Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՐԻՍՏՈՍ-ՄԵՐԺՈՒԵՑԱՒ ՄԱՍՍԱՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 3 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
CHRIST – REJECTED BY THE MASSES
(SERMON #3 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ
10 Մարտ 2013 Տիրոջ օրուան Առաւոտուն
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Morning, March 10, 2014

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ: Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս, Եւ ծառաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ. Անիկա կերպարանք կամ ՝ վայեչութիւն չունէր՝ որ անոր նայէինք» (Եսայի 53: 1-2)


Եսայի ըսաւ թէ քիչեր ուզեցին հաւատալ անոր լուրին Աստուծոյ տառապող ծառային մասին, եւ քիչեր գտան Անոր շնորհքը: Յովհանու Առաքեալ վկայեց Եսայիին մասին 53:1 նկարագրելու համար հրէյից անհաւատութիւնը Քրիստոսի ժամանակաշրջանին:

«Եւ թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առչեւ , բայց անոնք չէին հաւատար իրեն. Որպէսզի կատարուի Եսայի Մարգարէի խօսքը՝ զոր ըսաւ , «Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, եւ Տէրոջը որո՞ւ յայտնուեցաւ»: (Յովհաննէս 12: 37-38)

Պօղոս Առաքեալ նոյնպէս վկայեց այս համարը, ետ դէպի երկինք Քրիստոսի համբարձումէն 30 տարի ետք, ցոյց տալու համար որ Բարիսեցիներու մեծ մասը մասամբ աւելի ընդունակ էին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին քան հրէաներն էին՝ Ըսաւ Պօղոս.

«Վասնզի խտրութիւն չկայ Հրեային եւ Յոյնին միջե. Վասնզի ամէնուն Տէրը նոյնն է: Բայց ամէնը հնազանդ չեղան Աւետարանին, քան զի Եսայի կ'ըսէ. Տէր ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»: (Հռովմ. 10: 12, 16)

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս Ինքն ըսաւ մեզի նոյն բանը: Ան ըսաւ թէ Անոր հաւատալով փրկուողներուն թիւէ քիչ պիտի ըլլայ,

«Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուանցք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի, եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»: (Մաթէոսի 7:14)

Քրիստոս նոյն կէտը շեշտեց երբ ըսաւ.

«Անիկա ալ ըսաւ անոնց. Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ'ըսեմ ձեզի որ շատերը մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան»: (Ղուկաս 13:24)

Մարդիկ առ հասարակ կը հաւատան թէ մօտաւորապէս ամէն մարդ Արքայութիւն պիտի երթայ: Յիսուս ըսաւ սակայն ճիշդ հակառակը.

«Քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մաթէոսի 7-14)

Այս վրդովեցուցիչ ճշմարտութիւնը արձագանգուած է Եսայիի ողբին մէջ,

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ»: (Եսայի 53: 1)

Կրնանք հարց տալ թէ ինչու՞ այս այսպէս է: Հրէաները կը փնտռեն մեծ եւ ուժեղ տիրողի, փառաշուգ եւ հարուստ թագաւորի, որ իրենց Քրիստոսը ըլլայ, եւ Բարիսեցիները չէին փնտռեր ոչ մէկ Քրիստոսի: Այս՝ որովհետեւ մարդ արարածը առ հասարակ չակնկաալէր որ Քրիստոս գայ տառապող ստորադաս Ծառայի մը նման, մեռնի Խաչի վրայ՝ իր մահով վճառելու համար իրենց մեղքերուն գինը :

Գործ Առաքելոցի ութերորդ գլխուն, Եթովպիացի Eunuch կոյր էր տեսնելու համար այս իրողութիւնները ինչպէս Յութայական Մովսիսական քահանաներն ու Բարեսեցիները: Ան կը կարդար Եսայիի յիսուն երրորդ գլուխը երբ աւետարանիչ Philip հասաւ իր քալող կառքին:

«Փիլիպոս ալ վազելով մօտ գնաց , ու մտիկ կ՝ընէր որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար , եւ ըսաւ, կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք: Ան ալ ըսաւ, ի՞նչպէս կրնամ): (Acts 8:3o-31)

Այս Ափրիկեցին դաւանափոխ եղած էր Մովսիսականութեան (Judaism): Ընտելացած էր Աստուծաշնջական Հին Կտակարարանին, մինջ ան տակաւին կոյր կը մնար հրեայ գրագիրներուն նման, երբ հասաւ կտակարանի այս բաժնին: Ինծի այնպէս թուած, թէ որեւէ մէկը կրնար այդ բաժինը կարդացած ըլլալ, որ կ՝ըսէր թէ Մէսիան շրջապատուած շքեղութեամբ եւ մարդկային փառքով կրնար հարուստ չըլլալ, բայց կրնար գալ իբրեւ «ցաւերով եւ վիշտերով տառապող մարդ » որ արհամարուած եւ լքուած էր: Այս ճշմարտութիւնը լրիւ արձանագրուած է Սուրբ Գրքին մէջ:

«Իրեններուն եկաւ, եւ իրենները զինք չընդունեցին» (Յովհաննու 1:11)

Իսրայէլի ազգը ամբողջութեամբ չընդունեցաւ Քրիստոսը իբրեւ իրենց Մեսիան, թող որ ան այնքան կատարեալ կերպով լաւապէս նկարագրուած է Աստուածաշունջի մարգարէութեան մէջ: Եւ մարգարէն մեր յօդուածի եկրորդ համարին մէջ մեզի կու տայ պատճառները թէ ինչու՞ուրացան Զայն:

«Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս, Եւ ծառաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ . Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որ անոր նայէինք, ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը՝ որ անկէ ախորժէինք»: (Եսայի 53:2)

Բայց մենք պէտք չէ դատենք հրէից ժողովուրդը, որ ուրացաւ Զայն աւելի դաժան կերպով քան Բարեսիցիները, որոնք ընդհանրապէս ուրացան Զայն: Spurgeon ըսաւ.

“Նկատի ունեցէք որ ինչ որ ճշմարտութիւն էր հրէից համար հաւասարապէս ճշմարիտ է Բարիսեցիներու պարագային: Յիսուս Քրիստոսի կտակարանը պարզագոյն բանն է աշխարհի մէջ, բայց տակաւին ոչ մէկը կը հասկնայ զանիկա մինչեւ որ Աստուծոյ կողմէ չուսուցանուի իրեն ...Մեղքը՝ մարդկաին ցեղին բերաւ մտային անկարողութիւն հոգեմտաւոր նիւթերու առնչութեամբ... ինչպէ՞ս է ձեր պարագային: Դու՞ք եւս կոյր եք: Եթէ այո՝ թող Աստուած առաջնորդէ ձեզ դէպի Քրիստոսի հաւատքը (C. H. Spurgeon. “A Root out of Dry Ground,” The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1971 reprint, volume XVIII, pages 565-566)

Այժմ, վերադառնալով մեր յօդուածին, պիտի տեսնենք երեք պատճառներ, որ Յիսուս ուրացուած է : Կարդացէք համար երկուքը, բարձրաձայն,

«Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս, եւ ծառաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ . Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որ անոր նայէինք, ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը՝ որ անկէ ախորժէինք»: (Եսայի 53:2)

I.Առաջին, Յիսուս ուրացուած է որովհետեւ Ան մարդու կը ներկայանայ հոգածու դիասուն մը:

Քիչեր կը հաւատան Քրիստոսի այդ պատճառաւ:

«Քանզի երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ» (Եսայի 53:2)

Կամ, ինչպէս Տոքթ. Ժիլ ըսաւ, «որպէս փոքր դիասուն, ինչպէս բառը կը նշանակէ, կը բուսնի ծառի արմատէն դուրս...որու մասին ոչ մէկ ցուցմունք, խնամք եւ յոյս տրուեցաւ Քրիտոսի յայտնութեան մասին, իր ծննդին առիթով: Ատիկա պատճառ էր, թէ ինչու՞ հրեաները չհաւատացին, ուրացան եւ արհամարհեցին զայն»: (John Gill, D.D., An Exposition of the Old Testament, The Baptist Standard Bearer, 1989 reprint, volume I, pp. 310-311):

«Քանզի երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ» (Եսայի 53:2)

Այս կը նշանակէ թէ Քրիստոս ծնած եւ մեծցած էր «նախքան» Աստուած Հայրը, զօրացուց: Տակաւին զայն, Տօքթ. Եանկ ըսաւ. Ամէն դէպքին, «Մարդոց ծառան (Յիսուս) յայտնուեցաւ որպէս դիասուն...քանի, մարդիկ որոնք դադրած են դիելէ, որովհետեւ անոնք կեանք կ'առնեն ծառէն եւ մարդոցմէ » (Edward J. Young, Ph D., The Book of Isaiah, William B. Eerdmans Publishing Company, 1972. volume 3, pp. 341-342 ):

Այդ չէ՞ պատճառը որ գլխաւոր քահանաները եւ Բարիսիները ուզեցին ազատուիլ Յիսուսէն: Ըսին անոնք.

«Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնն ալ անոր պիտի հաւատան, եւ Հռովմէացիները պիտի գան ու մեր տեղը ու ազգը վերցնեն»:(Յովհ. 11:48):

«Մարդիկ կտրեցին դիելը , որովհետեւ անոնք կեանք առին ծառէն (Young: Անոնք վախցան որ պիտի կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը որպէս հրեայ ժողովուրդ, երբ հաւատան Անոր: Անոնք վախցան, որ Ան իրենց ժողովուրդի «ծառէն կեանք պիտի առնէ»

Եւ միեւնոյն պատճառաւ չէ՞ր, որ ուրացաք Զինք: Լրջօրէն մտածեցէք այդ մասին: Ձեր պարագային եւս նոյնը չէ՞ - որ կը վախնաք թէ պիտի կորսնցնէք բան մը, որ կարեւոր կը նկատէք ձեզի համար – եթէ Իրեն երթաք եւ վստահիք: Ճիշդ չէ՞ որ կը վախնաք Քրիստոսէն, որ «ծառէն վերցնէ կեանքը,» ձեզմէ պիտի առնէ բան մը, որ շատ կարեւոր է ձեզի համար: Տոքթ. Քականէն խնդրեցի, որ ինծի օրինակ մը բերէ այն յօդուածէն, որ դրուած էր The Saturday Evening Post –ի մէջ 1929-ի Հոկտերմբեր ամսուն: Հարցազրոյց մըն էր հանրածանօթ մեծ բնագէտ՝ Տոքթ. Albert Einstein-ի հետ: Հարցազրոյցը կատարողը հարցուց իրեն, «Կ'ընդունի՞ք պատմական գոյութիւնը Քրիստոսի»: Einstein պատասխանեց. «Առանց այլեւայլի: Ոչ մէկը կրնայ կարդալ Աւետարանը առանց զգալու Յիսուսի ներկայութիւնը: Անոր ներկայութիւնը սրտի զարկի պէս կը զարնէ իւրանչիւր բառի մէջ: Ոչ մէկ առասպել կայ նման կեանքի մը մէջ: (The Saturday Evening Post, 1929 էջ 117): Einstein շատ մեծ համարում ունէր: Բայց ցաւալիօրէն ան չապաշխարեց: Ի՞նչ բանը արգելք էր իրեն: վստահաբար չկար մտաւորական խնդիր: Einstein խարդաւանող (adulterer) մըն էր, եւ չէր ուզէր հրաժարիլ այդ մեղքէն: Պարզ էր: Պէտք է հեռու մնաք որոշ բաներէ եթէ կուզէք իրաւ քրիստոնեայ ըլլալ:

Այժմ, ես վատ ուսուցիչ մը ըլլամ եթէ ըսեմ ձեզի որ անիկա ճիշդ չէ:: Եթէ ըսեմ ձեզի թէ կրնաք Քրիստոսին գալ առանց բան մը կորսնցնելու՝ ձեզի քարոզած կ'ըլլամ սխալ վարդապետութիւն: Անշուշտ բան մը պիտի արժէ Յիսուսի երթալը: Պիտի արժէ ձեզի շատ ձեր կեանքը: Ըսաւ Ան.

