: Քրիստոս մեռաւ վճարելու համար քու մեղքիդ պատիժը: Ան մեռած էր յարութիւն առաւ: Ան, ներկայիս նաստած է Աստուծոյ աջ կողմը Արքայութեան մէջ: Ձեզմէ կը խնդրեմ վստահիլ Իրեն եւ փրկուիլ ձեր մեղքերէն:

Բայց բաւարար չէ գիտնալը այս բոլորը՝ ճանչնալու համար Յիսուսը: Կրնաք գիտնալ այս բոլոր իրողութիւնները Իր մահուան մասին եւ տակաւին Քրիստոնեայ չըլլալ: Կրնաք գիտնալ ճշմարտութիւնը Քրիստոսի տանչալի մահուան մասին Խաչին վրայ. Կրնաք գիտնալ որ Ան մեռաւ մեղաւորներուն տեղ, եւ տակաւին ապաշխարած չես: Դուք պիտի վստահիք Յիսուս Քրիստոսին, Տիրոջ յարութեան: Դուք իրաւամբ վստահիք Իրեն եւ յանձնուիլ Իրեն: Ան ճամբան է փրկութեան: Ան դուռն է յաւիտենական կեանքին: Վստահիր Իրեն հիմա, դուն անմիջապէս պիտի ներուիս եւ փրկուիս քու մեղքէդ: Mr. Griffith պիտի կարդայ այդ համարը կրկին: Եթէ կուզես խօսիլ մեզի հետ քու փրկութեանդ մասին, հաճիս երթալ դէպի այս սենակին ետեւը, մինջ ան կ'երգէ:

Մեր յանձանքին համար Ան տուաւ մեզի խաղաղութիւն,    
Մեր գերութեան համար տուաւ հանգստութիւն,
Եւ Իրեն տրուած գանակի հարուածները
Իրեն տրուած մտրակի տարաբները՝ մեզի տուին բուժում:

Dr. Chan կե խնդրենք աղօթեցէք անոնց համար որոնք պատասխանեցին: Ամէն:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Կտակարանը Կարդացուեցաւ Mr. Abel Prudhomme -ի կողմէ Քարոզէն առաջ. Պետրոսի 2:21-25
Մեներգը կատարուեցաւ՝ Քարոզէն Առաջ. Benjamin Kincaid Griffith
      «He was Wounded» (by Thomas O. Chisolm, 1866-1960, to the tune “Oak Park” )


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ –ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ՍՈՒՏԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 5 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
CHRIST’S SUFFERING-THE TRUE AND THE FALSE
(SERMON NUMBER 5 ON ISAIAH 53)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

«Իրաւամբ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ Եւ մենք զանիկա՝ վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք» (Եսայի 53,4)

(Մաթէոսի 8:17. Ղուկասի 17:13, 14, 16- 19. Յովհաննէսի 9:17, 38, 1Պետրոսի 2:24)

I.   Առաջին, Քրիստոսի տառապանքին ճշմարիտ պատճառը,
որ տրուած է Սուրբ Գրքին մէջ:Եսայի 53:4ա, 5:1. Կորնթացիս 15:3.

II.  Երկրորդ , Սխալ պատճառը Քրիստոսի տառապանքին,
որ տրուած է կոյր մարդոց կողմէ, Եսայի 53:4 բ: