Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված
հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։
Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։
Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅԻՆ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆ ՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ(Քարոզ թիւ 1 Եսայեայ 53-րդ Գլուխ) ՔԱՐՈԶԻՉ՝ ՏՈՔԹ. Ր. Լ. ՀԱՅՄԸՐԶ Այս քարոզը տրոեցաւ Լոս Անճելըսի Մկրտչական Եկեղեցուոյ մէջ, Կիրակի 24 Փետրուարի առաւօտուն: «Ահա' իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ, եւ պիտի մեծնայ ու բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորի: Ինչպէս շատեր անոր վրայ ապշեցան, Անոր երեսին մարդու երեսէն, ու կերպարանքին մարդու որդիներէն աւելի աւրուած ըլլալու համար): Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, թագաւորները անոր առչեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն, Վասնզի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան» ( Եսայեայ 52-րդ գլուխ 13-15): |
Կը խնդրենք որ բաց պահէք Աւետարանի այս համարը: Այս համարները պէտք է որ 53-րդ գլխու մէջ ըլլան փոխան 52-րդի, համաձայն Տօքթ. Ճօն Ճիլլի, ինչպէս նաեւ արդի մեկնաբաններու մեծամասնութեան, (Ֆրանք Ի-իի, Կապէլինի, Տ.Տ.ի, Աստուածաշունջի Մեկնաբանութիւններուն Հրատարակիչներու, Regency Reference Library-ի, 1986, հատոր 6,էջ 300)
Լրիւ հատուածը 13-րդ համարէն մինչեւ 53-րդ գլխու 12-րդ համարը , կը վերաբերի «Աստուծոյ Ծառային Չարչարանքին», ըստ Մաթիու Հանրիի:
Այս Մարգարէութիւնը որ կ'սկսի հոս եւ կը շարունակուի մինչեւ յաջորդ գլխու աւարտը, ուղղակի կը մատնանշէ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսը: Անցեալին հրեաները ճանչցան զայն իբրեւ Մեսիա, թէպետ արդի րաբբիները ցաւով ուրացան զայն...սակայն Փիլիպոս, որ այդ ժամանակ քարոզեց Քրիստոսի մասին վէճի նիւթ յառաջացաւ հետեւեալը կըսէ մարգարէն Քրիստոսի մասին եւ ոչ այլ ուրիշին մասին,համաձայն Առակաց Գրկի 8-րդ գլխու 34-րդ համարին. «Երանի այն մարդուն որ ինծի մտիկ կ'ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ, եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ: Վասնզի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ, Ու Տիրոջմէ շնորհք կը ստանայ» (Մաթիու Հանրիի Աւետարանի ամբողջական Մեկնաբանութեան, Հանրիքսըն հրատարակչութեան, 1996-ի վերահրատարակուած, հատոր 4, էջ 235):
Անցեալին հրեայ Թարկուն կ'ըսէ, թէ անիկա կը վերաբերի Մեսիային, ինչպէս ըսին անցեալի ժամանակներու րաբբիները՝ Ապեն Էզրա եւ Ալշեք, (Ճօն Ճիլլ, Տ. Տ., Հին Կտակարանի մեկնաբանութիւն, The Baptist Standard Bearer, վերահրատարակուած 1989, հատոր I, էջ 309)
Նոյնպէս, Քրիստոնեայ մեկնաբաններ պատմութեան ընդմէջէն, այս հատուածը կը նկատեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարգարէութիւնը: Սբիւրժոն ըսաւ. Ինչպէս ուրիշ բան կրնային
ընել անոնք Արդեօ՞ք մարգարէն որու կ'ակնարկէր Եթէ Նազարէթ քաղաքի անձը, Աստուծոյ Որդին, նկատելի չէ այս երեք համարներուն մէջ, անոնք նոյնքան խաւարի մէջ են որքան գիշերուայ մութը: Պահ մ'իսկ պէտք չէ ընկրկինք հաւատալու, որ իւրաքանչիւր բառ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի (C. H. Spurgeon, «Անկասկած Յաղթանակը Խաչեալին» The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, Վերահրատարակուած 1971-ին, հատոր 1x1, էջ 241)
Ինչպէս արդէն դիտել տուած էր Մաթիու Հանրի, Ֆիլիպոս Աւետարանիչը ըսած է, թէ Աստուածաշունջի այս հատուածը արդէն իսկ նախագուշակած էր Քրիստոսի չարչարանքները:
«Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսի ու ըսաւ, կ'աղաչեմ քեզի, մարգարէն որու՞ համար կ'ըսէ զայս. Իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար: Իսկ Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ, եւ գիրքին այս խօսքէն սկսելով Յիսուսը քարոզեց անոր» (Գործք Առաքելոց 8-րդ Գլուխ 34-35»:
Աւելի լաւը չենք կրնար ընել քան անցեալի Թարկունը, Րաբբին, Աւետարանիչ Փիլիպպոսը, քրիստոնեայ դարաւոր աւետարանիչներ, յօդուածի իւրաքանչիւր բառ Մեսիայի մարգարէութիւնն է, Տէր Յիսուս քրիստոսի:
I. Առաջին հերթին կը տեսնենք քրիստոսի ծառայութիւնը Աստուծոյ հանդէպ:
Հայր Աստուած ինքն է, որ կ'ըսէ այս խօսքերը13-րդ համարին մէջ.
Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի (Եսայի 52 : 13)
Աստուած կ'ըսէ մեզի նայիլ Իր «ծառային» երբ Յիսուս երկիր իջաւ:
«Ան, իր անձը ունայնացուց, ծառայի կերպարանք առնելով մարդոց նման ըլլալով, մարդոց կերպարանք առնելով՝ նման ըլլալով» (Փիլիպպեցիս 2-րդ գլուխ 7-րդ համար):
իբրեւ Աստուծոյ Ծառան երկրի վրայ, Քրիստոս վերաբերուեցաւ զգուշութեամբ, գործեց իմաստութեամբ: Ամէն ինչ որ ըսաւ եւ ըրաւ իր քարոզչութեան ընթացքին երկրի վրայ, կատարեց խիստ իմաստութեամբ: Տակաւին փոքր տղայ՝ տաճառի մէջ ռաբբիներ կը զարմանային անոր իմաստութեան վրայ: Յետագային, փարիսեցիները եւ մաքսանեքները չէին կրնար պատասխանել իրեն, եւ հռովմէացի կառավարիչ Պիղատոսի բերանը կը փակուէր երբ Ան կը խօսէր:
Եւ մեր համարը Աստուծոյ Ծառային մասին հետեւեալը կ'ըսէ.
«Ահա ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ , եւ պիտի մեծնայ ու խիստ պիտի փառաւորուի»:
Արդի անգլերէնի մէջ բառերը կրնան թարգմանուիլ որպէս «ոգեւորել», «բարձրացնել» եւ խիստ փառաւորել իմաստով: Տոքթ. Էտուարտ Ժ. Եանկ դիտել տուաւ, որ անկարելի է կարդալ այս բառերը առանց նախապէս յիշելու Քրիստոսի փառաբանութիւնը, որ արձանագրուած է Փիլիպեցիսի մէջ, էջ 2 : 9 -11 եւ Գործք Առաքելոց 2 : 33» (Էտուարտ Ժ. Եանկ, Եսայեայի գիրքը, Էրտմանզ-Eerdmans, 1972, հատոր 3, էջ 336)
« Ասոր համար Աստուած զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ, որ ամէնէն վեր է» (Փիլիպպեցիս 2-9)
«Այս Յիսուսը Աստուած յարուց, «որու մենք ամէնս ալ վկայ ենք: Ուստի Աստուծոյ աջ ձեռքով բարձրանալով, Հոգւոյն Սրբոյ խօստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց, զոր դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք» (Գործք Առաքելոց 2: 32-33)
«Ահա' իմ ծառաս պիտի գործէ զգուշութեամբ, պիտի գովաբանուի եւ փառաւորուի եւ շատ պիտի բարձրանայ» (Եսայի 52 : 13)
Փառաւորուիլ - «բարձրանալ» - Խիստ բարձրանալ - «խիստ փառաւորուիլ:» Ահաւասիկ բառեր, որցոյց կու տան Քրիստոսի բարձրացման աստիճանները: Ան մեռած էր յարութիւն առաւ: Ան երկինք բարձրացաւ Իր համբարձմա'մբ: Այժմ ան նստած է Աստուծոյ աջ ձեռքին կողմը Արքայութեան մէջ: Ամէ'ն:
Յարութիւն առաւ երբ մեռած էր
«Վերջացած էր,» այդ Իր լացն էր
Այժմ երկինքի մէջ խիստ կը փառաւորուի
Ալէլուա՝ այս ինչ Փրկիչ է
(«Ալէլուա, այս ինչ Փրկի'չ է» գրեց Philip P. Bliss, 1838-1876):
«Ահա' իմ ծառաս պիտի գործէ զգուշութեամբ, պիտի գովաբանուի եւ փառաւորուի եւ շատ պիտի բարձրանայ» (Եսայի 52 : 13)
Յիսուս՝ է, եւ յաւիտեանս պիտի ըլլայ Հայր Աստուծոյ Ծառան-Որդին Աստուած-որ մեռած էր յարութիւն առաւ, համբարձաւ Երկինք նստաւ Աստուծոյ աջ ձեռքին կողմը՝ Ալէլուա' Այս ինչ Փրկիչ է:
II. Երկրորդ հերթին, մենք կը տեսնենք Քրիստոսի զոհաբերումը մեղքի համար:
Կը խնդրենք որ բարձրաձայն կարդաք համար 14-ը:
«Շատեր զարմացան իր վրայ. Իր դէմքը աւելի քան որեւէ մարդու դէմքէն աւելի այլանդակուած էր, եւ իր կերպարանքը՝ որեւէ մարդու զաւակներուն կերպարանքէն» (Եսայեայ 52 : 14)
Dr. Young ըսաւ, թէ բոլոր անոնք որ տեսան «ծառային դէմքին այլանդակուածութիւնը, վախցան եւ զարհուրեցան...: Իր դէմքին այլանդակութիւնը այնքան մեծ էր, որ շատ երկար չտեսնուեցաւ իբրեւ մարդ արարած...իր կերպարանքը այնքան տարբեր էր, որ չէր նմաներ մարդու կերպարանքին: Ասիկա , ծայրագոյն աստիճանի դժուար էր ըսել թէ որքան խորունկ էր իր տառապանքը» (ibid., pp. 337-338):
Քրիստոս վայրագօրէն դէմքի այլանդակութիւն ունեցաւ իր տառապանքի ընթացքին: Նախընթաց Գիշերը Ան խաչուած էր: Ան «հոգեվարքի մէջ էր»:
«Եւ իր քրտինքը նման էր գէտին, վար ինկող արեան մեծ կաթիլներու» (Ղուկաս 22:44)
Ասիկա պատահած էր առաջ որ անոնք ձեռբակալեն Զինք: Կեցեմանիէն ներս մթութիւն էր, քու մեղքիդ դատաւարութիւնը ինկած էր Քրիստոսի վրայ: Երբ զինուորները եկան ձեռբակալելու համար Զինք՝ Ան արդէն իսկ արիւնլուայ քրտինք թափել սկսած էր:
Ապա բռնեցին Զինք, հարուածեցին Իր դէմքը: Ուրիշ տեղ մը Եսայի մարգարէ կ'ըսէ մեզի, թէ ինչ ըսաւ չարչարուող Ծառան,
«Իմ կռնակս՝ զարնողներուն, եւ այտերս՝ փետողներուն տուի, Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի, » (Եսայի 50: 6)
Ղուկաս ըսաւ. «անոնք հարուածեցին երեսը» (Luke 22:64): Mark (Մարկոս) ըսաւ թէ Pilate (Պիւղատոս) «ծաղրեց զինք»: (Mark 15:15), ըսաւ John (Յւհաննէս).