«Եւ ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրե կանչելով ՝ ըսաւ անոնց. Ով որ կուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ, եւ իր խաչը վերցնէ եւ իմ ետեւէս գայ: Վասն զիով ան որ կուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցունէ զայն, եւ ով որ իմ ու աւետարանին համար իր անձը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա, Քանզի ինչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ . Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ»: (Մարկոս 8:34-37)

Բաւական է, այնպէս չէ՞: Կարենալ Քրիստոսի գալու համար դուն պէտք է ուրանաս ինքզինքդ, պէտք է հրաժարիս քու անձնական գաղափարներէդ, քու սեփական ծրագիրներէն, քու փառասիրութիւններէդ: Դուն պէտք է դառնաս Իրեն: Այս կը նշանակէ թէ կը վստահիս Քրիստոսին: Դուն կը վստահիս Իրեն –ոչ դուն քեզի: Դուն քեզ կը յանձնես Իրեն – ոչ թէ քու սեփական մտածումներուդ եւ նպատակակէտերուդ: Դուն «կը կորսնցնես» կեանքդ զանիկա յանձձելով Անոր: Միայն երբ կը կորսնցնես կեանքդ, յանձնուելով Քրիստոսի, որ քու կեանքդ կը փրկուի յաւիտենապէս: Մատուցուող «փափուկ տունկ» բառը կը նշանակէ թէ Քրիստոս կեանք կու տայ: Բայց Ան կեանք-առնող է յաջս մարդու: Ուստի շատեր կ'ուրանան Զինք: Անոնք չեն ուզեր որ Ան «առնէ» եւ իշխէ իրենց կեանքին վրայ, մերժելով խոստացուած կեանքը:

II- Երկրորդ՝ Քրիստոս կ'ուրացուի որովհետեւ Ան կը յայտնուի մարդուն որպէս հօղէն դուրս եկած չորցած արմատ:

«Քանզի երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ» (Եսայի 53:2)

Ժամանակս վերջացաւ քանի երկար խօսեցայ առաջին կէտի վրայ: Բայց մենք կրնանք դիւրաւ տեսնել թէ ինչպէ՞ս Քրիստոս յայտնուեցաւ որպէս «հօղէն դուրս ելած չորցած արմատ»: Տօքթ. Young ըսաւ

Չոր հողը կը յատկանշուի այն ցածօրակ պայմանով եւ գիտելիքով, որ ծարան (Քրիստոս) յայտնուեցաւ: Ան ցոյց կուտայ ծառային կեանքին թշուառր պայմանները: Արմատը՝ պայքար կ'ենթադրէ կեանք ապահովելու համար: (Young, ibid., p. 342).

Այս մարգարէութիւնը կը յատկանշուի Քրիստոս ծնունդով չքաւոր պայմաններու մէջ: Իր որդեգիր հայրը՝ պարզապէս ատաղձագործ մըն էր: Իր իրական մայրը, Մարիամ՝ աղքատ կոյս աղջիկ մըն էր: Ան ծնած էր ախոռի մէջ ու մեծցած էր չքաւոր ու ստորադաս միջավայրի մէջ: Իր աշակերտները պարզ ձկնորսներ էին: Անիկա հալածուած էր Հերովդէս թագաւորին, Հռովմէացի կառավարիչ Պիղատոսի (Pilate)-ի, զարգացած դպիրներու եւ բարիսէցիներու կողմէ, «իբրեւ չոր հողէ ելլող արմատ»: Անոնք մտրակեցին Զինք մինջեւ կիսով մահ, ապա Իր ձեռքերն ու ոտքերը քամեցին խաչի մը վրայ: Անոնք իր կոտրած, մեռած մարմինը դրին վարձուած գերեզմանի մէջ: Իր լրիւ կեանքը երկրի վրայ, Իր տառապապքը եւ Իր մահը ապրեցաւ «չորցած երկրէ ելլող արմատի պէս»: Բայց, փառք Աստուծոյ, Ան յարութիւն առաւ երորդ օրը, որպէս «չորցած երկրէ ելլող արմատ»: Ինչպէս աննախատեսելի անմիջական սաստիկ աձրեւէ ետք ծաղկող բոյս՝ Քրիստոս ուժգին ծաղկեցաւ, մեռած էր ողջնցաւ, որպէս «չորցած երկրէ ելլող արմատ»: Ալէլուա:

Եւ տակաւին շատեր չեւ հաւատար ԱՆոր: Անոնք կը մտածեն, որ ան «մակաբոյծ» մըն է եւ «մեռած հրէա մը:

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ: Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս, Եւ ծառաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ. Անիկա կերպարանք կամ ՝ վայեչութիւն չունէր՝ որ անոր նայէինք» (Եսայի 53: 1-2)

III. Երրորդ, Քրիստոս մերժուեցաւ (rejected) որովհետեւ, Ան ձեւ եւ վայելչութիւն, գեղեցկութիւն չունէր, որ ցանկայինք Իրեն:

Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ բարձրաձայն կարդալ համար երկուքը:

«Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս էր, որ ծառաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ . Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որ նայէինք իրեն, ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը՝ որ իրմէ ախորժէինք»: (Եսայի 53:2)

Կրնաք նստիլ:

Յիսուս չունէր «ոչ արտաքին կերպարանք եւ ոչ վայելչութիւն,» ոչ վսեմութիւն եւ արտաքին շուգ : Տօքթ. Young ըսաւ, «Երբ կը տեսնենք ծառան գեղեցկութիւն չէնք գտներ որ ցանկայինք իրեն: Այլ խօսքով, անդրադառնալով արտաքին երեւոյթին մեր դատողութիւնը արդար եւ իրաւ: Անիկա տխուր պատկեր մըն է: Ծառան (Քրիստոս) կը գտնուի մէջտեղը իր հարազատ ժողովուրդին մէջ, եւ ետեւը՝ իր ֆիզիքական կերպարանքին: Հաւատքի աջքերը տեսան ճշմարիտ փառքը. Բայց տեսնելով իր արտաքին երեւոյթը, Հրէաստան գեղեցիկ ոչինչ գտաւ, որ շլացնէ իր աչքերը... ծառայ (Քրիստոս) մը՝ նման էր մարդու մը կերպարանքին, որ սխալ կը գնահատուի: «Young ibid.»

Արտաքին տեսքով Յիսուս գեղեցկութիւն կամ վսեմութիւն չունէր գրաւելու համար աշխարհը: Ան ոչինչ մատուցեց, որ գրաւիչ դառնար մարդոց: Ան չի մատուցեց յաջողութիւններ կամ հռչակ կամ դրամ կամ աշխարհիկ հաճոյք: Ընդհակառակը: ծառայութեան սկզբնաւորութեան, Պրն. Prudhomme կարդաց Աւետարանի այն հատուածը որ կ'ըսէ թէ ի՞նչ կը մատուցէ մեզի.

«Եւ ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրե կանչելով ՝ ըսաւ անոնց. Ով որ կուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ, եւ իր խաչը վերցնէ եւ իմ ետեւէս գայ: Վասն զի ով որ կուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա, եւ ով ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կորսնցնէ պիտի ապրեցնէ զանիկա Քանզի ինչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ . Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ: (Մարկոս 8:34-37)

