Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՄԵՐԺՈՒԱԾ ԼՈՒՐԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 2 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
THE REJECTED REPORT
(SERMON NUMBER 2 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզուեցաւ Los Angeles-ի Baptist Tabernacle-ի մէջ
3 Մարտ 2013-ի՝ Տիրոջ Օրուան Առաւոտուն,
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Morning, March 3, 2013

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ» (Եսայի 53:1).


Եսայի մարգարէ կը խօսի Քրիստոսի Աւետարանչութեան մասին: Անցեալ Կիրակի ես քարոզեցի 52-րդ գլխու վերջին երեք համարներու մասին, ուր մարգարէն կը պատմէ Յիսուսի չարչարանքներուն մասին, որուն երեւոյթը «մարդու որդիներէն աւելի աւելիաւրուած էր» (Եսայի 52:14): Ասիկա պատկերն է Յիսուսին, որ մեր մեղքերուն համար, ծեծուեցաւ ու խաչուեցաւ, ապա յարութիւն առաւ մեռելներէն, Ան «պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փաառաւորուի (Եսայի 52:13): Բայց հիմայ , մարգարէն կ'ըսէ թէ քիչեր պիտի հաւատան քարոզիջին պատգամին:

Dr. Edward J. Young Հին Աւետարանի դպրագէտներէն էր, դասընկերները ու բարեկամը էր իմ նախկին պատուելիին՝ Dr. Timothy Lin-ի: Մեկնաբանելով մեր յօդուածը կ'ըսէ.

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ»)

Dr. Edward J. Young ըսաւ, թէ «այս աւելի բացագանչութիւն քան՝ հարցադրում: Անիկա բացասական պատասխան մը չէ, այլ կոչուած է ըլլալու ուշադրութիւն գրաւող պարզ հրաւէր մը աշխարհի մէջ փոքր թուով իրաւ հաւատացեալներու ... Մարգարէն՝ ներկայացուցիչը իր ժողովուրդին, կը խօսի եւ սոսկում կ'արտայայտէ, որ քիչեր կը հաւատան» (Edward J. Young Ph. D., The Book of Isaiah, William B. Eerdmans Publishing Company, 1972, հատոր 3, էջ 240).

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ»)

«Լուր» բառը կը նշանակէ «պատգամը յայտարարուած»: Լուտեր զայն թարգմանած է հետեւեալ ձեւով». «Մեր քարոզը (Young ): «Ով հաւատաց մեր քարոզչութեա՞ն» եւ զուգահեռ արտայայտութիւնը յօդուածին մէջ հետեւեալն է. «եւ Տիրրոջ բազուկը որուն՞ յայտնուեցաւ» «Տիրոջ բազուկը» արտայայտութիւն մէն է, որ կը նշանակէ Տիրոջ Զօրութիւնը: Ո՞վ հաւատաց մեր քարոզչութեա՞ն, եւ եւ Տիրրոջ բազուկը որուն՞ յայտնուեցաւ: Որու՞ն յայտնուեցաւ Քրիստոսի փրկարար ուժը

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

Այս համարը ցոյց կու տայ թէ նախ Աւետարանի քարոզչութեան պէտք է հաւատանք եւ ապա Քրիստոսի զօրութեաբ՝ դարձի գանք Աստուծոյ: Եւ տակաւին, Մարգարէի հարցադրումը ցոյց կու տայ, թէ քիչեր պիտի հաւատան եւ դարձի պիտի գան:

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

I.- Առաջին, քիչեր հաւատացին եւ դարձի եկան Քրիստոսի երկրային քարոզչութենէն

Յիսուս Ղազարոսի գերեզմանը եկաւ: Այս մարը չորս օրուայ մեռած էր Յիսուս ըսան անոնց. « Մէկդի վերցուցէք քարը» Յովհ. ( 11:39): Ղազարոսի քոյրը ուզեց կեցնել Զինք: Ըսաւ ան. «Տէր իմ, այժմ ան նեխած է քանի չորս օրէ մեղած է»: Բայց անոնք հնազանդեցան Յիսուսին եւ մէկդի դրին քարը, որ ամիս մըն է ծածկած էր գերեզմանը: առջեւ եկուրԱպա Յիսուս « պոռաց բարձր ձայնով. Ղազարոս դուրս ելիր: Եւ ան, որ մեռած էր դուրս ելաւ,կապուած ձեռքերով եւ ոտքերով, եւ դէմքին՝ անձեռոց կապուած: Յիսուս ըսաւ քակեցէք զանոնք եւ թողէք որ մեկնի: (Յովհան. 11:43-44)

«Ուստի քահանայապետները եւ փարեսիցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. Ի՞նչ ընենք, ի՞նչ պիտի ընենք, քանզի այս մարդը շատֆ հրաշքներ կ՝ընէ» (Յովհ. 11-14)

Անոնք տեսան քանի հրաշքներ Ան գործեց, եւ անոնք վախցան , որ հասարակ ժողովուրդը բոլոր՝ Անոր պիտի հետեւի փոխանակ իրենց:

«Ապա այն օրէն խորհուրդ ըրին, որ սպանեն Զայն» ( Յովհան. 11:43-53)

Քահանապետը եւ փարեսիցիները ժողովներ գումարեցին , որ տեսնեն թէ ո՞րն է լաւագոյն կերպը Յիսուսէն ձեռբազատուելու, «մեռցնելու», ըսաւ Յովհաննէս Առաքեալ:

« Եւ թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ , բայց անոնք չէին հաւատար իրեն: Որպէսզի կատարուի Եսայի Մարգարէի խօսքը՝զոր ըսաւ. «Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, եւ Տիրոջ բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ» ( Յովհան. 12:37-38)

Անոնք տեսան Զայն հրաշագործօրէն հինգ հազար հոգին կերակրելը: Անոնք տեսան բորոտները բուժելը, կոյրերու աջքերը բանալը: Անոնք տեսան սատանաներէն բաժնելը, եւ անդամալոյծին բժշկութւնը: Անոնք տեսան Անոր կեանի կոչելը այրի կնկան մեռած որդին մոռելներէն: Անոնք տաեսան ոչ միան ջուրին գինի դառնալը, նաեւ՝ լսել Զինք:

«Յիսիւս կը պտտէր բոլոր քաղաքները ու գեղերըե անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան Աւետարանը, եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերը ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ»

Եւ տակաւին, երբ մեռելներէն յարութիւն տուաւ Ղազարոսին՝ «Անոնք ժողով գումարեցին որ սպաննեն Յիսուսը» (Յովհ. 11:53)

«Եւ թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն. Որպէսզի կատարուի Եսայի մագարէի խօսքը ՝ զոր ըսաւ «Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, եւ Տիրոջ բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ» ( Յովհան. 12:37-38)

Այո՝ միայն քիչեր հաւատացին եւ ապաշխարեցին Քրիստոսի երկրային առաքելութեան ատեն շրջանին երկրի վրայ:

II. Երկրորդ, քիչեր հաւատացին եւ ապաշխարեցին Քրիստոսի առաքելութեան ատեն

Հաճեցէք բանալ Թուղթ առ Հռովմիացիգ 10:11-16: Ոտքի կայնիլ կարդալ այդ կարեւոր հատուածը:

«քանզի գիրքը կ՝ըսէ. Ամէն աով անոր որ կը հաւատայ, պիտի չամչնայ: Վասն զի խկրութիւն չկայ Հրեային եւ Յոյնին մէջտեղ, վասն զի ամէնուն Տէրը նոյնն է, առատ ամէնուն, որոնք իրեն կը կանչեն:ն Քանզի ով որ Տէրոջը անունը կանչէ պիտի փրկուի: Որեմն ի՞չպէս կանչեն անոր՝ որու չհաւատացին, կամ՝ ի՞նչպէս պիտի հաւատան, որուն վրայով չլսեցին, կամ՝ ինչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն: Կամ՝ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն եթէ չղրկուին, ինչպէս գրուած է: Ի'նչպէս գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը: Բայց ամէնը հնազանդ չեղանաւետարանին, քանզի Եսայի կ'ըսէ Տէր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»: (Հռովմ. 10:11-16)

Կրնաք նստիլ: Նկատի ունեցէք, որ գրքին այս հատուածը կ'ըսէ , 12-րդ համարի մէջ.

«Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեայի ու Յոյնի միջեւ, վասն զի ամէնուն տէրը նոյնն է, առատ ամէնուն՝ որոնք կը կանչեն Իրեն: (Հռովմ. 10:12)

Անիկա գրուած է Պօղոս Առաքեալի կողմէ գրեթէ 30 տարի վերջՅիսուսի համբառնելէն ետք դէպի երկինք: Արդարեւ Պօղոս գրեց հռոմայեցւոց գիրքը, Գործք Առաքելոցի գրքին վերջին մասերուն մէջ: Ան կը խօսէր Հրէաներու եւ Հեթանոսներուն, ուր Յիսուս յատկապէս խօսեցաւ Հրէաներուն: Պօղոս ըսաւ. Ոչ մէկ տարբերութիւն կայ Հրէաներուն եւ Յոյներուն միջեւ: Ամէն մարդ պէտք ունի Քրիստոսի: Նաեւ՝ իր ոչ -Հրեայ հոծ բազմութեան՝ Պօղոս ըսաւ այն, որ ըսաւ Յիսուս՝ մէջբերելով Եսայեայի 53:1-ի այն վկայութիւնը , թէ համեմատաբար փոքր թիւ կազմող այն հեթանոսներուն, որոնք հաւատացին- եւ կը վկայէ Եսայի 53:1-ը, ցոյց տալու, այն որ Առաքեալը ըսած էր, թէ ըստ իրականութեան, շատ մը հեթանոսներ կրնան յարաբերաբար աւելի ընդունակ ըլլալԱւետարանին քան Հրէաները: Պօղոս վկայելով Եսայիին գանգատեցաւ ցոյց տալով հետեւեալը.

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

Հեթանոսները աւելի ընդունակ էին Աւետարանին քան Հրէաները: Տակաւին, անգամ եթէ այդպէս է, բաղդատաբառ փոքր թիւ մը Հեթանոսներու հաւատաց Յիսուսին՝ Պօղոսի եւ միս Առաքեալներու

օրերուն: Մեծ յատնութիւններ եղան Առաքալներու օրերուն, ինչպէս կը տեսնենք Առաքեալներու Գործ Առաքելոս գրքին մէջ: Սակայն եւ այնպէս, այդ հզօր արթնութիւններու ժամանակ համեմատաբար շատ քիչ հեթանոսներ եկան Քրիստոսով փրկութեան: Աւետարանչութիւնը դժուար էր Հռոմէացիներու մէջ: Քրիստոս եւ Առաքեալներ քիչ ապաշխարողներ տեսան: Առաջին դարու Քրիստոնեաները որոշակի փոքրամասնութիւն էին, եւ հալածուած փոքրամասնութիւն մը: Ուստի, Յովհաննէս եւ Պօղոս նշեցին մեր յօդուածը բացատրելու համար շատերու ընդդիմութիւնը Առաքեալներու դէմ – բացատրեու , թէ ինչու՞ քարոզներ մտիկ ընողներուն մէջ շատեր դարձի չեկան:

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

Եւ ասիկա իրականութիւն է Քրիստոնէական պատմութեան մէջ: Միշտ Քիչեր եղած են, որ հաւատացած են Աւետարանին եւ իրապէս ապաշխարած են: Եւ այս մէկը տակաւին իրականութիւն կը մնայ այսօր Աշխարհիս մէջ: Ոչինչ փոխուած է , որ մեզ հասցնէ մեր վերջին կէտին:

III. Երրորդ, քիչեր կը հաւատան եւ ապաշխարած են այսօր.

Մեր ներկայ օրերուն, մենք յաճախ կը հանդիպինք Եսայեայի ողբի իրականութեան, այդ տխուր հարցադրումով.