«Այն ատեն-Պիւղատոս ծեծեց Յիսուսը: Զինուորներն ալ փուշերով հիւսուած պսակ դրին Անոր գլուխը, եւ ծիրանի հագուստ հագցուցին, ու կ'ըսէին. Ոշջոյն քեզ, Հրէից Թագաւոր .եւ իրենց ձեռքերով կ'ապտակէին զինք» (Յովհաննու 19:1-3)
Ապա անոնք ձեռքերն ու ոտքերը քամեցին խաչին վրայ: Ինչպէս Dr. Young ըսաւ,«Անոր կերպարանքը այնքան այլանդակած էր, որ ալ մարդու չէր նմաներ» (ibid., 338):
«Շատեր զարմացան իր վրայ. Իր դէմքը աւելի քան որեւէ մարդու դէմքէն այլանդակուած էր, եւ իր կերպարանքը՝ նոյնպէս, որեւէ մարդու զաւակներուն կերպարանքէն» (Եսայի 52 : 14)
Արդի գծագրութիւններէն շատերը նոյն ճշգրտութիւնը չունին Mel Gibson-ի «The Passion of the Christ» ի մէջ եղած պատկերացումին, որ Յիսուս ունէր զինք մտրակուելէն, ծեծուելէն ու խաչուելէն ետք:
Աստուածաշունջի Scofield-ի ուսումնասիրութիւնը այս համարի մասին կ'ըսէ. Գրաւոր թարգմանութիւնը սարսափելի է: Մարդկային տեսքը այնքան այլանդակած էր, որ մարդու զաւկի կերպարանք չունէր – մարդկային չէր- Վայրաքութիւնները նկարագրուած են Մաթէոսի Աւետարանին համար 26-ին մէջ
Վիրաւորող փուշերէն խոցուած քունքերէն
Արիւնը կը վազէր բոլոր կողմերէն,
Ու խարազանուած կռնակի ցաւերէն
Իր սիրտը արցունք կուլար:
Մարմինը մերկ քամեցին անիծեալ փայտին,
Ու ցուցադրեցին երկրի ու երկինքի,
Ցուցադրութիւն՝ վէրքերու եւ արեան,
Տխուր հանդէս մը վիրաւոր սիրոյ:
(“His Passion” by Joseph Hart, 1712-1768;
to the tune of “‘Tis Midnight, and on Olive’s Brow”).
Եւ ինչու՞, սիրելի Փրկիչ, ըսէ ինծի ինչու՞,
Ինչու՞ այս արիւնոտ տառապանքը,
Ինչն էր ծրագիրը այդ տառապանքիդ,
Որով ցոյց տուիդ մարդու հանդէպ ունեցած սէրդ:
(“Gethsemane, the Olive-Press!” by Joseph Hart, 1712-1768;
to the tune of “‘Tis Midnight, and on Olive’s Brow”).
ԻՆչու՞, Տէր Փրկիչ, ըսէ ինծի ինչու՞ երեւոյթը այնքան վատ էր աւելի քան որեւէ մարդու կերպարանքէն, եւ այդ ձեւը որեւէ մարդու զաւկի ձեւէն՞: Պատասխանը կը տրուի գլուխ 53 համար 12-ի վերջաւորութեան: «Շատերուն մեղքը վերցուց» (Եսայի 53: 12) Ասիքա Քրիստոսի զոհողութիւնն է քու մեղքերուդ համար - Յիսուս չարչարուեցաւ եւ մեռաւ քու մեղքերուդ համար, քու փոխարէդ – Խաչի վրայ: Ասոր մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի ծառայութիւնը առ ի Աստուած: Կը տեսնենք Քրիստոսի զոհողութիւնը վճարելու համար քու մեղքիդ պատիժը:
III. Երրորդ, մենք կը տեսնենք Քրիստոսի փրկութիւնը.
Կը խնդրենք որ ոտքի կայնիք եւ կարդաք Եսայի 52 : 15 համարը, բարձրաձայն:
«Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, Թագաւորներ անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն Վասն զի իրենց պատմուածը պիտի տեսնեն, Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան: (52 : 15)
Կրնաք նստիլ: Dr. Young ըսաւ, թէ հոս, այս հատուածին մէջ, զոհողութիւնը եւ չարչարանքը Քրիստոսի բացատրուած եւ գործադրուած է:
Մարգարէն կը բացատրե թէ ինչու՞ Քրիստոս խաչուեցաւ: Ուստի... իր դէմքի այլանդակուած այս կացութեան մէջ «պիտի իմանան բազմաթիւ ազգեր» Այն մէկը որ դէմքի այլանդակութիւն ունեցաւ, ծառան՝ ունեցաւ ուրիշներուն համար, անով Ան կատարեց մաքուր արարողութիւն: Իր դէմքին այլանդակութիւնը (Իր տառապանքին մէջ) պայմանն էր մաքրելու համար ագերը: «Ան պիտի սռսկէ» բառը՝ կենթադրէ մաքուր ջուրի ու արեան սփռումը : Քրիստոսի աշխատանքին նպատակն է մաքրութիւն եւ քաւութիւն բերել ազգերուն...ինք, իբրեւ հովիւ ջուր ու արիւն տալով քաւութիւն բերաւ բազմաբիւ ազգերու: Անիկա կ'ընէ ասիկա իբրեւ տարապեալ՝ չարչարուեցաւ զինք ձեռբակալողներուն քաւութեան եւ վերաբերմունքի փոփոխութեան սիրոյն: (ibid.,.338-339):
Այս մարգարէութեան ճշգրիտ կատարման մէջ, քրիստոսի կեանքի քարոզչութիւնը կտրեց կապերը մովսիսականութեան հետ (հրէական կրօնք) եւ դարձաւ տիեզերական կրօնք: Առաջին դարու սկիզբէն սկսեալ «բազմաբիւ ազգեր» ընդունեցեցին Աւետարանը, մարդիկ աշխարհով մէկ վերստին մաքրուեցան քրիստոսի արեամբ, փրկութիւն բերաւ անոնց Յիսուս Քրիստոս, յառաջացնելով, ինչպէս Dr. Young ըսաւ, «հիմնական փոփոխութիւն անոնց վերաբերմունքի մէջ, որոնք ապաւինեցան Անոր»: Այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր աշխարհի մարդիկը փրկուեցան, մինջ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ երկրի վրայ: Անոնք որոնք գի փրկուցան, գոնէ փակեցին իրենց բերանները, դարձան անուանական քրիստոնեանէր, չի խօսելով Անոր դէմ: Անգամ այս օրերուն, Էլիզաէթ Երկրորդ Թագուհին, փակեց իր բերանը «Անոր մասին»: Լռութեամբ խոնարհեցաւ Անոր առջեւ Westminster Abbey ի մէջ, Սրբ. Ծննդեան արարողութիններու ընթացքին: Շատ մը ուրիշ միապետեր Արեւմտեան աշխարհէն ներս, նաեւ Արեւելքի մէջ, ցուցադրական պատիւներ կ'ընծայեն Անոր , եւ անոնցմէ շատեր, ինչպէս Վիքթորիա Թագուհին, աւելին ըրին Անոր ցոյց տրուած ձեւական յարգանքէն: Անշուշտ, այդպէս ըրաւ Constantine Կայսրը Քրիստոնէութեան առաջին տարիներուն, եւ նոյնը ըրին բազմաթիւ ուրիշներ:
«Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան»: (Եսայի 52:15)
Ինչպէս հոս նախապէս ըսած էր մարգարէն, Քրիստոսի կեանքի պատմութիւնը (gospel of the Christ) տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:
«Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ» (Եսայի 52:15)
Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու Նախագահը, անունով քրիստոնեայ մը միայն, առիթներով իր գլուխը խոնարհեցուց եկեղեցւոյ մէջ եւ «իր բերանը գոցեց Անոր առջեւ:
Բայց պիտի ըսեմ, թէ այս հրաշալի նախատեսութիւնը շատ չ'անդրադառնար Եւրոպայի, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի վրայ: Արեւմունքի մէջ եկեղեցիներու միջեւ առկայ շփոթը եւ կռիւը, Աւետարանի վրայ ազատախոհներու (liberal) յարձակումնհրը, ֆիննիներու կողմէ Քրիստոսի կեանքի մասին կատարած խեղաթիւրումները եւ այլազան ձեւի «Որոշողապաշտ» (decisionism) արդի կեդրոնախոյս մեթոտական հետեւորդներու պայքարը, եկեղեցիներու տկարացման պատճառ դարձան: Այնուամենանիւ, Երրորդ Աշխարհի ու Արեւմտեան շրջանի տկարացած եկեղեցիները կը ծաղկին: Մեր սրտերը կ'ուրախանան երբ կը կարդանք Չինաստանի, Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ, Հնդկաստանի եւ աշխարհի այլ մասերու հասարակ ժողովուրդներու մասին տեղեկագրութիւնները, որոնք այսօր կը ծաղկին եկեղեցիներու մէջ հեղեղող քարոզներու շնորհիւ: Այո, անոնք յաճախ կը հալածուին, բայց ինչպէս Tertullian ըսաւ երկրորդ դարուն, «մարտիրոսներու արիւնը եկեղեցւոյ սերմն է:» Եւ այս ճշմարտութիւն է Երորդ Աշխարհի երկիրներու համար: Մինջ Ամերիկան եւ Արեւելքը ընդհանրապէս կը հեռանան իրենց քրիստոնէական հաւատքէն եւ կը ձուլուին մարդասիրական, յոռետես իմացական շփոթի մէջ, ինչպէս նախատեսեց Spurgeon:
Քրիստոս փրկութիւն պիտի բերէ ոչ միայն հրէաներուն, այլ Հեթանոս բոլորազգութիւններուն, ամէնուր ... Բոլոր անոնք, որոնք պիտի իմանան այս, եւ պիտի հաւատան Անոր՝ փրկութիւն պիտի գտնեն:
Spurgeon-ի «մարգարէական» պատգամը, աւելի ճշմարիտ է այսօր, քան երբ ըսաւ այս խօսքերը, աւելի քան հարիւր տարի առաջ: Եւ ուրախ ենք, որ այդպէս է: Ամէ'ն:
Այս խօստումը տակաւին իր լռումը չունեցաւ ամբողջութեամբ: Բայց պիտի ունենայ, ինչպէս Տիրոջ բերնով խօսեցաւ Եսայի Մարգարէն:
«Ու քու լոյսիդ ազգեր պիտի գան» (Եսայի 60:3):
«Ազգերու հարստութիւնը քեզի պիտի գայ»: (Եսայի 60:5):
«Ահա ' ոմանք հեռուէն, Եւ ահա ոմանք հիւսիսէն ու արեւմուտքէն, Եւ ոմանք Սինէացւոց երկրէն պիտի գան»: (49:12):
James Hudson Taylor, վաղաժամ միսիոնար մը Չինաստանի մէջ, ըսաւ թէ «Սինէն» Չինական երկիր էր, ինչպէս The Scofield Bible-ը՝ Եսայիի կողմէ դիտել տրուած (49:12): Ինչպէ՞ս կրնանք համաձայն չըլլալ Taylor-ի եւ Scofield-ի գրածին, երբ կը տեսնենք այդ կը պատահի այսօր Չինաստանի մէջ, մեր աջքերուն առջեւ : Հաստատ, Հազարաւորներ Քրիստոնեայ կը դառնան ամէն ժամ, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ, եւ շատեր հեռու են իրենց երկրէն, որուն համար ուրախ ենք:
Ինչպէս Ամերիկա մարդասպան կը հանդիսանայ ամէն օր սպանելով երեք հազար անօգնական երեխաներ, եւ հոս հազարաւոր եկեղեցիներ կը փակուին՝ այդ հեռաւոր ափերուն, Քրիստոսի գործը կ'ընդաձակի, եւ կը յաղթանակէ: Աստուած անոնց կը շնորհէ շատ աւելի դարձի եկողներ: Աստուած կը շնորհէ մարդիկ, որոնք կ'ընդունին Քրիստոսը, յօժարաբար կը տառապին Անոր անուան համար՝ շուտով պիտի փառաւորուին ազգերու մէջ, Անոր Կրկրորդ Գալստեան:
Բայց ես հարց կուտամ ձեզի այս առաւօտ, «Կ'ընդունի՞ք Քրիստոսը: Հաւատքով կը նայի՞ք Իրեն, որ այնքան տառապեցաւ աւելի քան որեւէ մարդէ, վճարելու համար պատիժը անոր մեղքերուն – այո՞: Իր Արիւնը մաղե՞ց անոր մեղքեդուն վրայ, որոնք արձանագրուած են
Աստուծոյ գրքին մէջ, Երկինքէն ներս: Մաքուր մը լուացուեցա՞ր Արեամբ Աստուծոյ Գառնակին, որ հեռացուց աշխարհիկ մեղքը: Եւ եթէ ոչ՝ պիտի ուզե՞ս փակել բերանդ Անոր ներկայութեան եւ ծնրադրես Քրոստոսի առջեւ , եւ ընդունիս Զինք իբրեւ քու Տէր Աստուածդ եւ Փրկիչդ: Եւ կ'ընես այդ, հիմա':
Կը խնդրեմ, ոտքի կանգնիր եւ երգէ ձեռքի թութիդ վրայի գրուած երգը.