Քրիստոս կը մատուցէ ինքնա-ուրացում (self denial): Քրիստոս կը մատուցէ հակակշռի կորուստը մէկու մը անձնական կեանքին եւ ճակատագին վրայ: Քրիստոս կը մատուցէ կեանքի փրկութիւն, մեղքերու թողութիւն, հաւիտենական կեանք: Կան անշօշափելի բաներ, բաներ որոնց կարելի չէ դպչիլ կամ նկատուիլ մարդկային ցանկութեամբ կամ տեսողութեամբ, բաներ որոնք հոգեկան բնոյթի են: Ուստի, Քրիստոս կը մերժուի անոնց կողմէ որոնց ներքին աչքերը բացուած չեն Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ

«Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի իրեն հոգեւոր կերպով կը քննուին» (Կորնթացիս 2:14)

Բայց կը զարմանամ, եթէ այս առաւօտ Աստուած խօսի քու սրտիդ: Կը զարմանամ եթէ Աստուած ըսէ քեզի , «թէեւ գեղեցկութիւն չկայ որ կարենանք ցանկալ զինք, եւ մինչ ես քեզ կը ներկայազնեմ զաւկիս»: Երբէք զգացի՞ք զանիկա ձեր սրտին մէջ: Երբէք զգացի՞ք որ երկիրը ոչինչ կը մատուցէ աւելի քան անցնող հաճոյքի պահը կամ անցնող պահը յաջողութեան: Բնաւ մտածած ես այն մասին թէ ու՞ր անցնես յաւիտենականութիւնը եթէ Քրիստոս, իր արեամբ չի մաքրէ քու մեղքերդ: Այս մասին մտածած ունի՞ս: Եթէ այո, պարզ հաւատքով պիտի գա՞ս Իրեն, որ « ոչ կերկարանք ունի ոչ վայելչութիւն...ոչ գեղեցկութիւն որ նայեյինք իրեն» (Եսայի 53:2): Ծունկի պիտի գա՞ս Նազարէթի Յիսուսի առջեւ, եւ վստահիս Իրեն ամբողջ սրտովդ: Կ'աղօթեմ որ ընես:

Ոտքի ելլենք մինջ Պր. Grffith կու գայ երգելու երկու պարբերութիւն, գայլերքէն, որ երգեց նախքան քարոզը:

Առէք աշխարհը բայց տուէք ինծի Քրիստոսը,
     Մնայուն է եւ յաւիտեան՝ Անոր սէրը
Առէք աշխարհը բայց տուէք ինծի Քրիստոսը, կը վստահիմ իր խաչին,
     Մաքուր ու փայլուն տեսլականով, Դէմ դիմաց Տէրս կը տեսնեմ
Ոհ, վեհ եւ խորունկ ողորմութիւն, սիրոյ շունջ սէր մնայուն
      Ոհ ամբողջական փրկութիւն, անվերջ՝ վերի կեանքի խօստում
(«Առէք աշխարհը, բայց տուէք ինծի Քրիստոսը»
           Fanny J. Crosby, 1820-1915)

Եթէ Աստուած խօսեցաւ քու սրտիդ, եւ դուն պատրաստ ես ձգելու այս անցաւոր աշխարհի հաճոյքները, եւ թէ պարաստ ես յանձնուելու Յիսուս Քրիստոսի եւ գալու Իրեն հաւատքով, եւ կուզես որ մեղքերդ մաքրուին Անոր Արեամբ, եւ եթէ կուզես խօսիլ մեզի այդ մասին, պիտի հաճի՞ս անցնիլ դէպի ետեւի սենեակը, հիմա': Dr. Cagan քեզ պիտի առաջնորդէ հանդարտ տեղ մը, ուր կրնանք խօսիլ այդ մասին: Կ'աղօթեմ որ գաս եւ փրկուիս պարզապէս Յիսուսի հաւատքով: Dr. Chan, հաճիս աղօթէ անոնց համար որոնք պատասխանեցին: Ամէն:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Կտակարանը Կարդալ Mr. Abel Prudhomme-ի Քարոզէն առաջ. Մարկոս 8:34-37:
Մեներգ՝ Քարոզէն Առաջ Benjamin Kincaid Griffith.
«Առէք Աշխարհը Բայց Տուէք Ինծի Քրիստոսը» (Fanny J. Crosby, 1820-1915):