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

Ցաւով, պէտք է ըսենք, թէ քիչեր կը հաւատան այսօր Աւետարանի քարոզչութեան, եւ քիչեր փրկուած Քրիստոսի զօրութեանբ:Անգամ մեր ամենասիրելի ազգականները կը մերժեն Քրիստոսը: Եւ ձեզմէ շատեր գիտեն թէ անոնցմէ քիչեր եկեղեցի կը բերենք, որ քարոզներ լսեն եւ ապաշխարհեն: Երեք մեկնաբանութիւններ պիտի կատարեմ այդ կապակցութեամբ.

1- Առաջին, ու՞ր Աստուածաշունջին մէջ կ'ըսուի թէ մարդոց շատերը պիտի փրկուին: Չկայ այդպիսի բան: Իրականութեան մէջ Յիսուս ճիշդ հակառակը կ'ըսէ.

«Նեղ դռնէն ներս մտէք, վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի: եւ շատուոր են անոնք որ անկէ կը մտնեն: Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն:» (Մատթէոս (7:13-14)

Քիչեր են անոնք որ պիտի գտնեն զայն: Այս իրողութիւնը միշտ պահենք մեր մտքերուն մէջ երբ մեր Աւետարանչական աշխատանքները մեր յուսացածէն աւելի քիչ արդիւնք կուտան: Ապա, երկրորդ բանը որ պիտի ուզէի ըսել հետեւեալն է

.

2- Մեր աւետարանչական նպատակակէտը հիմնուած չեն ապաշխարողներու թիւին վրայ, որ կրնայ ըլլալ մեծ կամ փոքր: Մեր նպատակը պէտք ըլլայ հնազանդիլ Աստուծոյ: Մեր աջքերը սեւերած մնան միշտ Աստոծոյ վրայ եւ հաւատարիմ մնանք Աստոծոյ երբ աւետարանչութեան կ'երթանք եւ հնազանդինք Անոր երբ կը քարոզենք: Քրիստոս ըսաւ.

«Գացէք երկրէ երկիր, քարոզեցէք աւետարանը իւրաքանչիւր արարածի» (Մարկ. 16:15)

Այդ է որ Քրիստոս ըսաւ մեզի որ ընենք, եւ մենք պէտք է ընենք, մարդիկ լսեն կամ ոչ, ապաշխարեն կամ ոչ: Պիտի աւետարանենք քանի որ Քրիստոս պատուիրեց, որ այդպէս ընենք: Մեր յաջողութիւնը կախեալ չէ մարդոց տուած պատասխանէն: Ոչ: Մեր յաջողութիւնը կախեալ է մեր հաւատարմութենէն դէպի Քրիստոս: Մենք պէտք է երթանք եւ աւետարանչութիւն ընենք մարդիկ հաւատան կամ ոչ: Եւ ապա, կայ երրորդ բան մը, որ կը հոսի ասկէ. Կը հաւատա՞ Քրիստոսի: Դուն ապաշխարած ես Քրիստոսով: Հաւատքո՞վ պիտի գաս Քրիստոսին,: Անգամ երբ ընտանիքէդ կամ ընկերներէդ ոչ մէկը ապաշխարած է: Պիտի փնտռե՞ս Քրիստոսը: Պիտի գաս Իրեն: Յիշէ որ Յիսուս ըսաւ.

«Ան որ կը հաւատայ եւ մկրտուած է պիտի փրկուի, բայց ան որ չի հաւատար պիտի դատապարտուի» (Մարկ. 16:16)

Պիտի գա՞ս Յիսուսին, ապաշխարե՞ս, եւ մկրտուիս, Կամ՝ պիտի ըլլաս այն մեծ բազմութեան հետ , որ կը ներժէ Փրկիչը, եւ կը կորսուի յաւիտենապէս դժոխքի բոցերուն մէջ

«Ան որ կը հաւատայ եւ մկրտուած է պիտի փրկուի, բայց ան որ չի հաւատար պիտի դատապարտուի» (Մարկ. 16:16)