Մարդու մեղքի մեծ ծանրութիւնը Փրկչին ուսերուն էր:
Վիշտը որպէս պատմուճան: Ան մեղաւորնեդուն համար խաչուեցաւ,
Մեղաւորնեդուն համար խաչուեցաւ,
Մահուան ահաւոր հոգէվարքին մէջ, Ան լացաւ, Ան աղօթեց ինծի համար
Սիրեց եւ գրկեց իմ մեղաւոր հոգիս երբ խաչուեցաւ ծառին վրայ:
Երբ խաչուեցաւ ծառին վրայ:
Ո~հ ապշեցուցիչ սէր՝ Սէր անհասելի, մարդկային լեզուի.
Սէր՝որ նման է անվերչանի երգի մը:
Անվերջանալի երքի մը:
(«Սէր տագնապի մէջ» գրեց William Williams, 1759,
Մրմունչով՝ Majestic Sweetness Sits Enthroned»):
Եթէ կուզէք խօսիլ մեր հետ Քրիստոսի մասին եւ քրիստոնեայ դառնալ, դարձէք ետ դէպի լսարան, հիմա': Dr, Cagan ձեզ պիտի տանի հանդարտ տեղ մը, ուր կրնանք խօսիլ: Կը խնդրենք հիմա գացէք Dr, Cagan կը խնդրենք առաջնորդել մեզ աղօթելուանոնց համար, որոնք պատասխանեցին: Ամէն:
(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:
You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.
Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:
Աստուածաշունջը կարդացէք Mr. Abel Prudhomme-ի Քարոզէն առաջ. Մաթէոսի Աւետարան 27-5-26-36:
Մեներգ Նախքան քարոզը՝ Mr. Benjamin Kincaid Griffith-ի կատարողութեամբ
«Love in Agony» (William Williams-ի)
Մրմունչով՝ Majestic Sweetness Sits Enthroned»):
ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅԻՆ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 1 ԵՍԱՅԷ 53 ՔԱՐՈԶԻՉ՝ ՏՈՔԹ. Ր. Լ. ՀԱՅՄԸՐԶ «Ահաւասիկ, իմ ծառաս պիտի գործէ զգուշութեամբ, ան պիտի գովաբանուի եւ փառաւորուի, եւ պիտի շատ բարձրանայ: Շատեր ապշեցան: Իր դէմքը այլանդակած էր, աւելի քան որեւէ մէկէն, եւ իր մարմինը՝ մարդու զաւակներէն: Ուստի ան պիտի լուսաւորէ (sprinkle) բազմաթիւ ազգեր. Թագաւորնեն պիտի գոցեն իրենց բերանները Անոր առջեւ. Այդ պատճառաւ իրենց չ'սուեցաւ այն ինչ որ պիտի տեսնեն..եւ այն մասին որ պիտի լսեն» (Եսայի 52:13:15): (Համարներ. 8:34-35) I. Առաջին, մենք կը տեսնենք Քրիստոսի ծառայութիւնները առ ի II. Երկրորդ՝ մենք կը տեսնենք Քրիստոսի զոհաբերումը (sacrifice) III. Երրորդ՝ Մենք կը տեսնենք Քրիստոսի փրկութեան |