Իմ աղօթքս է, որ դուն չըլլաս այդ մեծ բազմութեան մէջ, որ կը կորսուի դժոխքի մէջ, բայց դուն միանաս մեզի, մեր տեղական եկեղեւոյ մէջ եւ փրկուիս յաւիտենապէէս Յիսուսի արեամբ եւ ճշմարտութեամբ:

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») » (Եսայի 53:1):

Ըլլաս անոնցմէ որ հաւատացին եւ ապաշխարեցին: Ըլլաս այն քիչերէն , որոնք հաւատացին Աւետարանի քարոզութեան: Ըսես՝ «Այո, Յիսուս մեռար իմ մեղքերս վճարելու համար: Այո, Ան յարեաւ մեռելներէն: Այո, Իրեն կու գամ հաւատքով»: Ըլլաս այն քիչերէն, որոնց Յիսուսի բազուկները յայտնուեցան, մինջ, Փրկութիւնը կը համտեսես վստահելոս Յիսուսի, «Աստուծոյ Գարնուկը» որ վերցուց աշխարհի մեղքը» (Յովհ. 1:29)

Ըլլաս այն անձերէն, որոնք Յիսուսի կուգան Անոր թանկագին արեամբ իրենց մեղքերէն լուացուած: Թող Աստուած տայ քեզի այն շնորհքը, որ հաւատաս մեր լուրին, եւ զգաս փրկուիլդ քու մեղքերէդ, Տէր Յիսուսի Քրիստոսով:

Հաճեցէք ոտքի ելլել եւ երգել «Ես Կու գամ՝Տէր»

Ես կը լսեմ բարիգալոստի ձայնը, որ կը կանչէ զիս, Տէր, դէպի Քեզ
Մաքրելու համար զիս քու պատուական արիւնով , որ հոսեցաւ գողգոթայի վերեւ
Ես կու գամ Քեզի ով Տէր, կուգամ հիմա Քեզի
Լուայ զիս, մաքրէ զիս այն արեան մէջ, որ հոսեցաւ գողգոթայի վերեւ:

Կուգամ տկար ու հմայուած, Դուն կու տաս զօրութիւն վստահելի
Դուն լրիւ կը մաքրես զիս ծանր մեղքերս,
Քեզի կուգամ Տէր, հիմա կուգամ Քեզի
Լուայ զիս, մաքրէ զիս այն արիւնով որ հոսեցաւ գողգոթայի վերեւ:
«Ես Կու գամ՝Տէր» Lewis Hartsough. 1828-1919.

Եթէ կուզէք խօսիլ մեզի ձեր մեղքերէն մաքրուելու մասին՝ Յիսուսով, հաճեցէք հիմա երթալ հանդիսասրահի ետեւը, Dr. Cagan ձեզ պիտի առաջնորդէ հանդարտ վայր մը, ուր կրնանք զրուցել: Dr. Chan, հաճեցէք գալ եւ աղօթել անոնց համար, որոնք պատասխանեցին:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Կարդացուեցաւ Աստուածաշունջը քարոզէն առաջ Mr. Abel Prudhomme-ի կողմէ: Եսայի 52:13-53:1:
Մեներգ քարոզէն առաջ, Mr. Benjamin Kincaid Griffith-ի կողմէ:
«Փուշէ Պսակ մը» (Ira F. Stanphill, 1914-1993):


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ՄԵՐԺՈՒԾ ԼՈՒՐԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 2 ԵՍԱՅԻ 53)

«Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տիրոջը բազուկը որու՞ յայտնուեցաւ») (Եսայի 53:1)

(Եսայի 52:14,3)

I-Առաջին, Քիչեր հաւատացին եւ ապաշխարեցին Քրիստոսի երկրային քարոզութենէն, Յովհ. 11:39, 43, 44, 47,53 12:37-38, Մատթ. 9:35

II-Երկրորդ, Քիչեր հաւատացին եւ ապաշխարեցին Առաքեալներու օրով : (Հռոմ. 10:11-16)

III-Երրորդ, Քիչեր կը հաւատան եւ կ' ապաշխարե այսօր:
Մատթէոս 7:13-14, Մարկոս 16:15,16, ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:29